Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Տարեկան Կալա-Ընթրիք

June 23, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին եւ նախագահութեամբ նախկին նախարար տէր եւ տիկին Վրէժ Սապունճեանի, շաբաթ, 7 յունիսին տեղի ունեցաւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի տարեկան կալա-ընթրիքը:

Ձեռնարկը սկսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեան աղօթքով, որմէ ետք խօսք առաւ քոլեճի տնօրէն Անի Բագրատունի, որ տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան անունով սրտագին շնորհակալութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնեց վեհափառ հօր, որ հայրաբար ընդունած էր հովանաւորել ձեռնարկը եւ ներկայ ըլլալ անոր: Բագրատունի աւելցուց, որ ձեռնարկը կազմակերպուած է նշելու համար երկու առիթներ. առաջինը` Արամ Ա. կաթողիկոսի գահակալութեան երեսնամեակը, իսկ երկրորդը` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի քառասնամեակը: Ան ամփոփ գիծերու մէջ տուաւ պատմականը վարժարանի հիմնադրութեան եւ վեհափառ հօր (օրին` Լիբանանի առաջնորդ) ունեցած դրական դերակատարութիւնը: Բագրատունի ըսաւ նաեւ, որ օրուան կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի ջանքերով եւ Վաչէ Մանուկեանի բարերարութեամբ գնուած է Տըպայէի մէջ գոյութիւն ունեցող դպրոց մը, որ Եղիշէ Մանուկեան վերանուանուեցաւ` ի յիշատակ բարերարին հօր:

Բագրատունի նշեց, որ տարիներու ընթացքին Ազգային Ե. Մանուկեան քոլեճը շարունակեց վայելել գուրգուրանքը Ազգային իշխանութեան եւ իրերայաջորդ առաջնորդներուն, որոնք ճիգ չխնայեցին նիւթապէս ու բարոյապէս նեցուկ կանգնելու դպրոցին:

Խօսելով քոլեճին առաքելութեան մասին` Բագրատունի ըսաւ. «Այսօր, սփիւռքի մէջ հիմնուած Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճը Մեսրոպ Մաշտոցէն փոխանցուած շունչով կը շարունակէ պատրաստել հայ երիտասարդը` զայն զինելով գիտութեան զէնքով… Սփիւռքի մաշեցնող եւ այլասերող պայմանները, միւս կողմէ` արհեստագիտութեան զարգացումով մարդը աշխարհաքաղաքացի մարդամեքենայի վերածելու փորձին մէջ մենք հոսանքն ի վեր կը թիավարենք` հաւատալով, որ ազգին պահպանումը ծանրացած է ազգային վարժարանի ուսերուն վրայ»:

Ապա արաբերէնով խօսք առաւ խնամակալութեան անդամ Յովիկ Արսլանեան, որ ողջունեց ներկաները եւ բացատրեց ձեռնարկին տուն տուող առիթները: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց կարեւորութիւնը կրթական հաստատութիւններու եւ ի մասնաւորի` հայկական վարժարաններուն:

Ներկաներուն իր հայրական խօսքը փոխանցելով Արամ Ա. վեհափառ նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց ներկաներուն մէջ գտնուելուն համար, որովհետեւ որքան առիթ ունենայ իր ժողովուրդի զաւակներուն հետ ըլլալու, այնքան կ՛ամրապնդուի իր ծառայութիւնը եւ հայ ժողովուրդի զաւակներով աւելի կը հպարտանայ եւ կ՛ուրախանայ: «Այսօր մենք հաւաքուած ենք հոս` մեր հետաքրքրութեան եւ  մտահոգութեան առանցքը ունենալով հայ դպրոցը եւ յատկապէս` Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը, որուն հետ հոգեկան կապ մը ունիմ ես հիմնադրութեան օրէն, նախ իբրեւ առաջնորդ, ապա իբրեւ կաթողիկոս գործօն դեր ունեցած եմ: Իրագործումները հաւաքական աշխատանքի, նուիրումի, հետեւողական ոգիի արդիւնք են. եւ այդպէս ալ եղաւ այս վարժարանի պարագային», ըսաւ ան:

«Մենք պէտք է շրջապատենք այս դպրոցը, համախմբուինք դպրոցին շուրջ, որովհետեւ որեւէ գաղութի հզօրութեան աղբիւրը դպրոցն է ու մանաւա՛նդ` հայ դպրոցը» աւելցուց ան:

«Եկեղեցին միշտ եղած է հայ դպրոցին կողքին եւ հայ դպրոցը  հայրենիք է, եկեղեցի է, ընտանիք է, որովհետեւ հայ դպրոցին մէջն է, որ մենք մեր հայութիւնը ոչ թէ կը զգանք, այլ կ՛ապրինք, հայութեան մէջ կը հզօրանանք: Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ մենք յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տանք հայ դպրոցին, ամէն իմաստով, նաեւ` նիւթապէս», եզրակացուց Արամ Ա. կաթողիկոս:

Խնամակալութեան ատենապետ Վիգէն Քեսմէեան եւ խնամակալութեան անդամ Յովիկ Արսլանեան Արամ Ա. կաթողիկոսին յանձնեցին յուշանուէր մը: Օրուան նախագահ տէր եւ տիկին Վրէժ Սապուանճեաններուն եւս յուշանուէր մը յանձնեցին տէր եւ տիկին Վիգէն եւ Օսի Քեսմէեաններ:

Գեղարուեստական բաժնով երեկոն ճոխացուցին ջութակահար Շանթ Աւագեան եւ երգիչ Ռիք Աճեմեան:

Ձեռնարկին ընթացքին տեղի ունեցան նուիրատուութիւններ, որոնց գումարը հասաւ 57.000 ամերիկեան տոլարի:

Նախորդը

Տիպար Դաշնակցական Սարգիս Ազնաւորեանի Ուղիով

Յաջորդը

Դպրեվանքը Իր 95-րդ Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանի Հունձքը Տուաւ

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւնղ  («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան  40-Ամեակին Առիթով)
Գաղութային

Հաղորդագրութիւնղ («Վանայ Ձայն»-ի Հիմնադրութեան 40-Ամեակին Առիթով)

October 17, 2026
«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան.  Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 91-րդ Առցանց Լսարան. Փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան Ներկայացուց Մխիթարեան Երաժշտական Աւանդութեան Գանձերը

October 16, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը

October 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.