Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«1489» Ժապաւէնը. Թիւերէն Անդին` Մարդկային Պատմութիւն Մը

Սեպտեմբեր 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ

Շողակաթը` կանգնած եղբօր լուսանկարին առջեւ (տեսարան` ժապաւէնէն, առուած` Verzio փառատօնի կայքէն)

Պատերազմներէ ետք անհետացած զինուորները յաճախ կը վերածուին սոսկ վիճակագրութեան` անանուն թիւերու: Բեմադրիչ Շողակաթ Վարդանեանի անդրանիկ վաւերագրական ժապաւէնը` «1489»-ը, կը խորտակէ այս անմարդկային իրականութիւնը` թիւը վերածելով անունի, կեանքի եւ կորուստի վրայ խոր խոկումի մը, որ կ՛անցնի սահմաններէն ու հակամարտութիւններէն անդին:

Ժապաւէնին վերնագիրը կը վերաբերի այն անանուն թիւին, որ տրուած էր բեմադրիչին եղբօրը` Սողոմոն Վարդանեանի չնոյնականացուած մարմինին: Սողոմոնը` 21-ամեայ երաժշտութեան ուսանող մը, անհետացած էր 2020-ի արցախեան պատերազմի ընթացքին: Յաջորդող եօթանասունվեց վայրկեաններուն կը հետեւինք ընտանիքի մը հոգեմաշ ճանապարհորդութեան` դէպի անորոշութեան ու կորուստի խորունկ ընկալումին, որ արուեստի գործ մը կը դարձնէ այս ժապաւէնը:

Երբ զինուորները կը նահատակուին կամ անհետ կը կորսուին, անոնք յաճախ կը վերածուին անանուն թիւերու` պաշտօնական տեղեկագիրներու մէջ: Սակայն իւրաքանչիւր թիւի ետին կայ մարդ մը, որ սրտաբեկ կը ձգէ իր ընտանիքի անդամները: Այս հիմնական ճշմարտութիւնը կը հաստատէ Վարդանեանի աներեր վաւերագրական ժապաւէնը, որ ամբողջութեամբ նկարահանուած է իր բջիջային հեռաձայնով` երկու տարիներու ընթացքին: Ժապաւէնին զօրութիւնը կը բխի անոր անկեղծ անմիջականութենէն. չկայ յղկուած գեղագիտութիւն կամ շարժապատկերային ձեւամոլութիւններ` հանդիսատեսը ընտանիքի վիշտէն հեռու պահելու համար: Փոխարէնը` մեզ կը հրաւիրեն ականատես դառնալու ուղղակիօրէն անոնց ամէնէն խոցելի պահերուն:

Ժապաւէնը կը սկսի հօր` Կամոյի կերպարով. քանդակագործ մը, որ կը համեմատէ իր զաւակն ու պատերազմի դիմաց կանգնած այլ երիտասարդները` իր գործիքներուն հետ: Ան յուզիչ կերպով կը նկատէ, որ չես կրնար փափուկ քարերու համար նախատեսուած նուրբ գործիքներ օգտագործել կրանիթի նման կարծր քարեր մշակելու համար. փոխաբերութիւն մը, թէ ինչպէս երիտասարդ, անպատրաստ տղաք, ինչպէս Սողոմոնը, նետուեցան պատերազմի դաժան մեքենային մէջ: Այս գեղարուեստական զգայնութիւնը կը տարածուի ժապաւէնին մէջ, երբ Կամոն կը մշակէ իր վիշտը արուեստի միջոցով` շրջապատուած իր գործերով եւ մերկ պատերու վրայ նկարներով:

Ժապաւէնին ամենազօրաւոր տեսարաններէն մէկը ցոյց կու տայ Շողակաթը` խուզուած մազերով ու գրեթէ ճաղատ գլուխով, կանգնած եղբօր լուսանկարին առջեւ. անոնց նմանութիւնը ցնցիչ ու միտումնաւոր է: Այս տեսողական կերպարանափոխութիւնը կը դառնայ լուռ գործողութիւն մը` համերաշխութեան եւ կապի` իր անհետացած եղբօր հետ: Ժապաւէնի ընթացքին հաւատքը կը մնայ ընտանիքին համար մնայուն խարիսխ մը. աղօթքը միահիւսուած է պատասխաններու անոնց որոնումին հետ:

Փնտռտուքի սկզբնական շրջանին Շողակաթը կը յանդիմանէ հայրը` Սողոմոնին մասին անցեալ ժամանակով խօսելուն համար: Անոր պատասխանը, թէ ատիկա կու գայ վախի զգացումէն, կը բռնէ վշտի հոգեբանական բարդութիւնը` անորոշութեան մէջ կախուած: Երբ Սողոմոնը վերադառնայ, ամէն ինչ կ՛իմաստաւորուի, կ՛ըսէ ան իր աշխատանքին մասին, բացայայտելով, թէ ինչպէ՛ս կորուստը կը խանգարէ ոչ միայն զգացումները, այլ` մարդու ամբողջ ստեղծագործական եւ հոգեւոր հիմքը:

Այն, ինչ «1489»-ը կը տարբերէ այլ պատերազմական վաւերագրական ժապաւէներէն, Վարդանեանի մերժումն է` շրջուելու ամենադժուար պահերէն: Տեսախցիկը չի վարանիր, երբ կը բախի մարմինի մասունքներու յայտնաբերման, Տի. Էն. Էյ.-ի (DNA) ստուգման գործընթացին կամ յուղարկաւորութեան նախապատրաստութիւններուն: Այնուամենայնիւ, ժապաւէնը երբեք շահագործող չի թուիր, այլ կը զգացուի որպէս անհրաժեշտ վկայութիւն եւ յիշատակ:

Այս ժապաւէնը համաշխարհային բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած է, ներառեալ` Ամսթերտամի վաւերագրական ժապաւէններու միջազգային փառատօնի (IDFA) «Լաւագոյն երկարամեթրաժ վաւերագրական ժապաւէն»-ի եւ ՖԻՊՐԵՍԻ մրցանակին, Թրիեսթի ժապաւէնի փառատօնի «Ալպ Ատրիա սինեմա» մրցանակին, Սոֆիայի միջազգային ժապաւէնի փառատօնի «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն»-ի մրցանակին եւ Լոս Անճելըսի «Տաք ԼԱ»-ի «Լաւագոյն վաւերագրական ժապաւէն»-ի մրցանակին: 2024-ին Քանատայի համայնքէն ներս Համազգային «Նուռ» ժապաւէնի փառատօնին (Pomegranate Film Festival) անիկա արժանացաւ պատուաւոր յիշատակութեան` դոկտ. Մայքըլ Ճ. Յակոբեանի անուան «Լաւագոյն երկարամեթրաժ վաւերագրական ժապաւէն»-ի մրցանակին:

«1489»-ը սովորական պատերազմական վաւերագրական ժապաւէն մը չէ: Անիկա չի տրամադրեր քաղաքական մեկնաբանութիւն, կը դիմադրէ պատումային կառուցուածքին եւ չի փորձեր բացատրել աւելի լայն հակամարտութիւնը: Փոխարէնը` ան կը հրամցնէ բանաստեղծական եւ ցաւոտ մարդկային դիմանկար մը ընտանեկան սիրոյ` աներեւակայելի անորոշութեան դիմաց: Ան կը պատկերէ ոչ միայն այն, թէ ի՛նչ կը կորսուի պատերազմին մէջ, այլ` ո՛վ:

Նոյնիսկ երբ ժապաւէնը կ՛աւարտի Սողոմոնի մասունքներու յայտնաբերումով եւ թաղումով, անիկա չի փնտռեր փակում: Փոխարէնը` ան հանդիսատեսին կու տայ միակ լուծումը, որ կրնայ. երիտասարդ մարդու մը անունը, անոր պատմութիւնը` վերատիրացած մահուան վարչարարական անանունութենէն:

Իր ընտանիքին ամէնէն հում պահերը` վշտահար, որոնող, խոցելի, բացայայտելու ընտրութեամբ, Վարդանեան նաեւ կը պատուէ զանոնք: Եւ այդպէս ընելով` ան մեզի կը յիշեցնէ, որ իւրաքանչիւր թիւի ետին կայ երազներու, ծիծաղի եւ ընդհատուած սիրոյ աշխարհ մը:

Բեմադրիչ Վարդանեանի առաջին փորձը պարզապէս անձնական ողբերգութիւն մը փաստագրելու մասին չէ, այլ պատերազմի վիճակագրութեան ետին մարդկային էութիւնը վերագրաւելու մասին է: Ինչպէս ինք ուժեղ կերպով ըսած է. «Բայց ես ուզում եմ աշխարհին ցոյց տալ, որ «1489»-ը ու այդպէս բազմաթիւ համարներ սովորական թուերի հերթականութիւն չեն, այլ` ընդհատուած կեանքի պատմութիւններ, որոնցից «1489»-ն իմ եղբօրը` Սողոմոնին է»:

Սա ժապաւէն մըն է, որ դիտելէն ետք ձեզի հետ երկար ժամանակ պիտի մնայ ոչ միայն իր ողբերգութեան պատճառով, այլ` իր անխախտ անկեղծութեան համար:

«1489»-ը հոգեհանգիստ է, դիմադրութիւն եւ յարութիւն` բոլորը միասին:

 

 

 

 

Նախորդը

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Յաջորդը

Փաշինեան Կը Միանայ Էրտողանին` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ընդդիմանալու Մէջ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?