Վերջին տարիներուն, Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ յատկանշական տարածում սկսած է գտնել «Իրական Հայաստան» կոչուող գաղափարախօսութիւնը: Ան յայտնապէս կ՛առնչուի վարչապետ Փաշինեանի եւ անոր քաղաքական շրջանակին: Ի տարբերութիւն մեր ազգային գաղափարախօսութեան, այս մէկը փիլիսոփայական եւ գործնական խոր դատարկութիւն մը կը ներկայացնէ իր ոգիով ու բովանդակութեամբ:
Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան որդեգրած «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութիւնը, իբրեւ արդիական, իրապաշտ եւ պետականամէտ մօտեցում, ոչ այլ ինչ է, եթէ ոչ ազգային յենքերը վերաձեւող քաղաքականութեան ծրագիր։ Ան կը մերժէ հայութեան պատմական յիշողութեան, հոգեւոր ժառանգութեան եւ աշխարհասփիւռ ինքնութեան բազմաշերտ իրողութիւնը։
«Իրական Հայաստան»ի գաղափարախօսութիւնը կը տարածէ այն պատկերացումը, թէ պետութիւնը պէտք է ըլլայ ոչ միայն կառավարչական համակարգ, այլ նաեւ միակ ճանաչելի եւ օրինական յենքը, որ կը որոշէ ի՛նչ է ընդունելի՝ պատմութեան, մշակոյթի, հոգեւոր եւ քաղաքականութեան ոլորտներուն մէջ, ինչը՝ ոչ։ Այսինքն՝ պատմական ճշմարտութիւնները, ազգային նպատակներն ու յիշողութիւնը այլեւս չեն հիմնուիր ժողովրդական գիտակցութեան վրայ, այլ՝ պետական հրահանգով ձեւաւորուած նոր ցուցմունքներու։
Պետական դիրքորոշումը կը դառնայ բացառիկ իրաւունք ունեցող ձայն՝ որոշելու, թէ որ պայքարը կամ յիշողութիւնը «ընդունելի» է, կամ՝ ոչ ։ Արցախի հերոսամարտը, Ցեղասպանութեան պատմական արդարութիւնը եւ Սփիւռքի ձայնը կը մղուին արհամարհանքի, մոռացութեան կամ քարոզչական «վերամշակում»ի դաշտ։ Փաստօրէն ճշմարտութեան եւ արժէքներու գնահատման միակ ուղեցոյցը պիտի ըլլայ պետութիւնը, ուրիշ ՝ ոչ ոք:
Փաշինեան յաճախ կը շեշտէ քաղաքացիին գերակայութիւնը՝ «բոլոր հայերը հայ չեն, բոլորը հաւասար են» սկզբունքով։ Սակայն այս հաւասարութեան տակ կը ջնջուի մեր ազգային ոգին։ Քաղաքացիական պետութիւնը, որ կը ձգտի պատկանելութիւն ստեղծել միայն անձնագրով, հայ ըլլալը կը դարձնէ պատմական եւ հոգեւոր բովանդակութենէ զուրկ դատարկ կարգավիճակ:
Հայ ինքնութիւնը բազմաշերտ երեւոյթ մըն է՝ ներառելով հայերէն լեզու, հայկական Եկեղեցի, պատմական յիշողութիւն, ցեղասպանութենէն վերապրող ժողովուրդի հոգեբանութիւն, աշխարհասփիւռ համայնքներու , հայապահպանում, ներգաղթ դէպի Հայաստան եւ այլն։ «Իրական Հայաստան»ը այս բոլոր շերտերը կը խեղդէ պետական յարմարեցուած յայտարարի մը տակ, որ կը մերժէ աւանդական ինքնութեան ազատ հոսքը։
«Հայաստանի քաղաքացին է գերագոյն արժէքը» նշանաբանը կ՚արտայայտէ հայ ըլլալը վարչական՝ ոչ թէ հոգեւոր կամ մշակութային երեւոյթ տեսնելու մօտեցումը։
Այս տրամաբանութեամբ, ՀՀ անցագիր չունեցող Ստեփանակերտի հայը կամ Պէյրութի հայ մտաւորականը, կը նկատուին ոչ լիարժէք հայ:
Երբ պետութիւնը կը դառնայ միակ չափանիշը ազգային ըմբռնումին, կը բացառուին այն ուժերը, որոնք անկախ գործելաոճ ունին կամ անբաժանօրէն կապուած են ոչ-պետական տարածքներով։ Այս մօտեցումով՝ Արցախը կը ներկայացուի «բեռ», Սփիւռքը՝ «անտեղեակ» կամ «խանգարող» տարր։ Այսինքն՝ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան ներսի քաղաքացին կը նկատուի լիարժէք անդամ, իսկ դուրսը մնացողները՝ երկրորդական դերակատարներ:։
Արցախը՝ իբրեւ ինքնիշխան պայքարի ձայն, եւ Սփիւռքը՝ իբրեւ հոգեւոր եւ տնտեսական հարստութեան շտեմարան, դուրս կը մղուին Փաշինեանի կառուցելիք «պաշտօնական ազգի» պատկերէն։ Այդ բացառումը կ՚արտայայտուի իշխանութեան լռութեամբ ու քաղաքական վարքագծով՝ Արցախի թալանուող իրաւունքներէն մինչեւ Սփիւռքի անտեսումը ազգային օրակարգին մէջ։
Այս տեսլականով, Արարատը հաւանաբար դառնայ անցեալին «եկած» գեղարուեստական խորհրդապատկեր, ո՛չ համազգային խորհրդանիշ։ Սուրբ Էջմիածինը՝ կը նսեմանայ իբրեւ հոգեւոր հեղինակութիւն, իսկ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ իբրեւ համաշխարհային արդարութեան հետապնդում, կը դառնայ հրապարակային յիշատակութիւն, ոչ՝ պահանջատիրական պայքար։
Այսպէս, «Իրական Հայաստան»ը ոչ թէ համախմբող ու ամրապնդող, այլ՝ ազգային արժէքներէ,խորհրդանիշերէ հեռանալու ծրագիր: Ան կը միտի հայ ժողովուրդին արմատները զրկել իր տարածական խորութենէն (Արցախ, Սփիւռք, Արարատ), հոգեւոր բովանդակութենէն (Աւանդութիւն, Եկեղեցի, զոհողութիւն), եւ պատմական պահանջներէն (Ցեղասպանութիւն, վերադարձ, անկախութիւն)։
Նշեալ կեղծ փիլիսոփայական վարկածները, որքան ալ արդի բառապաշարով հնչեն, խորքին մէջ կը միտին ապազգային եւ ինքնութենէ զուրկ հաւաքականութեան մը վերածել մեր հայրենիքը: «Իրական Հայաստան»ի այն տրամաբանութիւնը, որ՝ «Արցախը Հայաստան չէ» կամ՝ «Սփիւռքը իրաւունք չունի միջամտելու», աշխարհաքաղաքական ինքնութեան փոխարէն, պատահականութեան լքուած վարչական տարածքի մը պիտի վերածէ Հայաստանի սահմանները:
Այս հեռանկարով, հայրենի հողը պիտի դատարկուի ամենայն հայոց նպատակակէտը ըլլալու խորհուրդէն : Նոր մեկնաբանութեամբ եւ պարզ խօսքով՝ հողը միայն «սահմանադրական տարածք» մը պիտի դառնայ: Եթէ թուրքն ու ազերին մեզմէ զիջում պահանջեն, պէտք է ըլլալ «իրատես» …: Պետական մակարդակով ազգային գաղափարախօսութեան բացակայութիւնը տուեալ երկիրը պիտի գլորէ անդունդ:
«Իրական Հայաստան»ի գաղափարախօսին բոլոր տեսութիւնները կը միտին հնարաւոր եւ անհնար միջոցներով երկարաձգել անոր իշխանութիւնը: Զարմանալի չէ՝ «Իրական Հայաստան»ի գաղափարախօսութեան հիմունքները յայտնապէս կը ծառայեն թուրք-ազերիական միասնութեան պահանջներուն:
Փաշինեանի առաջադրած «Իրական Հայաստան»ը համախմբելու փոխարէն բաժանումի եւ անջատումի նոր սերմեր պիտի ցանէ արդէն իսկ դժուար հայ իրականութեան մէջ: Անոր կաղապարին մէջ ձեւուած «Նոր» հայը խզուած պիտի ըլլայ Սփիւռքէն, Արցախէն, Արարատէն եւ ազգային յիշողութենէն։
«Իրական Հայաստան»ը կ՚ը հետապնդէ իրականութեան ժխտումով կառուցուած պետութիւն մը, (տարակուսելի տնտեսապէս պահպանելու իր գոյութիւնը), սակայն իբրեւ հայրենիք, զուրկ՝ արմատներէն, առաքելութենէն եւ ժողովուրդի վստահութենէն։
Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» կոչուած գաղափարախօսութիւնը խորքին մէջ կեղծ մտահայեցողութիւն մըն է, կառուցուած՝ պարտուողականութեան, ազգային, աւանդական եւ պատմական արժէքները ժխտող հիմունքներու վրայ: «Նոր» հայու գաղափարախօսութեան դէմ պայքարը՝ Սփիւռք- հայրենիք միասնականութեան, ազգային գոյատեւման սրբազնագոյն հրամայական մըն է մեր ժողովուրդին համար:
Առանց պատմութեան եւ պատմական յիշողութեան, ժողովուրդ մը ամբոխ է: Առանց հողի պետութիւնը՝ վարձու շէնք: Առանց տեսլականի հայրենիքը՝ ուրիշներու շահին ծառայող անցողիկ կայարան: