ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
Արեւմտեան աշխարհի եւ արեւելեան կարգ մը երկիրներու մէջ, մայիսեան գարնանային արեւի շողերուն եւ Աստուածամօր նուիրուած աղօթքներուն ու ձօնուած ծաղիկներուն առընթեր, կոչուած ենք մեծարելու մեր մայրերը:
Մարդկային արարածներու եւ աստուածային ստեղծագործութեան անգերազանցելի երեւոյթն է մայրութիւնը, որուն կը պարտինք մեր կեանքն ու երջանկութիւնը: Փոխադարձաբար մեր մայրերու երջանկութիւնը իրենց աշխարհ բերած զաւակներու բարօր կեանքի եւ յաջողութեան մէջ կը կայանայ:
Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներուն համար մայրը հայրենիքի մեծագոյն հարստութիւնն է, ժողովուրդի աճին եւ ազգապահպանման գրաւականը:
Տղամարդը, երբ մտածէ կնոջ ծննդաբերութեան երեւոյթին մասին, ինքզինք տկար կը զգայ մեծ զոհողութեան մը հանդէպ, որուն բարդոյթէն յառաջացած է ինքզինք զօրաւոր կարծելու հոգեբանութիւնը տղամարդոց մօտ:
Տասնաբանեայ պատուիրաններով մենք սորված ենք` «Պատուէ՛ հայրդ ու մայրդ», մինչ Մոհամետ մարգարէն երիցս կրկնելէ ետք «Պատուէ՛ մայրդ», ապա ըսած է` «Հայրդ»:
Կրթութեան եւ դաստիարակութեան ոլորտին մէջ հաստատուած իրողութիւն է, որ սերունդներու դաստիարակութիւնը օրօրոցէն կը սկսի, մօր կաթին եւ գուրգուրանքին հետ:
Մանկամսուրներու, մանկապարտէզներու եւ նախակրթարաններու մէջ զգալի է իգական սեռի բացարձակ ներկայութիւնը եւ յաջողութիւնը:
Մեծ էր հայ մօր դերը Ցեղասպանութեան կարաւաններու նախճիրի ճամբու ընթացքին, մեսրոպեան տառերու ուսուցումը աւազին վրայ` հայապահպանման որպէս վահան:
Այս բոլորէն վեր կը տեսնենք մայր էակի ազնուագոյնը` հերոսածին մայրը, որուն հանդէպ գնահատանքն ու յարգանքը այլ տեսակի է, կը բխի նոյնինքն նահատակ զաւակին սխրանքի վեհութենէն:
Անձնուրաց զինուորի մօր մասին մենք կ՛երգենք…
«Ախ ֆետայիներ, ջան ֆետայիներ, ձեր մայրերը ձեզ ղուրպան»:
Հերոս զաւակն ալ իր վերջին շունչին հետ կը յիշէ մայրը` նախազգալով անոր ողբն ու կսկիծը: Այս երեւոյթը հաստատուած է հայրենասիրական երգի հետեւեալ տողերով.
«Ժամացոյցս տուէք մօրս, իմ մօրս, իմ մօրս:
Մի՛ ըսէք, թէ Արամ կախուաւ, այլ պանդուխտ է, պանդուխտ»:
Անցեալի պատմութեան փառապանծ էջերէն մինչեւ մեր օրերը, նահատակ հերոսներու զուգահեռ. ունինք իր տեսակին մէջ իւրայատուկ մայրը` ՈՐԴԵԿՈՐՈՅՍ ՄԱՅՐը, որոնց մասին արցախեան պատերազմի առիթով հայրենի բանաստեղծուհի Արմինա Չկտրեանը հետեւեալը կը գրէ.
«Մայրե՛ր սիրասուն, հայոց աշխարհի,
Դուք մի՛ վշտացէք եւ մի՛ արտասուէք,
Այլ սխրանքները ձեր որդիների
Սրտում վա՛ռ պահեք եւ հպա՛րտ եղէք»:
Հերոսի սգաւոր մօրը հոգեվիճակը նկարագրած է հայ գրականութեան իշխանուհին` Սիլվա Կապուտիկեանը.
«Էլ ին՞չ ասեմ քեզ սրտալի,
երբ դու որդի ես կորցրել.
Հե՜շտ էր գուցէ մխիթարել,
Թէ ես էլ մայր չլինէի»:
Ազգային ազատագրական պայքարի պատմութեան մէջ ոսկեայ տառերով կը յիշուի Սօսէ Մայրիկը, որ ոչ միայն հերոսածին մայր եւ հերոս Սերոբ Աղբիւրի կինն էր, այլ նաեւ իր մասնակցութիւնը բերած էր Վանի ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտին: Անոր մահէն տարիներ ետք աճիւնները փոխադրուեցան Եռաբլուր:
Անհատներու փառաբանութեան ընդհանրապէս փուճ եւ սնամէջ մեծարանքի ախտագին մթնոլորտէն դուրս գալով, Եռաբլուրէն մինչեւ Լիզպոն, Լիբանանի եւ Սուրիոյ գաղութներու պաշտպանութեան նուիրուած հերոս նահատակներու մայրերը պարտաւոր ենք բարձրացնելու պատուանդանի մը վրայ, ժողովրդային ամպհովանիի մը ներքեւ, անոնց յատուկ յիշատակի օր մը հաստատելով, հպարտութիւն առթելու հերոսածին մեր մայրերուն, գուցէ մասամբ մը մեղմանայ իրենց կսկիծը:
Ժընեւ