Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակի Ոգեկոչման Աշակերտական Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան-Մատրան Դիմաց

Մայիս 1, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդին, մասնակցութեամբ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտներուն, երկուշաբթի, 28 ապրիլ 2025-ի կէսօրէ առաջ ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքի Նահատակաց յուշարձան-մատրան դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի ոգեկոչական հաւաք:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտներ իրենց վարժարաններուն անունով ծաղկեպսակներ զետեղեցին Ցեղասպանութեան Նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ:

Հաւաքին բացման խօսքը արտասանեց Ազգային Միացեալ վարժարանի աշակերտ Յովիկ Չերչեան: Ան ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել մեր նահատակներուն եւ մեր պայքարի ճամբուն վրայ զոհուած բոլոր հերոսներուն յիշատակը: Ապա ան հաստատեց, որ այսօրուան աշակերտները Ցեղասպանութեան ժառանգորդներու 5-րդ սերունդն են, եւ հարց տուաւ, թէ ի՞նչ կու տանք մենք մեր պատմութեան` իբրեւ հայ երիտասարդներ, իբրեւ նպատակ հետապնդող ուսանողներ, շեշտելով, որ մեր ազգային կեանքը կը հետապնդէ մէկ նպատակ` Հայ դատի յաղթանակ: Ան ըսաւ, թէ այնքան ատեն որ Հայ դատը կը մնայ անլոյծ եւ ցեղասպանը` անպատիժ, այնքան ատեն որ մեր հողերը կը մնան բռնագրաւուած ու մեր իրաւունքները` բռնաբարուած, թոյլատրելի չէ, որ մենք` երիտասարդութիւնս, դիտողի կրաւորական դերին մէջ մնանք եւ իրաւազրկուածի հոգեբանութիւն ունենանք: Ան ներկայ աշակերտներուն յորդորեց գօտեպնդել իրենց հաւաքական մեր կամքը եւ ամրապնդել միասնական մեր պայքարը` վերանորոգելով մեր սրբազան ուխտը:

Այնուհետեւ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի Սելլա Սվաքճեան ջութակով մեկնաբանեց «Նոքթիւրն»-ը, իսկ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի Մերի Էքմեքճեան ասմունքեց Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-էն «Ղօղանջ աքսորի» հատուածը:

Արաբերէնով խօսք արտասանեց Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտուհի Մարիա Շէքէրեան: Ան ըսաւ, որ կը նշենք Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակը, որ ցաւը փոխեց ինքնութեան, արցունքը` յիշատակի եւ տառապանքը` անմահ պատգամի,  աւելցնելով, որ մենք հաւաքուած ենք ոչ թէ  ցանելու ոխը, այլ` իրականութիւնը, ոչ թէ փնտռելու անցեալի վէրքերը, այլ` անոր պատգամը փոխանցելու ապագայի: Մենք նահատակներու զաւակներն ենք եւ մեր սրտերուն մէջ կայ անոնց կտակը` «Յիշենք եւ պահանջենք», հետեւաբար մեր պարտականութիւնն է պահել իրենց ժառանգութիւնը, մեր մշակոյթը, լեզուն եւ հաւատքը: Ան կոչ ուղղեց հաւատարիմ մնալու մեր պատմութեան եւ շարունակելու ճամբան` ամէն տարի համայն մարդկութեան յիշեցնելով, որ պատահածը ցեղասպանութիւն էր եւ արդարութիւնը չի մեռնիր, մինչեւ այն ատեն որ ժողովուրդը չի մոռնար:

Այնուհետեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաները կատարեցին խմբերգներ («Ողբ Եդեսիոյ» եւ «Չի մարիր մեր մէջ»), որմէ ետք Հայ աւետ. Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանի աշակերտ Ճորճինա Ճենանեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Հաշուեյարդար»-ը:

Հաւաքին հայերէնով խօսք արտասանեց Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարանի աշակերտ Լոռի Յովսէփեան: Ան դիտել տուաւ, որ այս հաւաքը սոսկ նշում մը չէ, այլ մեր հաւաքական ուխտը վերանորոգելու պահն է` հանդէպ մեր 1,5 միլիոն նահատակներուն, շեշտելով, որ իբրեւ հայ աշակերտներ` չենք կրնար ուրանալ Թուրքիոյ շարունակուող ցեղասպանութիւնը: Ան ըսաւ, որ անցեալ տարի Թուրքիա շարունակեց իր ոճրագործ արարքը եւ Ազրպէյճանի միջոցով գրաւեց Արցախը եւ իր երազը իրականացուց, հաստատելով, որ ականատես եղանք նո՛ր ցեղասպանութեան մը, որ աւելի ամրապնդեց մեր պահանջատիրութիւնը: Յովսէփեան նշեց, որ այս հաւաքը ապացոյց է, որ թշնամին կրկին անգամ ձախողած է, եւ կոչ ուղղեց աշակերտներուն` դառնալ պահանջատէր բազուկներ եւ շարունակել ազգին պայքարը` դառնալով փարոս աննահանջ երթին, չենթարկուելով օտարամոլութեան ու ձուլումին, տէր կանգնելով Հայ դատին` ուշ կամ կանուխ հասնելու համար մեր գերագոյն նպատակին`  ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտներէն Անտրիա Տէմիրճեան ջութակով նուագեց Կոմիտասի «Ծիրանի ծառը»-ը, իսկ Գէորգ Պալեան սաքսոֆոնով նուագեց «Տէ՛ր, ողորմեա՛» եւ «Տլէ եաման», ապա Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի երգչախումբը երգեց «Նահատակաց  յիշատակին» եւ «Մշեցի մօր երգը» երգերը:

Հաւաքին եզրափակիչ պատգամը յղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Սրբազանը ըսաւ, որ Նահատակաց մատրան դիմաց հաւաքուելով` մենք ոչ միայն կը խոնարհինք մեր 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակին դիմաց, այլեւ մեր նոր սերունդին կը յիշեցնենք, թէ 1915-ին մեր ժողովուրդէն բռնի խլուած է իր հայրենիքին կարեւոր մէկ մասը եւ այդ պատճառով, Հայաստանէն մինչեւ սփիւռքեան օճախներու ամէնէն հեռաւոր անկիւններ, մեր ժողովուրդի գիտակցութեամբ հայութեան արդար Դատին հետապնդումը կը շարունակենք, որովհետեւ հայութեան Դատը անժամանցելի է եւ կը պատկանի բոլոր սերունդներուն:

Սրբազանը խօսքը ներկայ աշակերտներուն ուղղելով` ըսաւ. «Ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք աշխարհի լռութիւնն ու անտարբերութիւնը կը շարունակուի: Հետեւաբար մեր սպասումն է, որ նախորդ սերունդներուն հաւատարմութեամբ դուք ալ դառնաք մեր արդար Դատին նախանձախնդիր յուշարարները: Սերունդէ սերունդ, պահանջատիրութիւնը պէտք է շարունակուի` բոլոր միջոցներով, նախանձախնդիր ու յանձնառու կեցուածքով, վճռակամութեամբ ու նոր թափով, որպէսզի Ցեղասպանութեան նահատակներուն սրբազան կտակը կենդանի մնայ, նաեւ իրականանայ: Հետեւաբար, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն, պահանջատիրութիւնը պէտք է շարունակուի ձեզմով եւ փոխանցուի յաջորդող սերունդներուն»: Սրբազան հայրը աւելցուց, որ մեր ժողովուրդի անբռնաբարելի իրաւունքները պահանջող մեր ձայնը պէտք է բարձրանայ ոչ միայն ապրիլ 24-ի առիթով, այլ` տարուան բոլոր օրերուն, ամէն տեղ ու Հայ դատին հաւատացող բոլոր նուիրեալներու մասնակցութեամբ: Եզրափակելով իր խօսքը` Շահէ արք. Փանոսեան վստահեցուց աշակերտները, որ իրենցմով եւ գալիք սերունդներու մասնակցութեամբ հայ ժողովուրդը պիտի տոկայ եւ ազգային հաւատարմութեամբ շարունակէ իր պայքարը` ի խնդիր մեր նախնիներու նուիրական յիշատակին եւ մեր ազգային դարաւոր իտէալներուն ու երազներուն իրականացման:

Աշակերտական հաւաքը վերջ գտաւ ներկայ աւելի քան 1000 աշակերտներու «Սարդարապատ» յաղթերգի հաւաքական երգեցողութեամբ:

Յայտնենք, որ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին լիբանանահայ հետեւեալ 13 վարժարանները. Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարան, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան, Հայ աւետարանական քոլեճ, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան, ՀԲԸՄ-ի վարժարաններ, Թէքէեան վարժարան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք, Ազգային Միացեալ վարժարան, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճ եւ Թրիփոլիի Ազգային Նուպարեան-Խրիմեան վարժարան:

 

Նախորդը

Կլոր Սեղան-Սեմինար` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Եւ Ինտիանա Հասան Կիսաւարտական

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?