Լիբանանահայ համայնքը այսօր կը գտնուի մտահոգիչ կացութեան մէջ: Պատճառները ներքին են եւ արտաքին: Լիբանանի անվտանգութիւնը եւ տնտեսական, քաղաքական անորոշութիւնը էական ազդեցութիւն կ՛ունենան համայնքին կենսունակութեան եւ ապագային վրայ:
Համապատկերը կ՛արտացոլայ բոլոր համայնքներուն վրայ: Քրիստոնեայ համայնքներուն մէջ ծագած է գոյապահպանութեան մտահոգութիւն:
Արտագաղթի ուրուականը կը սպառնայ լիբանանահայութեան գոյութեան: Համայնքին բարեկեցութեան խորհրդանիշ հանդիսացող միջին խաւը կեցութեան պայքար կը մղէ այսօր:
Փաստօրէն Լիբանանի քաղաքական, տնտեսական փլուզումը եւ ապագայի անորոշութիւնը դարձած են մեր դէմ ցցուած նոր «պատերազմը»:
Համայնքը կը նօսրանայ: Կ’ապրինք քանակական եւ որակական տեղատուութիւն: Համայնքը հետզհետէ կը կորսնցնէ իր ինքնահաստատման մղումը: Մտահոգիչ կերպով եւ զանազան անարդարացի պատճառներով կ’անտեսուի լիբանանեան ազգային բեմին վրայ անոր կենսունակ եւ օգտաշատ ներկայութիւնը:
Լիբանանահայ համայնքը բնականաբար առնչուած է Հայաստանի եւ Լիբանանի քաղաքական գործընթացներուն հետ:
Համայնքը ներկայացնող քաղաքական ուժերը տարբեր դիրքորոշումներ ունին Հայաստանի եւ Լիբանանի քաղաքական իրավիճակներուն վերաբերեալ: Այս բեւեռացումը իր զգալի եւ տխուր ներազդեցութիւնը կ՛ունենայ լիբանանահայութեան ներքին յարաբերութիւններուն վրայ: Բեւեռացումը միաժամանակ կը խանգարէ ներազգային համերաշխութիւնը:
Խօսած ենք յաճախ եւ` գրած, որ անհրաժեշտ է խորքային վերարժեւորումի ենթարկել մեր ներկայի ոչ նախանձելի կացութեան պատճառները, ապա` գործնական հետեւութիւններ քաղել:
Մենք զմեզ հայելիի մէջ դիտելու խիզախութիւն ունենանք: Նայելու եւ ինքնաքննադատօրէն հարցնելու. «Ինչպէ՞ս կրնամ լիուլի կատարել իմ պարտականութիւնս` ոչ իբրեւ դիտորդ, այլ` մասնակից»: Առանց թերագնահատելու համայնքը ներկայացնող բոլոր ուժերուն, կառոյցներու ներախտաշատ աշխատանքն ու գործունէութիւնը` պէտք է գիտակցիլ, որ կացութիւնը կը պահանջէ լրջօրէն վերանայիլ մեր գործելաոճը: Ժամանակը ոչ միայն կը պահանջէ, այլ նաեւ կը հրամայէ նոր ոճով խօսիլ` իբրեւ լիբանանահայ համայնքի պատասխանատու կառոյցներ:
Այս մտահոգութիւններուն մէջ պիտի առանձնացնեմ մեր ազգային առաքելութեան սպառնացող քանի մը երեւոյթներ` հաւատալով, որ մեր հաւաքական կամքը պիտի յաղթահարէ զանոնք:
Ներքաղաքական հակամարտութիւնները կը հեռացնեն երիտասարդութիւնը: Անոնց մէջ հետզհետէ կը կորսուի համայնքի կառոյցներուն հանդէպ հաւատքը: Աստիճանաբար կը նօսրանայ համայնքին ներուժը: Ամերիկաներ եւ այլուր մեկնելու փոխարէն` երանի՜ հաստատուէին հայրենիք…
Եկէք` անկեղծ խօսինք. նոր սերունդը չի համոզուիր միայն անցեալի սխրանքներով, գաղափարական, հերոսական դրուագներով եւ քարացած բառամթերքով: Անոնք վճռական եւ ազդու փոփոխութիւններ տեսնել կը պահանջեն` ազգային, կուսակցական եւ կազմակերպչական բեմահարթակներու վրայ:
Երիտասարդութիւնը ոչ միայն նոր խօսոյթ, այլ նաեւ գործողութիւն կը սպասէ գաղութի ղեկավարութենէն: Ան չի խորշիր հաշուետուութենէ, ինքնաքննադատութենէ եւ ի վիճակի է միաւորելու` անջատելու փոխարէն: Նոր խօսոյթը պէտք է հնչէ ներսէն, յատկապէս կուսակցական շարքերէն` իբրեւ համոզիչ վերածնունդ:
Լիբանանահայութեան ապագան պայմանաւորուած է երիտասարդ սերունդը ազգային կեանքի մէջ ներգրաւելու, զայն թիկունք դարձնելու մեր պատրաստակամութենէն: Ծրագիրներ անհրաժեշտ է ստեղծել, որպէսզի երիտասարդութիւնը չհեռանայ համայնքէն, ընդհակառա՛կը, աշխուժօրէն ներգրաւուի մեր հասարակական կեանքին մէջ` ի սպաս համայնքին ներդնելով իր ուսումը եւ կարողականութիւնը: Երիտասարդներու մասնակցութեամբ մշակել կրթական եւ մշակութային ծրագիրներ, համայնքային հարցեր քննարկելու եւ ընդհանուր յայտարարներ գտնելու հարթակներ: Յանձնառու երիտասարդութիւնը ամենաոգեւորիչ երաշխիքն է լիբանանահայ համայնքի յարատեւութեան:
Վերջին տասնամեակներուն լիբանանահայութիւնը շատ յաճախ ամբաստանուած է` իբրեւ «փակ», «ինքնամեկուսացած» կամ «կեթոյի մէջ ապրող» համայնք: Այս մեղադրանքը ոչ միայն անարդար է, այլ նաեւ մեղանչում` իրականութեան առջեւ: Ան կը հարուածէ լիբանանեան խճանկարին մէջ հայ համայնքին հեղինակութիւնն ու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Յաճախ կը հնչեն մեղադրանքներ, թէ լիբանանահայութիւնը կեթոներու մէջ կը պահպանէ իր գոյութիւնը, չի շաղուիր այլ համայնքներու հետ, կը մերժէ «լիբանանցի» ըլլալ: Այսօրինակ յայտարարութիւններ չեն համապատասխաներ իրականութեան եւ քաղաքական նպատակներ կը հետապնդեն:
Լիբանանահայութիւնը` իբրեւ կարեւոր մէկ բաղադրիչը լիբանանեան հայրենիքին, միշտ գործակցած է Լիբանանի տարածքին ապրող բոլոր համայնքներուն հետ` քրիստոնեայ թէ իսլամ:
Սակայն անհրաժեշտ է սկզբունքային յստակացում մը կատարել այստեղ. «բացուիլ»` չի նշանակեր նահանջել: Բազմահամայնքային երկրի մը մէջ սրտբաց համագործակցութիւնը բարձրագոյն արժէք է, պայմանաւ որ իւրաքանչիւր համայնք պահէ իր ինքնուրոյնութիւնը, երաշխաւորուին անոր իրաւունքները: Բայց երբ այդ «բացուիլը» այլոց կողմէ կը շահագործուի մեր իրաւունքներէն զիջելու, բաժնեկցութեան մեր իրաւունքը անտեսելու, կամ իբրեւ համայնքային որոշումներէն օտարելու փորձ, այնժամ բաժնեկցութիւնը կը դառնայ անարգում: «Բացուիլ»` չի նշանակեր լիբանանահայութեան իրաւունքները սակարկել, անտեսել, կամ այլ համայնքներու մենաշնորհին ենթարկել, յատկապէս երբ խօսքը կը վերաբերի պետական պաշտօններու, խորհրդարանական ընտրութիւններու կամ համայնքային տարազով ներկայացուցչական մարմիններու մէջ մեզի վերապահուած իրաւունքներուն: Ուրիշներ պէտք չէ որոշեն լիբանանահայութեան ներկայացուցիչները: Մեր համայնքը ունի իր արժանապատիւ ներկայացուցիչները, կուսակցութիւնները, կառոյցները:
Համայնքային ախտով հիւծող երկրին մէջ, մնացեալ բոլոր համայնքներուն նման, լիբանանահայութիւնը պիտի պահպանէ իր հաւաքական շահերը: Այլ համայնքներ կամ քաղաքական հոսանքներ իրաւասութիւն չունին սահմանելու, թէ ո՛վ կը ներկայացնէ լիբանանահայութիւնը, այնպէս, ինչպէս մենք մեզի չենք արտօներ ճշդել այլ համայնքներու ներկայացուցիչները:
Այս առումով, կ՛արժէ յստակացնել.
– Լիբանանահայութիւնը համակեցութեան եւ բաժնեկցութեան հաւատացող համայնք է, բայց` ո՛չ իր իրաւունքներուն հաշուոյն:
– Հայ համայնքը միշտ եղած է լիբանանեան բազմաշերտ կեանքի հաւատարիմ բաժնեկից: Ազգային համախոհութիւնը համոզում եղած է մեզի համար: Մեզի խորթ կը մնան համայնքային իրաւունքներ ոտնակոխելու փորձերը:
– Լիբանանահայութիւնը միշտ ալ իր արժանապատիւ եւ անսակարկ մասնակցութիւնը բերած է լիբանանեան հայրենիքի ամբողջականութեան, անկախութեան, գերիշխանութեան եւ պետականութեան հզօրացման գործընթացին: Մենք կը պահանջենք, որ յարգուին եւ ըստ այնմ արժեւորուին Լիբանանի մէջ հայ համայնքին ազգային, քաղաքական, տնտեսական, ընկերային, մշակութային, կրթական եւ այլ մարզերու ներդրումները: Կը մերժենք լիբանանահայութեան իրաւասութիւններէն ներս ներթափանցելու ամէն փորձ:
Նոր ընտրական օրինագիծը (համամասնական) ոչ հայկական հոսանքներուն թոյլ կու տայ որոշելու հայ համայնքի ներկայացուցիչները: Այս օրինագիծը լուրջ սպառնալիք է հայ համայնքի ազգային ինքնութեան եւ քաղաքական ինքնավարութեան: Այսօր այս գաղութին մեծամասնութիւնը չի գիտեր իսկ, թէ որո՛նք են հայ համայնքի երեսփոխանները: 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայ համայնքին վերապահուած աթոռներուն թիւը կրնայ դարձեալ կրճատուիլ:
Այս ծանր իրավիճակին դէմ անհրաժեշտ է քաղաքական կամք եւ ռազմավարական մտածողութիւն` համախմբուիլ եւ դադրեցնել արտահամայնքային ուժերու ազդեցութիւնը, միասնաբար պաշտպանել համայնքին իրաւունքները:
Մեծագոյն սպառնալիքը ոչ թէ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնն է, այլ` հաւաքական անտարբերութիւնը եւ յուսահատութիւնը: Անհրաժեշտ է թօթափել կրաւորական այս մօտեցումը եւ համայնքի բոլոր շերտերուն մասնակցութեամբ, հաւաքաբար դիմագրաւել մեր դժուարութիւնները: Ստեղծել համատեղ ռազմավարական առաջնահերթութիւններ, բազմաշերտ աշխատանքային խումբ` շարունակական համագործակցութեան եւ ծրագիրներ իրականացնելու նպատակով: Համագործակցիլ իրաւաբաններու եւ փորձագէտներու հետ` հետեւելու եւ վերլուծելու նոր ընտրական օրինագիծը եւ քաղաքական զարգացումները:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը միշտ ալ եղած է սփիւռքահայութեան եւ լիբանանահայութեան հոգեւոր եւ մշակութային կեդրոնը: Անոր դերը յատկապէս կարեւոր է այս ճգնաժամի պայմաններուն մէջ, երբ անհրաժեշտ է համայնքին ինքնութիւնը պահպանել, համախմբել եւ ոգեշնչել փոխադարձ սիրով եւ համերաշխութեամբ: Կաթողիկոսութիւնը միշտ ալ եղած է վստահելի միջնորդ` կողմերու միջեւ երկխօսութեան ու համագործակցութեան խթանման ուղղութեամբ: Անոր դերակատարութիւնը բազմաշերտ է` հոգեւոր առաջնորդութիւն եւ միասնութեան բանալի, խաղաղութեան եւ համերաշխութեան դեսպան, կրթութեան եւ մշակոյթի հովանաւոր: Այս բոլոր գործօնները հնարաւորութիւն կու տան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` ըլլալու լիբանանահայ համայնքի վերականգնման եւ միասնականութեան գլխաւոր հիմնասիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պէտք է շարունակէ իր յառաջատար դերը` հովանաւորելով համագործակցութեան գործընթացը, համատեղ ջանքերով ապահովելու համայնքին փրկութեան ու զարգացման յուսադրող ուղին:
Անհրաժեշտ է, որ համայնքը խմբուի ընդհանուր արժէքներու շուրջ եւ նոր եռանդով դիմակալէ արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրները, այլապէս…