Զաւարեան ուսանողական միութիւնը վերանորոգեց լիբանանահայ նահատակ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի ուխտը` մասնակցելով ՀՅԴ 12-րդ համահայկական բանակումին «Պիտի վերադառնանք» լոզունգով, եւ քաջ կը գիտակցի, որ հաստատօրէն դարձեալ պիտի ազատագրենք Արցախը:
Բանակումը ոչ միայն հաստատեց դաշնակցական երիտասարդին եւ ուսանողին վերադարձի կամքը դէպի Արցախ, այլ աշխարհին փաստեց, որ հայութեան մէջ կայ ուժ մը, որ երբեք չի նահանջեր, չի տկարանար, չի դադրիր պայքարելէ եւ չի յուսահատիր: Ոչ մէկ ուժ կրնայ մեր կամքը տկարացնել:
«Մահ կամ ազատութիւն» լոզունգով կերտեցինք հայրենիք, ունեցանք առաջին հանրապետութիւն եւ իրականացուցինք ազատ հայրենիքի տեսլականը: Այս հայրենիքը, որ կերտուած է նահատակութեամբ, արեամբ եւ մահով, չենք փոխարիներ կեղծ «խաղաղութեամբ»:
«Մահ կամ ազատութիւն» լոզունգով վերադարձուցինք հայուն պատիւը եւ վերջ դրինք ստրկութեան: Երբ կը հարուածեն` ըսելով, թէ այս լոզունգը ահաբեկչական է, անոնք պարզապէս կ՛անտեսեն այն սպառնալից նրբութիւնը, որ մեր հայրենիքի ազատութիւնը այսօր վտանգի մէջ է, եւ կը կեդրոնանան միայն լուծումին` մահուան վրայ: Արդ, պէտք է կեդրոնանալ ազատութեան վրայ եւ միջոցներ գտնել զայն իրականացնելու: Զիջելով թշնամիին` ո՛չ ազատութիւն կը հաստատուի, ո՛չ ալ իսկական խաղաղութիւն:
ՀՅԴ համահայկական 12-րդ բանակումը փաստ էր, որ հայ երիտասարդութեան մէջ կայ ուժ մը, որ երբեք չի խորտակուիր, եւ այդ ուժն է, որ պիտի ազատագրէ Արցախը եւ ամրապնդէ Հայաստանի ազատութիւնն ու ազգային արժէքներու գոյատեւումը: