Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժի Քուէյթի մէջ հանդիպում ունեցաւ իր քուէյթցի պաշտօնակից Ապտալլա Ալի Եահիայի հետ, որուն կ՛ընկերակցէր անոր օգնական Պատր Թնէյհը եւ նախարարութենէն բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպանատան գործավար Ահմետ Արֆան:
Նշենք, որ Ռաժժի Քուէյթ կը գտնուի հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին ընկերակցող պատուիրակութեան իբրեւ անդամ:
Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ «լիբանանեան-քուէյթեան միացեալ յանձնախումբի կեանքի կոչման եւ բարեկամութիւնը ամրապնդման կարեւորութիւնը` նկատի ունենալով նոր էջը, որ բացուեցաւ նախագահ Աունի գլխաւորութեամբ նոր իշխանութեան հաստատումով եւ Լիբանանի արաբական գիրկ վերադարձով»:
Ռաժժի շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի կողմէ Լիբանանին տրամադրուած դիւանագիտական, ելեւմտական եւ տնտեսական աջակցութեան համար` քուէյթցիներուն կոչ ուղղելով զբօսաշրջութեան եւ ներդրումներու համար Լիբանան վերադառնալու:
Քննարկուեցաւ լիբանանեան հողերու իսրայէլեան բռնագրաւումին, եւ լիբանանեան դիւանագիտութեան պետը Քուէյթին կոչ ուղղեց «հողի ազատագրման համար իր դիւանագիտական աջակցութիւնը զօրացնելու»` ընդգծելով «զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու վերաբերեալ հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան որոշումն ու զայն գործադրելու աշխատանքը»:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ շրջանային կացութեան, մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ արձանագրուող զարգացումներուն, ամերիկեան-իրանեան բանակցութիւններուն, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ տիրող ողբերգական կացութեան: Ռաժժի այս առումով շեշտեց, որ Լիբանան կը շարունակէ աջակցիլ պաղեստինեան դատին:
Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպումի աւարտին յայտնեց, որ հանդիպումի ընթացքին դրական մթնոլորտ տիրած է, եւ Քուէյթ հաստատած է, որ պիտի շարունակէ տարբեր ոլորտներու մէջ Լիբանանին աջակցիլ: