Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. «Փոշիացած» Ու Քաղաքական Հանգանակէ Պարպուած Յուշարձանին Լո՜ւռ Ցասումը (Մայիսի 6)

Մայիս 6, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Այդ երբէն, պիտի հարցադրէր համեստ ընթերցասէրը, որ քարակերտ կոթող մը կը տառապի ու կը պոռթկայ եղեր, պարզապէս որովհետեւ տակաւ կորսնցնելով իր նուիրական արժէքը, հնչեղութիւնն ու հմայքը, դարձած է սոսկ այս կամ այն նիւթէ շինուած զանգուած մը, որ զրկուած է ժողովուրդին բարոյական ու հոգեբանական խնամքէն, հոգատարութենէն եւ աջակցութենէն:

Երկիր Լիբանան, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ:

Իր խայտաբղէտ համայքային պատկերով ու քաղաքական ապաշնորհ կեանք մը ունենալով հանդերձ, մայրաքաղաքի սրտին, դեռ տասնամեակներ առաջ կանգնեցուած էր յիշատակի ու ազգային արժանապատուութեան նուիրուած յուշարձան մը, որ որոշ ժամանակի մը համար ծառայած է իբրեւ հաւաքական յիշողութեան պահպանման պատուանդան:

Աւելի՛ն. ազգային պատմութեան նենգափոխման դէմ հաստատուած պատնէշ մը եղած է ան, ուր պատեհ առիթներու ծաղկեպսակ կը զետեղուէր պետական այրերու թէ ժողովրդական տարրերու ձեռամբ` յարգելու յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք զոհերն են եղած օսմանեան բարբարոսութեան:

Փաստօրէն, օսմանցի թուրքը, 1916-ին, կախաղան կը բարձրացնէր սուրիացի ու լիբանանցի գրողներ, մտաւորականներ, լրագրողներ, ազատատենչ մարդիկ, որոնք իրենց գրիչով կը պայքարէին յանուն բարօր կեանքի, անկախութեան, մարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման եւ ազատութեան:

Իսկ ժամանակ մը ետք, Լիբանանի մէջ քաղաքացիական պատերազմի (1975) բռնկումով, տուեալ յուշարձանը, իր կարգին, կը դառնար զինեալ խմբաւորումներու թէ հակամարտ կողմերու թիրախը` գտնուելով ռազմադաշտի կիզակէտին:

Ու այդ օրէն ի վեր, կարծես, ջահակիր յուշարձանը կը կորսնցնէր իր իմաստն ու թովչութիւնը, որովհետեւ եղբայրասպան լիբանանցին չէր խնայած նոյնիսկ զայն, որ խորհրդանիշն էր եղած կախաղան բարձրացած սերունդի մը, ու փամփուշտներու տարափին տակ այլանդակած էր քանդակին տեսքը:

Յետպատերազմին, երբ քարուքանդ եղած մայրաքաղաք Պէյրութի կառուցումը ընթացք առաւ, Նահատակաց յուշարձանը փոխադրուեցաւ այլ վայր նորոգութեան համար` հետագային վերատեղադրելու նպատակով:

Ճիշդ է, որ Պէյրութի վերակառուցման զուգահեռ, վերստին կը տեղադրուէր նորոգուած յուշարձանը`իր ծակծկուած տեսքով (յիշեցնելու եղբայրասպանութեան ահաւորութիւնը), այդուհանդերձ, օրուան պետական այրեր յաջողեցան ինչ-ինչ պատրուակներով` քաղաքական, տնտեսական թէ կրօնական, իմաստազրկել զայն, նոյնիսկ ջնջելով 6 մայիսի խորհուրդն ու քաղաքական հանգանակը:

Ինչո՞ւ, պարզապէս եղբայրական Թուրքիան եւ թրքութիւնը հանգիստ պահելու եւ, այսպէս ըսած, միջպետական յարաբերութիւնները չխոչընդոտելու:

Սակայն, ի հեճուկս բոլոր տեսակի շահամոլներու` լիբանանահայութիւնը ի պատիւ իրեն, շարունակեց տէր կանգնիլ յուշարձանին եւ ամէն պատեհ առիթի վեր առնել յուշարձանին գաղափարական հնչեղութիւնը, սերունդներու յիշողութեան մէջ վառ պահելու անոր կարեւորութիւնը:

Փաստօրէն, 6 մայիսի թէ ապրիլեան ոգեկոչումներուն, Լիբանանի հայութիւնը կառչած մնալով իր քաղաքացիական բարձր գիտակցութեան, ազգային ուխտին եւ արժանապատուութեան, թէ՛ ներքին, եւ թէ արտաքին աշխարհին ցոյց տուած է ու կը շարունակէ բացայայտել թուրքի իսկական դիմագիծը, վարքագիծն ու պահուածքը:

Արդ, ընդգծելով ճշմարտութիւն մը անսեթեւեթ, տեղին է արձանագրել, որ ինչ բանի կը ծառայէ հաւաքական յիշողութեան դիտաւորեալ կորուստը, եթէ ոչ յագուրդ տալու վայրագ դրամատիրութեան տարածումին, քաղաքական սին ու ապազգային գործընթացներու որդեգրումին, սերունդներու հոգեմտաւոր աշխարհի խաթարումին եւ այլասերումին:

Այս բոլորին մէջ ամէնէն ահաւորը այն է, որ պետական մակարդակի մոռացութիւն «սերմանել»-ը` մորթապաշտութենէ թելադրուած, ինքնին նուաստացումի, ապաշնորհ կեցուածքի եւ ծառայամիտ մօտեցումի արտայայտութիւն է, այլապէս պետական ու ժողովրդագրական կեանքի անձնատուութիւն:

Ու դեռ կ՛երազե՜նք գերիշխան ու անկախ Լիբանանի մը ծնունդը, որ զերծ է զիրար ամբաստանելու եւ զրպարտելու փորձութենէ, նենգութենէ, փոխադարձ ատելութենէ եւ օտարին ծառայելու պահուածքէ:

Յայտնապէս, Նահատակաց յուշարձանը պոռթկացող եւ լուռ վկան է տխեղծ պատահածին:

 

Նախորդը

Դարաւոր Պայքարով Եւ Նահատակներու Արեամբ Կերտուեցաւ Լիբանանեան Անկախ Հայրենիքը

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ Զահլէի Մէջ

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?