Նկատի ունենալով Պէյրութի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները, ֆութպոլի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի 3-րդ շաբթուան մրցումները տեղի պիտի ունենան վաղը:
ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին Անսարի դաշտին վրայ պիտի մրցի Անդրանիկի դէմ:
ՀՄԸՄ-էն կը սպասուի անպայման յաղթանակ արձանագրել` նկատի ունենալով, որ յաղթանակով սկսելէ ետք ախոյեանութիւնը, անակնկալ պարտութիւն մը կրած էր Նուժումէն` իր երկրորդ մրցումին (2-1): Անդրանիկ Նուժումի հետ 3-3 արդիւնքով հաւասար մնալէ ետք 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրած էր Տինամօ Պէյրութէն:
Ոչ մէկ խումբ իր երկու մրցումներն ալ կրցած է յաղթել, բայց կան 3 խումբեր, որոնք պարտութիւններ չունին:
Աթլեթիքօ պիտի մրցի վերջին դիրքը գրաւող Արզին դէմ:
Յոյսով, որ մեր տղաքը աւելի կեդրոնացած ըլլան այս մրցումին եւ 3 կէտ շահելով կրնան կապի մէջ մնալ վերին դիրքերը գրաւող խումբերուն հետ:
Յաղթանակ մը վստահ մեր տղաքը պիտի բարձրացնէ առնուազն դիրք մը: Տակաւին 6 մրցումներ կան, եւ ամէն մրցում պէտք է ըլլայ աւարտականի նման մրցում մը, կարծէք բաժակ շահելու տրամաբանութեամբ:
Համակիրներէն կը սպասուի մեկնիլ Անսարի դաշտ` քաջալերելու տղաքը, որ վստահաբար աւելի կրնան ոգեւորուելով դրական արդիւնք արձանագրել:
Ստորեւ` 3-րդ հանգրուանի յայտագիրը (բոլոր մրցումները` վաղը).
Ժամը 12:00-ին, Մապարրայի դաշտ` Աթլեթիքօ – Արզ
Ժամը 14:00-ին, Մապարրայի դաշտ` Տինամօ – Սապիլ
Ժամը 14:00-ին, Անսարի դաշտ` Նօ Լիմիթց – Սանհարիպ
Ժամը 16:00-ին, Անսարի դաշտ` Նուժում – Ֆ. Ք. Պէյրութ
Ժամը 18:00-ին, Անսարի դաշտ` ՀՄԸՄ – Անդրանիկ