Երէկ առաւօտ Պէյրութի թաղերը բաւական կանուխ արթնցան, ուր 2600 վազողներ կեանքով լեցուցին առաւօտեան կանուխ ժամերէն` մասնակցելու Պէյրութ մարաթոն միութեան կազմակերպած «Ռան տը սիթի» մրցումը, որ երկրորդ տարին ըլլալով յաջողութեամբ ընթացաւ:
Երկու հեռաւորութիւններու վրայ տեղի ունեցող մրցումը 10 եւ 5 քմ-ի բաժնուած էր, ուր տղոց եւ աղջկանց մրցումներ տեղի ունեցան 10 քմ-ի բաժինին մէջ, իսկ 5 քմ քաջալերական մրցումին մասնակցեցան փոքրեր, ընտանիքներ եւ բարեսիրական միութիւններու քաջալերող մասնակիցներ:
Մրցումը սկսաւ Ամիր Պաշիր թաղէն, անցնելով Ազարիյէ շրջանը, Մոհամետ Ամին մզկիթին քովէն եւ աւարտեցաւ Պէյրութի ծովեզերեայ շրջանը:
Պէյրութ Մարաթոն միութեան նախագահ Մայ Խալիլի կողքին ներկայ էին Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նաամթալլա Պեժժանի, ինչպէս նաեւ միութեան վարչական անդամներ Հասսան Ռոսթոմ եւ Հասսան Մոհիէտտին, «Վըրճըն» կայանի վարչական Մարիա Ղրայյէպ, «Ափ Հենտիքեփ» միութեան նախագահ Մոզայէն Սապպաղ, որ խօսք մըն ալ առաւ բոլոր մասնակիցները կոչելով «հերոսներ»` հպարտութեամբ խօսելով բոլոր մասնակիցներուն մասին, որոնք իրենց անձնական կարողութիւններով կրցած էին ներկայ ըլլալ` մասնակցելու այս մրցումին:
Լիբանանի քայլերգէն ետք 1 վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ սկսաւ հանդիսութիւնը` իբրեւ յարգանք արուեստագէտ Զիատ Ռահպանիի յիշատակին, որմէ ետք առաւօտեան ժամը 6:30-ին սկսաւ 10 քմ տղոց եւ աղջկանց մրցումը: Ժամը 8:00-ին սկսաւ 5 քմ քաջալերանքի մրցումը, որուն մասնակցեցան 1200 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք կառավարական դպրոցներ կ՛երթան, ներկայ էին նաեւ որբանոցներէ եւ բարեսիրական հաստատութիւններէ մասնակիցներ:
Մրցումի աւարտի վերջին 3 քմ-ը տեղի ունեցաւ «Ռոլըրզ» մեքենայի վրայ, առաջին անգամ ըլլալով, ուր աւարտի գիծին վրայ Մայ Խալիլ ընդունեց եւ մետալով շնորհաւորեց առաջին հասնող մարզիկները:
Տղոց առաջին դիրքը գրաւեց Ալի Ռիտա Քենաան (Լիբանանեան բանակ), մինչ Շարպել Սեժաան (Ինթեր Լեպանոն) եւ Մահմուտ Ապու Զէյտ (Ինթեր Լեպանոն) գրաւեցին յաջորդաբար 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը:
Աղջկանց առաջին դիրքը գրաւեց Պրիոնի Սթին (Պլու Սթարզ), մինչ Քարին Շրէյմ (Պլու Սթարզ) եւ Սերենա Հայեք (Ինթեր Լեպանոն) գրաւեցին 2-րդ եւ 3-րդ դիրքերը:
Մրցումէն ետք առաջին երեք դիրքերը գրաւող մարզիկները ստացան իրենց մրցանակները: