Երէկ պատմական օր էր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբին համար:
Արդարեւ, Գ. դասակարգ բարձրանալու համար 3 յաջորդական տարիներ պայքարելէ ետք, երէկ Ճիւնիի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ամալ Սալամ Զղարթայի, բարձրացաւ Գ. դասակարգ: