Երէկ տեղի ունեցաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի փլէյ օֆի Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականի 6-րդ ճակատումը` Տենվըր Նակեթցի եւ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրի միջեւ:
Օքլահոմա, որ բնական ախոյեանութեան լաւագոյն արդիւնքներ արձանագրած խումբն էր, 3-2 արդիւնքով կը յառաջանար եւ 1 յաղթանակի պէտք ունէր հասնելու աւարտական, իր մրցակիցի մը դէմ, որ 2023-ի ախոյեանն էր:
Ժամալ Մարէյ իր հիւանդութիւնը մոռնալով իր խումբը առաջնորդեց յաղթանակի` նշանակելով իր 25 կէտերէն կարեւորագոյնները` 4-րդ մասին, ուր Տենվըր 16 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ Օքլահոմայի վրայ` յաղթանակ ապահովելով:
Նիքոլա Եոքիչ Տենվըրի առաւելագոյն կէտերը նշանակող մարզիկն էր` 29 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգելով, մինչ Քրիսթիան Պրաուն փլէյ-օֆի գծով իր առաւելագոյն կէտերը նշանակեց (23 կէտ)` ձեռք ձգելով նաեւ 12 ռիպաունտ:
Տենվըրի միակ վատ լուրը Արոն Կորտընի վիրաւորուիլն էր մրցումի վերջին վայրկեաններուն, երբ իր սրունքի ետեւի մկանը բռնելով դուրս եկաւ դաշտէն: Վաղը գիշեր` Օքլահոմայի դէմ 7-րդ եւ վճռական մրցումին ան կրնայ բացակայիլ, մինչ Մինեսոթա կը սպասէ իր մրցակիցը` աւարտականին:
Օքլահոմայի թիւ 1 աստղ Շէյ Կիլճիըս – Ալեքսանտր 32 կէտ նշանակեց, հակառակ անոր որ 2-րդ մասէն սկսեալ ան 4 ֆաուլեր կատարած էր եւ զգուշ ելոյթ մը կ՛ունենար: Օքլահոմա կը փորձէ 2016-էն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով հասնիլ Արեւմտեան շրջանի աւարտական, ուր 7 ճակատումներէ ետք պարտութիւն մը կրած էր այդ տարուան ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն: