ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ
Վրէժ Արմէնի վերջին` «Վտանգը» խորագիրով յօդուածը, որ լոյս տեսաւ «Դրօշակ»-ի մէջ (Թիւ 7, 2025) հնչեց իբրեւ սրտաշարժ ահազանգ մը: Հեղինակը իր խոր մտահոգութիւնը կը յայտնէ հայ ժողովուրդի հաւանական փլուզումին մասին: Ան կը զգուշացնէ ազգային հաստատութիւններու քայքայման, սփիւռքեան ինքնութեան վտանգուելուն եւ համահայկական տեսլականին մարելուն մասին: Այս զգուշացումները լուրջ են, եւ շատերու սիրտը նոյնպէս կը ցաւի:
Բայց, որքան ալ ուժեղ եւ արդարացի ըլլայ այս մտահոգութիւնը, այսօրուան յետպատերազմեան ճգնաժամը պէտք չէ մեզ առաջնորդէ յուսահատութեան, կամ աւելի վտանգաւորը` անցեալամոլ արձագանգի:
Եկէ՛ք, փորձենք հասկնալ, թէ ի՛նչ հիմնաւոր մտահոգութիւններ եւ դատողութիւններ կը գտնուին Վրէժ Արմէնի սփիւռքեան հայրենասիրական արտայայտութիւններուն մէջ:
Յօդուածին մէջ կան քանի մը կարեւոր պնդումներ, որոնք կը ներկայացուին իբրեւ հաստատ ճշմարտութիւններ, բայց անոնք չեն հիմնաւորուած փաստերով կամ լուրջ վերլուծութեամբ:
Թէ` կը գտնուինք նոր եղեռնի մը նախադրան:
Եթէ իսկապէս այդպիսի սպառնալիք մը կայ, պէտք է զայն ներկայացնել զինուորական, քաղաքական կամ միջազգային լուրջ փաստարկներով: Այլապէս այս տողը միայն յուզական զգուշացում մըն է:
Թէ` ներկայ իշխանութիւնը հայկական պետականութեան քայքայման միակ պատասխանատուն է:
Անկասկած անոնք պատասխանատու են բազմաթիւ ճակատագրական սխալներու եւ կառավարման թերացումներու մէջ: Բայց այս յետպատերազմեան աղէտը միայն վերջին եօթը տարիներուն հետեւանքը չէ: Ընդհանուր ճգնաժամը մէկ ժամանակահատուածով բացատրելը միակողմանի եւ մակերեսային մօտեցում է: Հայկական պետականութիւնը եւ հայ քաղաքական միտքը ընդհանրապէս տկարացած են աւելի երկարատեւ ու խոր գործընթացի մը ընթացքին:
Թէ` հողերէն, բնակչութենէն եւ կառոյցներէն աւելի մեծ կորուստը յոյսի կորուստն է:
Յոյսը անշուշտ կենսական է, բայց առանց ուժի, ռազմավարութեան եւ ամուր կառոյցներու` անիկա չի կրնար իրական վերականգնում բերել:
Թէ` Հայ եկեղեցւոյ դիրքին նուազումը կը նշանակէ հայկական ինքնութեան վերջը:
Հայ եկեղեցին պատմական եւ հոգեւոր առանցք մըն է, եւ իրեն դէմ արշաւները ազգային վնաս կրնան պատճառել: Սակայն ազգային ինքնութիւնը բազմաթիւ սիւներու (լեզու եւ մշակոյթ, պատմական յիշողութիւն, քաղաքացիութիւն եւ այլն) վրայ կը յենի, եւ` ոչ միայն մէկ հաստատութեան:
Թէ` սփիւռքը մնացած է հաստատուն եւ օժտուած է տեսլականով, մինչդեռ Հայաստան տկարացած է:
Սփիւռքի ներքին իրողութիւնները եւս բազմակողմանի են: Շատ մը սփիւռքեան կառոյցներ տարիներէ ի վեր չեն նորոգուած եւ կորսնցուցած են իրենց` նոր սերունդներուն վրայ ներգործութիւնը:
Թէ` սփիւռքը պէտք է միշտ հայաստանակեդրոն մնայ, որպէսզի գոյատեւէ:
Այս պնդումը կը պարզեցնէ սփիւռք-Հայաստան կապը, կարծես սփիւռքի ինքնութիւնը կախեալ է Հայաստանի կեդրոնական դիրքէն: Բայց «Հայաստան» միատարր երեւոյթ մը չէ, այլ պետութիւն մըն է` իր քաղաքական դասակարգով եւ քաղաքացիական իրականութեամբ: Իսկ սփիւռքը բազմակեդրոն եւ բազմաշերտ ցանց մըն է: «Մէկ սփիւռք» ըլլալու մասին խօսիլը եւ զայն միայն հայաստանամէտ ըլլալու մղելը գործնական եւ պատմական պարզեցում մըն է:
Այս բոլոր պնդումներուն շարքը, որքան ալ զգացականօրէն ուժեղ ըլլայ կ՛արտացոլացնէ հիմնական մօտեցում մը, որ դժբախտաբար հեռու կը մնայ իրավիճակի ամբողջական ախտաճանաչումէն: Որպէսզի ըմբռնենք այսօրուան կացութեան իրական խորքը, պէտք է դուրս գանք մակերեսային վերլուծութիւններէն եւ մօտենանք արմատական հարցերուն, որոնք տարիներով խարխլեցին հայկական պետականութիւնը, քաղաքական մտածողութիւնը եւ համահայկական գործողունակութիւնը:
Ի՞նչ չէինք ըրած, երբ ժամանակ եւ հնարաւորութիւն ունէինք:
Ինչո՞ւ չկրցանք հիմնել ժամանակակից եւ կայուն պաշտպանութիւն մը` կարգապահ սպայական կազմով, ռազմավարական մտածողութեամբ եւ անխոցելի պաշտպանական գիծերով: Փոխարէնը` ընտրեցինք դիւրին ճանապարհը` մեր ապահովութիւնը վստահելով մէկ դաշնակիցի, որուն շահերը բազմաթիւ առիթներով հակասած են մերինները:
Ինչպէ՞ս փոխեցինք մեր աշխարհաքաղաքական մտածողութիւնը, երբ տարածաշրջանը փոխուեցաւ` սկսելով Ազրպէյճանի նաւթային 2000-ականի արտահանումներէն:
Ինչո՞ւ տարիներով բանակցեցանք` առանց յստակ տեսլականի մը, երբ իրավիճակը մեր կողմն էր:
Ինչո՞ւ չպատրաստեցինք աւելի կրթուած եւ օրինակելի հոգեւորականներ եւ պէտք եղած բարեփոխումները չբերինք մեր եկեղեցւոյ մէջ, մանաւանդ երբ Ազգային Եկեղեցական ժողովը հայկական պետական մարմին մը չէ:
Ինչո՞ւ «Ցեղասպանութեան ճանաչում»-ը չվերածեցինք դիւանագիտական գործուն ճնշումի մը, որ կրնար կանխել Արցախի դատարկումը:
Ինչո՞ւ տարիներով պետական մակարդակի կաշառակերութիւնը հանդուրժեցինք` առանց բարեփոխում կամ համակարգային պատասխանատուութիւն պահանջելու:
Ինչո՞ւ սփիւռքի մէջ չհիմնուեցան նոր հաստատութիւններ` հին կառոյցները վերանորոգելու կամ ժամանակակից հարցերուն համապատասխանեցնելու փոխարէն:
Չպատրաստեցինք լուրջ պետական դէմքեր, որոնք կարողութիւնը պիտի ունենային ժողովուրդ առաջնորդելու եւ պատասխանատու իշխանութիւն ստանձնելու:
Այս հարցումները չեն կրնար լուծում գտնել կարծիքային յօդուածներու կամ յուզական դիմումներու միջոցով: Անոնք կը պահանջեն` համակարգային հետազօտութիւն, տուեալներու վերլուծական աշխատանք եւ հաստատութիւններու հանգամանալից գնահատում:
Նախքան վերակառուցման գործընթացը` պէտք է ազնիւ եւ խիստ գնահատումի գործիքակազմեր ունենալ:
Աւելի՛ն. այսօրուան ազգային ճգնաժամի աղմուկին մէջ հայ քաղաքական միտքի անպատասխանատուութեան նշոյլները ոչ թէ 44-օրեայ պատերազմէն ետք «յետպատերազմեան հետաքննող յանձնախումբի մը մէջ չտեսանք», այլ կարծես, Կարսի մեր յայտնի պարտութեան պէս, ազգային յարմար ուրացման արժանացան: Ինչպէս անցեալին Կարսի պարտութիւնը իր խոր հետեւանքները ունեցաւ, այսօր ալ Արցախի ճակատին պարտութիւնը իր երկարատեւ հետեւանքները պիտի ունենայ:
Այսօր յստակութեան պէտք է, ոչ թէ ողբերգութեան` լեզուն: Ազգային իրապաշտութիւնը կը սկսի անկեղծ հարցումներէ. ո՞ւր սխալեցանք, ի՞նչ չէինք ըրած եւ ի՞նչ բանը պէտք է այլեւս երբեք չկրկնենք: Վերլուծելը եւ քննադատելը վերականգնումի առաջին քայլերն են: Բայց արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ միայն այն ատեն, երբ միտուած ըլլայ փոխելու մտածողութիւնը, բարելաւելու կառոյցները եւ առաջնորդելու ժողովուրդը ոչ թէ այսօրուան պոռոտախօսութեամբ, այլ` իսկական պատասխանատու գործակալութեամբ (agency):
Փլուզումի այս ճիշդ պահուն մեզի խորհրդանշաններ եւ կրկնուող կարգախօսներ պէտք չեն: Ժամանակն է` անցնելու զգացական արձագանգներէն դէպի նոր մտածողութիւն մը, նոր ղեկավարութիւն մը եւ լուրջ կազմակերպում մը: Վերակառուցումը կը պահանջէ ոչ միայն տեսլական, այլ` կարողութիւն եւ կատարում:
Կը յիշեմ, երբ անկախութեան օրերուն Վրէժ Արմէն այն տեսակէտը կը պաշտպանէր, որ պէտք է օգտագործել «արտերկիր» բառը` «Սփիւռք»-ի փոխարէն: Այդ օրերուն համաձայն չէի այդ համոզումին, եւ այսօր ալ չեմ համաձայնիր Վահէ Օշականի (25 տարի առաջուան) խօսքերուն` Վրէժ Արմէնի մեկնաբանութեան:
Հոս կ՛ուզեմ աւագ ընկերոջս` Միհրան Քիւրտօղլեանի խօսքերէն մէջբերել. «Նախ յստակացնենք, թէ ի՛նչ կը հասկնանք «հայաստանակեդրոն»-ութիւն ըսելով: Մեր ամբողջ կարողականութիւնը Հայաստան կեդրոնացնե՞լ, մեր ամբողջ ուշքը հայաստանեան հարցերու վրայ սեւեռել այն աստիճան, որ հայաստանեան ներքին պայքարնե՞րն ալ սփիւռք փոխադրուին, գիտնալով հանդերձ, որ ատիկա ներքին տարակարծութիւններու պիտի մատնէ սփիւռքահայութիւնը, առանց որ որեւէ ազդեցութիւն ունենայ հայրենի քաղաքական կեանքի ընթացքին վրայ… Թէ` Հայաստանակեդրոնացում ըսելով` պիտի հասկնանք գաղափարական եւ ըստ հնարաւորի գործնական ուղղուածութիւն դէպի Հայաստան, միաժամանակ սփիւռքը ունենայ իր օրակարգը եւ առաջնահերթութիւն տայ իր դիմագրաւած խնդիրներու յաղթահարման: Լաւ է, որ հպանցիկ այս հարցադրումները իրենց ներքին ծալքերով քննարկման առարկայ դառնան իրենց դրական ու ժխտական անդրադարձներով` առանց հռետորական կամ զգացական զեղումի»:
Մենք ունինք բազմաշերտ սփիւռք մը եւ փոփոխուող պետութիւն մը` Հայաստան: Պատմութիւնը մեզ կրկին ու կրկին անգամներ զգուշացուցած է. այսօրուան ազգ-պետութիւնը փխրուն է, եւ անոր կորուստը իրական վտանգ մըն է: Ժամանակն է վերակառուցելու մեր վաղեմի ներազգային խօսոյթը, ապա անցնելու պետութեան հիմնադիր կուսակցութեան պետականավայե՛լ «միացեալ Հայաստանի տեսլականի» գործունէութեան դաշտի նախնական հանգրուանին` Միասին Գործելու Հրամայականին:
Ես ո՛չ «սփիւռքահայ նէօ-օշականական» եմ, ո՛չ ալ հայաստանցի «նէօ լիպերալ». երկքաղաքացի սփիւռքահայ մըն եմ` ներգրաւուած գործնական, լուռ եւ յանձնառու աշխատանքով, ինչպէս նաեւ (երբ կարելի է)` սփիւռք-Հայաստան յարաբերութիւններով: Շուրջս կը նշմարեմ շատ ուրիշներ, մանաւանդ երիտասարդներ, որոնք նոյնպէս ներգրաւուած են: Կը տեսնեմ վերակառուցման դանդաղ, բայց կարելի ընթացքը: Յոյսս չեմ կտրած:
Ոչ թէ որովհետեւ ամէն ինչ լաւ է, այլ որովհետեւ տակաւին կարելի է շատ բան փոխել` մեր նահատակներուն վայել արժանապատիւ այլընտրանքներ կերտելով, լուրջ աշխատանքով եւ ռազմավարական կառավարումով:
Երախտապարտ եմ, որ աւագ ընկերոջս` Վրէժ Արմէնին յօդուածը մէջս բան մը արթնցուց, առիթ տուաւ ինծի խոհեր յառաջացնելու եւ մեզի իշխող «սեւ ու սպիտակ» սահմանումներէն դուրս` ուշադրութիւն դարձնելու հայկական իրականութեան մոխրագոյն ծալքերուն:
Վահէ Օշականի «Վտանգը» քառորդ դար ետք մեզ կը մղէ աւելի գիտակցիլ: Բնական էր, որ իւրաքանչիւրս իր յատուկ մօտեցումով պիտի մեկնաբանէր այս գրութիւնը: