Ճիշդ է, որ եւրոպական ակումբները դադարի մէջ կը գտնուին` առիթ տալով ազգային խումբերուն կատարելու զտումի իրենց մրցումները, բայց «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն ըստ երեւոյթին կը տուժէ ասկէ:
Արդարեւ, Ֆրանսայի ազգային խումբի ելոյթին, Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահներ Ուսման Տեմպելէէն եւ Տեզիրէ Տուէէն ետք, մարզիչ Լուիս Էնրիքէ վիրաւորուեցաւ, երբ արկած ունեցաւ հեծանիւ վարած պահուն:
Էնրիքէ վերաբուժութեան ենթարկուեցաւ կոտրուածքի պատճառով: Նշենք, որ Տեմպելէ մօտ 6 շաբաթ հեռու կրնայ մնալ կանաչ դաշտերէն, մինչ Տուէ մօտ 1 ամիսէն կրնայ վերադառնալ:
Ազգային խումբերու մրցումներու ընթացքին վիրաւորուած են նաեւ Պարսելոնայի միջնապահ Ֆրանքի Տը Եոնկ (Նետերլանտներ) եւ յառաջապահ Լամին Եամալ (Սպանիա):


