ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի տղոց խումբը Քլիւպ Սանթրալի դաշտին վրայ 99-92 արդիւնքով շատ կարեւոր եւ փայլուն յաղթանակ մը տարաւ տեղւոյն Սանթրալի (Մարքազիէ Ճիւնի) խումբին վրայ:
Սանթրալ շատ լաւ ձեւով սկսաւ եւ 31-23 արդիւնքով յառաջացաւ առաջին մասին:
ՀՄԸՄ հետզհետէ ինքզինք գտաւ եւ 13 կէտի տարբերութիւնը ոչ միայն նուազեցուց, այլ իր կարգին 11 կէտի առաւելութիւն ունեցաւ վերջին մասին:
Ճորտըն Սթիվընզ 40 կէտ նշանակեց (4 յաջող 3 կէտնոց կողով) 7 էսիսթներու կողքին, մինչ Թայլըր Պէյ 19 կէտ եւ 19 ռիպաունտ ձեռք ձգեց: Կապրիէլ Աճէմեան 22 կէտ աւելցուց, մինչ Գէորգ Գէորգ 16 կէտ նշանակեց (4 յաջող 3 կէտնոց կողովներ):
2 կէտ աւելցուց նաեւ Փիթըր Տեքերմենճեան: Պէտք է ըսել, որ Կապրիէլ եւ Գէորգ անշուշտ Ճորտընի եւ Թայլըրի կողքին շատ լաւ ելոյթներ ունեցան` մոռացութեան մատնելով Սենթըր Եոաթ Ալոքը, որ անորոշ պատճառներով կը բացակայէր:
17-րդ հանգրուանի այս մրցումին ՀՄԸՄ արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը` վերագրաւելով 4-րդ դիրքը:
Յառաջիկայ շաբաթ օր, 24 մայիսին ՀՄԸՄ պիտի հիւրընկալէ Հուփսը մրցումի մը, որ կրնայ աւարտականին նման կարեւոր ըլլալ, մանաւանդ որ այս մրցումին յաղթականը կրնայ վճռել իր ֆայնըլ 4-ի աթոռը:
ՀՄԸՄ տակաւին պիտի մրցի Անթունիէի, Շանվիլի, Ռիատիի եւ Թատամոն Հարաժելի դէմ:
Եթէ մեր տղաքը նոյն այս վճռակամութեամբ խաղան, անպայման կրնանք հասնիլ ֆայնըլ 4:
Նշենք, որ 17-րդ հանգրուանին Պէյրութ Ֆըրսթ 83-66 արդիւնքով յաղթած էր Մէյրուպային, իսկ Շանվիլ 72-71 արդիւնքով` Հուփսին: