Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան գծով վաղը, ժամը 17:00-ին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Ահլի Սարպայի դէմ:
Անցեալ շաբաթ, Բ. հանգրուանի իր առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կրցած էր 2-0 արդիւնքով շատ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրել Շապապ Պըրժի դէմ, մինչ Ահլի Սարպա ճերմակ հաւասարութիւն արձանագրած էր Ռապիթաթ Ուարտանիէ խումբին հետ:
Ռապիթաթ Ուարտանիէ պիտի մրցի Ժապալ Մաժտալպաանա խումբին դէմ, իսկ Լիուաա Պարժա` Շապապ Պըրժի դէմ: