15 յուլիս 2025-ը երկար պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ: Այդ օրուան կէսօրին Երեւանի մէջ հաւաքուած էին աշխարհի չորս ծագերէն եկած երիտասարդներ` պատրաստ, միասնաբար ապրելու այն փորձառութիւնը, որ կը կոչուի Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան երիտասարդական եւ ուսանողական համահայկական 12-րդ բանակում:
Բանակումին կարգախօսը` «Պիտի՛ վերադառնանք»-ը, միայն խօսք մը չէր. անիկա դարձած էր կեցուածք, նպատակ եւ հաւատք: Վերադարձը այստեղ քաղաքական հայեցակարգի վերածուած էր. Արցախը, պատմական հողերը, ազգային արժէքներն ու ինքնութիւնը յստակօրէն կը դառնային բանալի բառեր: Այս գաղափարը մենք ոչ միայն լսեցինք, այլ նաեւ ապրեցանք զանազան դասախօսութիւններու եւ փորձառութիւններու ընդմէջէն:
Հանքաւանի մէջ, 15-23 յուլիսին շուրջ 400 երիտասարդներ հաւաքուեցան` ներկայացնելով 17 երկիրներ: Ճիշդ այս բազմազանութիւնն էր, որ բանակումին տուաւ իր ուրոյն շունչը: Ամէն նոր ծանօթութիւն նոր դիտանկիւն մըն էր, նոր խթան եւ վերապրում մը, թէ ի՛նչ կը նշանակէ ըլլալ հայ` աշխարհի զանազան անկիւնները գտնուելով:
Հանքաւանի բնութիւնը անմիջապէս տպաւորեց իւրաքանչիւրս: Ամէն առաւօտ, երբ սենեակներէն դուրս կու գայինք, առաջին հայեացքով կը հիանայինք լեռներով եւ կանաչ դաշտերով: Արեւի շողերը բլուրներէն կը սահէին լուռ` ստեղծելով խաղաղ եւ կախարդիչ մթնոլորտ մը: Օդը զուլալ էր, իսկ թռչուններուն մեղմ երգը կը լեցնէր մեր առաւօտները: Հանքաւանի անմոռանալի այս բնութիւնը ոչ միայն հանգստացուց մեր մարմինը, այլեւ մաքրեց մեր հոգին` մեզ կրկին կապելով հայրենի հողին հետ:
Դասախօսութիւնները խորիմաստ եւ ոգեւորիչ էին: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներու եւ Հայաստանի ԱԺ պատգամաւորներու հետ ունեցած մեր հանդիպումները պարզ ուսուցողական պահեր չեղան. անոնք եղան զարթնումի պահեր: Անոնց խօսքերը մեր մտքերուն մէջ մնացին իբրեւ խարիսխներ, որոնք մեզ պիտի առաջնորդեն յառաջիկայ մեր պայքարներուն մէջ:
Սուրբ Էջմիածին Գարեգին Բ. կաթողիկոսին մեր կատարած այցելութիւնը աւելի կը խորացնէր այս ամբողջ փորձառութեան արժէքը: Իր օրհնութեամբ ան ոգեւորեց մեզ` վստահեցնելով, որ մեր ազգասիրական կամքն ու ոգին պիտի դառնան հայրենիքի ապահովութեան ամէնէն ամուր հիմքը:
Արցախին նուիրուած յատուկ օրուան մօտէն ծանօթացանք Արցախի մշակոյթին: Արցախցիները այցելեցին մեր բանակավայրը` իրենց հետ բերելով իրենց աւանդութիւնները, անուշահամ ուտեստեղէնն ու անկեղծ յուշերը` Արցախէն: Անոնց ներկայութիւնը ո՛չ միայն ջերմացուց մթնոլորտը, այլ նաեւ նոր դուռ բացաւ դէպի ճանաչումը այն կորսուած երկրի, որուն համար բոլորս յօժար ենք պայքարելու: Մեր բանակումին մեզի հետ կը գտնուէին նաեւ ծագումով արցախցի ընկերներ, որոնց հետ երբ զրուցէինք, իրենց աչքերուն մէջ զգալի էր կորուստի ցաւը` Հադրութի, Մարտունիի, Շուշիի, իրենց տուներու, դպրոցներու եւ հողին: Բայց միաժամանակ այդ զրոյցները մեզի տուին աւելի խոր հայեացք դէպի Արցախի հոգեւոր դիմագիծը: Մենք անոնցմէ սորվեցանք Մարտունիի եւ Հադրութի բարբառը` արցախեան հարազատ գունաւորումով, որ մեզի համար դարձաւ հպարտութեան արժանի ժառանգութիւն:
Խարոյկի վերջընթեր երեկոյեան Ներսիկ ու Արաբօ Իսպիրեաններու, Սամուէլ Երանեանի եւ Սուրէն Աճեմեանի երգերով բանակավայրը վերածուեցաւ ոգեղէն խրախճանքի: Ազգային եւ յեղափոխական երգերու միասնական երգեցողութիւնը գծեց վստահութեան պատկերը. այո՛, պիտի վերադառնանք, վերստին պիտի կերտենք մեր հայրենիքը:
Բանակումին օրերը արագ անցան: Իւրաքանչիւր օր իրեն հետ կը բերէր նոր փորձառութիւն` երգ, խարոյկ, խաղ, զրոյց, ընկերութիւն: Իսկ վերջին երկու օրերուն հրաժեշտի մօտեցող շունչը յուզիչ դարձուց մթնոլորտը: Բայց եւ այնպէս, աշխարհի չորս ծագերէն եկած երիտասարդները նոյն եռանդով շարունակեցին մասնակցիլ յայտագիրներուն, կարծես հրաժեշտի պահը չէր մօտենար:
Մեր միջեւ ստեղծուած կապերը աւելի լայն իմաստ ունէին, քան` պարզ ընկերութիւն մը: Անոնք մեզ միացուցին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ամուր եւ անփոփոխ գաղափարներու շուրջ: Այս բանակումը դարձաւ մեծ հարթակ մը, ուր մեր համախմբումը կը հարստանար ոչ միայն ընկերական յարաբերութիւններով, այլ նաեւ` ընդհանուր պարտաւորութեամբ եւ հայրենասիրական տեսլականով: Այսօր մեր ընկերութիւնը կը դառնայ նաեւ Դաշնակցութեան կողքին կանգնելու միասնութիւն, որ կ՛ամրապնդէ մեր հաւատքն ու կամքը` բարձր պահելու ազգային արժանապատուութիւնը եւ շարունակելու պայքարը հայրենիքին եւ անոր ազատութեան համար: Այդ միասնութիւնը մեզի կու տայ ուժ եւ վստահութիւն` նորանոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու:
Այս ութ օրերուն ընթացքին մենք ոչ միայն ծանօթացանք, զրուցեցինք եւ երգեցինք, այլ նաեւ տոգորուեցանք դաշնակցականի ոգիով: Այս բանակումը մեզի սորվեցուց, որ հայ երիտասարդ ըլլալը կը պահանջէ գիտակից ըլլալ անցեալին, ներգրաւուած ըլլալ ներկային ու պատասխանատու` ապագային նկատմամբ:
135 տարուան Դաշնակցութիւնը միշտ ալ ապացուցած է, որ իր պայքարը` ըլլայ զէնքով, խօսքով կամ մշակութային արտայայտութեամբ, մնայուն է եւ արդար: Մեզմէ իւրաքանչիւրը տուն վերադարձաւ` բեկոր մը Հայաստանէն իր մէջ ունենալով, եւ այդ բեկորը պիտի դառնայ լոյս մը, որ նոր ճամբայ ցոյց պիտի տայ յառաջիկայ սերունդներուն:
Ի վերջոյ, եթէ այս բանակումը խոր արժէք մը հասաստեց մեր մէջ, ապա այն էր, որ ոչինչ աւելի կենսական է, քան` գոյատեւել ոչ միայն իբրեւ անհատ, այլ նաեւ իբրեւ ամբողջական ազգ` ապրելով գիտակցութեամբ, յիշողութեամբ եւ պայքարի կամքով: Մենք հասկցանք, որ հայ ըլլալը պարզ ինքնութիւն մը չէ, այլ ընտրութիւն մըն է` ապրելու հաւաքական յիշողութեամբ, պատասխանատուութեամբ եւ պարտաւորութեամբ` դէպի անցեալն ու գալիքը: Այս բանակումը մեզի սորվեցուց, որ միայն միասնական ոգիով, գաղափարական հաւատքով եւ զոհողութեան պատրաստ հոգիով կարելի է դիմագրաւել այս դժուար օրերու պատնէշը: Հայ ըլլալ` կը նշանակէ գիտնալ, որ մեր ժողովուրդի ապագան իւրաքանչիւրիս ուսերուն վրայ կը դրուի: Մենք հաւաստիացանք, որ մեր սերունդը ոչ միայն յիշողութիւնն է անցեալի, այլեւ ճամբան` գալիքին, երբ միասնաբար պիտի վերադառնաք Արցախ, մեր բռնագրաւեալ հողերու ազատագրման համար, ու կատարենք այն պատմական պարտականութիւնը, որ մեզի փոխանցեցին:
Մենք պիտի վերադառնանք, որովհետեւ տակաւին տուն չունինք բոլորիս համար: