Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Դէմքի բնական ծեփուկները հիանալի այլընտրանք են թանկարժէք գեղեցկութեան միջոցներուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք 5 բնական հակատարիքային դիմակներ:
1
Աւոքատոյի եւ ձիթապտուղի դիմակ.
Աւոքատոն հարուստ է ճարպաթթուներով եւ ԷՕ. կենսանիւթով, որոնք անհրաժեշտ են մորթին սնուցման եւ խոնաւցնելու համար: Խառնեցէք հասուն աւոօքատոյին միջուկը, մէկ ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթի հետ, խառնուրդը քսեցէք ձեր դէմքին, սպասեցէք քառորդ ժամ` նախքան գաղջ ջուրով լուալը:
2
Մեղրով եւ մածունով դիմակ.
Մեղրը հիանալի բնական խոնաւցնող միջոց է, իսկ մածունը` հարուստ կաթնաթթուով, որ նրբօրէն կը մաքրէ մորթը` միաժամանակ խթանելով բջիջներու նորացումը: Խառնեցէք երկու ապուրի դգալ մեղր մէկ ապուրի դգալ սովորական մածունի հետ, քսեցէք ձեր դէմքին, սպասեցէք քառորդ ժամ` նախքան գաղջ ջուրով լուալը:
3
Վարունգով եւ անանուխով դիմակ.
Վարունգը թարմացնող եւ խոնաւցնող է, անանուխը` նոյնպէս թարմացնող, բայց նաեւ կազդուրող յատկութիւններ ունի: Առողջ եւ լաւ լուացուած վարունգը քանի մը թարմ անանուխի տերեւներու հետ հարեցէք` միատարր մածուկ մը ստանալու համար, զայն տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ, սպասեցէք քառորդ ժամ` նախքան պաղ ջուրով լուալը:
4
Մեղրով եւ պանանով դիմակ.
Պանանը հարուստ է հակաօքսիտաններով եւ սննդարար նիւթերով, որոնք անհրաժեշտ են երիտասարդ, փայլուն մորթի համար: Հասուն պանանը ճզմեցէք մէկ ապուրի դգալ մեղրով, խիւսը տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ, սպասեցէք քառորդ ժամ` նախքան գաղջ ջուրով լուալը:
5
Մածունով եւ կիտրոնով դիմակ.
Մածունը կը խոնաւցնէ եւ կը փափկացնէ մորթը, մինչդեռ կիտրոնը կը լուսաւորէ ու կը պայծառացնէ զայն: Խառնեցէք երկու ապուրի դգալ սովորական մածունը մէկ ճաշի դգալ կիտրոնի հիւթի հետ, ծեփուկը տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ, սպասեցէք 10 վայրկեան` նախքան գաղջ ջուրով լուալը:
Սննդագիտական-Առողջապահական
Դանդաղ Ուտելուն Առաւելութիւնները
Մեր օրերուն ուտելուն ժամանակ յատկացնել դարձեր է պերճանք. արագութեան ու հեւքի այս դարուն ժամանակին տեղ հասնելու (աշխատավայր, դպրոց, մարզասրահ, շուկայ…) մղձաւանջը ուտելը դարձուցած է պարտականութիւն եւ ոչ` վայելք: Մինչդեռ ոտքի վրայ եւ արագ ուտելը յաճախ վնասակար հետեւանքներ կրնայ ունենալ մեր առողջութեան վրայ: Արագ ուտելը կրնայ յանգեցնել` մարսողական խանգարումներու եւ ազդել մեր տրամադրութեան, արտադրողականութեան, ծանրութեան եւ նոյնիսկ քունին վրայ:
Դանդաղ ուտելը կարեւոր է թէ՛ մեր ֆիզիքական եւ թէ՛ մտաւոր առողջութեան համար. ստորեւ 6 համոզիչ պատճառներ` դանդաղ ուտելու համար:
1.- Դանդաղ ուտել` կուշտ զգալու համար:
Գիտէ՞ք, թէ մեր ուղեղին 20 վայրկեան պէտք է արձանագրելու համար, որ մենք կշտացած ենք: Եթէ մենք շատ արագ ուտենք, մեր ուղեղը ժամանակ չ՛ունենար ստանալու ազդանշանը, որ մեր ստամոքսը լեցուն է: Մենք անօթի կը զգանք, նոյնիսկ եթէ մեր ստամոքսը լեցուն է:
2.- Դանդաղ ուտել` ծանրութիւն կորսնցնելու համար:
Ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ աւելի դանդաղ ուտելով` քիչ ջերմուժ կը սպառենք, ինչ որ դրական անդրադարձ կ՛ունենայ մեր առողջութեան վրայ: Տուեալներու համաձայն, «արագ» ուտողները միջին հաշուով կը սպառեն 645 ջերմուժ, մինչդեռ դանդաղ ուտողները` ընդամէնը 579 ջերմուժ (66 ջերմուժ պակաս): Գիտնականները հնարաւոր կը համարեն մէկ տարուան ընթացքին 9 քիլօ նիհարնալ` առանց որեւէ ուրիշ բան ընելու, պարզապէս` աւելի դանդաղ ուտելով:
3.- Դանդաղ ուտել` ուտելիքը վայելելու համար:
Դանդաղ ուտելը ոչ միայն ծանրութեան կորուստի լաւ տարբերակ է, այլեւ միջոց` վայելելու մեր կերակուրը: Տարբեր համեր համտեսելու եւ ուտելիքին բոյրը վայելելու հաճոյքը յուզական բաւարարութիւն կը պարգեւէ մեզի:
4.- Դանդաղ ուտել` ընկճախտը պակսեցնելու համար:
Դանդաղ ուտելը եւ կերածը վայլելը զգալիօրէն կը նուազեցնեն ընկճախտը եւ, հետեւաբար, անոր բոլոր բացասական հետեւանքները` մեր առողջութեան վրայ:
5.- Դանդաղ ուտելը` մարսողութիւնը բարելաւելու համար:
Դանդաղ ուտել` նաեւ կը նշանակէ աւելի լաւ ծամել սնունդը, ինչ որ կը բարելաւէ մարսողութիւնը: Կարեւոր է գիտակցիլ, որ մարսողութիւնը կը սկսի բերնէն, որքան դանդաղ ուտենք, որքան շատ ծամենք, այնքան կը դիւրացնենք մեր ստամոքսին աշխատանքը եւ կը բարելաւենք մարսողական համակարգը:
6.- Դանդաղ ուտել` կենսակերպը բարելաւելու համար:
Դանդաղ ուտելը առիթ է նաեւ մենք մեզի ժամանակ տրամադրելու: Ժամանակ յատկացնելը մեր «արագընթաց» կենսակերպին վերջ դնելու միջոց է: Այսպիսով, դանդաղ ուտելը կը դառնայ ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը. խօսքը պարզ եւ փոքր արարքներով կեանքը լիարժէք գնահատելու մասին է:
«Իւրաքանչիւր Մարզաձեւ Կեանքի Դպրոց Է»
Փարիզի «Քլինիք ժեներալ տիւ սփոր»-ի մանկաբուժ եւ երեխաներու ու դեռահասներու մարզական բժիշկ Միշէլ Պինտերի կարծիքով, բոլոր երեխաներն ալ պէտք է մարզաձեւի հետեւին, քանի որ իւրաքանչիւր մարզաձեւ կեանքի դպրոց է: Ան կը հաստատէ, որ մարզախաղի ճամբով երեխան իր մէջ կը զարգացնէ ջանքի, կամքի ուժի եւ յաջողութեան հասնելու, բայց նաեւ տեւաբար ինքզինք բարելաւելու ցանկութիւն:
Միշել Պինտեր կը շեշտէ, որ մրցակիցներու հետ հանդիպիլը եւ խմբակիցներու հետ խաղալը կ՛օգնէ երեխային զարգացնելու խմբական ոգին, ինչպէս նաեւ յարգանքը` ուրիշներու հանդէպ: Անոր կարծիքով, մարզախաղերը երեխային կը սորվեցնեն աւելի լաւ ընդունելու պարտութիւնը. ան իր մարզական փորձառութեան միջոցով կը հասկնայ, որ կարելի չէ միշտ յաղթել, եւ քիչ-քիչ կը ստիպուի հակազդեցութիւնները ճիշդ դրսեւորելու եւ ընդունելու իր պարտութիւնը: Այս դաստիարակիչ փորձառութիւնը կ՛օգնէ երեխային` ապագային աւելի լաւ արձագանգելու կեանքի տարբեր մարտահրաւէրներուն:
Վերջապէս, Պինտեր կը հաստատէ, որ մարզախաղերը շատ օգտակար են դժուարութիւններ ունեցող դպրոցականներուն համար` անոնց ինքնագնահատականը բարձրացնելու իմաստով: Կրթական դժուարութիւն ունեցող, բայց մարզանքի մէջ յաջողակ երեխան ինքնավստահութիւն ձեռք կը բերէ եւ գլուխը բարձր կը պահէ իր դասընկերներուն մօտ` մէկ այլ տեղ փայլած ըլլալու գոհունակութեամբ:
Մարզանքին Առաւելութիւնները
– Մարզանքը երեխային կ՛օգնէ բարելաւելու` որոշումներ կայացնելը, ճիշդ եւ արագ կողմնորոշուիլը եւ կեդրոնացման ունակութիւնները:
– Մարզանքը երեխային համար լաւ միջոց է յոյզերը կառավարելու` յաղթանակ, պարտութիւն, մարտական տրամադրութիւն, լարուածութիւն, ընճախտ, հրճուանք, յուսախաբութիւն…
– Մարզանքը հիանալի միջոց է ընկերներ ձեռք բերելու եւ դպրոցէն դուրս ընկերային շրջանակ ստեղծելու համար, երեխան պէտք է թէեւ յարգէ ուրիշները, յարմարի օրէնքներուն եւ ըլլայ արդարադատ…»
– Մարզանքը կը զարգացնէ երեխային մարմնին համակարգումը, հաւասարակշռութիւնը, արագութիւնն ու ճկունութիւնը: Ան կը զօրացնէ` սիրտը, թոքերը, ոսկորներն ու մկանները: Մարզանքին մէկ այլ առաւելութիւնն ալ այն է, որ կը կանխէ ճարպակալումը եւ կը կարգաւորէ աւելորդ ծանրութիւնը:
Խոհագիր
Կանկառով Աղցան
(Մարոքեան Խոհանոց)
– 8 կանկառի յատակները
– 2 պճեղ սխտոր
– 4 ապուրի դգալ մանրուած ազատքեղ
– 2 ապուրի դգալ մանրուած գինձ
– 2 ապուրի դգալ կիտրոնի հիւթ
– 3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– Աղ, սեւ պղպեղ
Պատրաստութիւն
Կանկառներուն յատակները շերտ մը կիտրոնի եւ ջուրով լեցուն կաթսայի մը մէջ 15 վայրկեան եփել, ապա իւրաքանչիւրը 4-ի բաժնել:
Խորունկ ամանի մը մէջ խառնել` ազատքեղը, գինձը, կիտրոնի հիւթը, ճզմուած սխտորը, ձիթապտուղի ձէթը, աղն ու սեւ պղպեղը:
Ներկայանալի ամանի մը մէջ զետեղել կանկառի կտորները, վրան թափել թացանը եւ ձգել քառորդ ժամ` նախքան մատուցելը:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Փրկեցին Մեր Անունը, Բայց Մնացին Անանուն
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ վիրաւոր ետ դարձան:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ այլեւս չդարձան:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ զաւակներ կորցրին:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ ծնողներ կորցրին:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ չունեցան ամուսին:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ ունեցան – կորցրին:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ կորցրին եղբայրներ:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ կորցրին ընկերներ:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ կորցրին մանկութիւն:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ փրկեցին մանկութիւն:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ ճակատում եղան քաջ:
Խոնարհւում եմ նրանց առաջ, որ թիկունքում եղան քաջ:
Խոնարհւում եմ ես վերջապէս` նրանց առաջ աշխարհում,
Որ փրկեցին մեր անունը, բայց մնացին անանուն…
ԱՐԱՄԱՅԻՍ ՍԱՀԱԿԵԱՆ