Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բոլշեւիկներու Բռնագրաւումներն Ու Վայրագութիւնները Արցախի Մէջ

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Ռուս-Թրքական Դաշնագիրի Նախագիծ

Ապրիլ 30, 2025
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւելքի Ժողովուրդներու Պաքուի Համագումարը

Պաքուի Արեւելքի ժողովուրդներու համագումարը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Թուրքիոյ սուլթանական կառավարութեան եւ համաշխարհային առաջին պատերազմին յաղթած դաշնակից պետութիւններուն միջեւ 10 օգոստոս 1920-ին կնքուեցաւ Սեւրի դաշնագիրը:

Թուրքիա եւ Հայաստան կը համաձայնէին Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի ու Պիթլիսի նահանգներուն մէջ երկու պետութիւններու միջեւ սահմանագծումը Միացեալ Նահանգներուն վստահիլ եւ ընդունիլ անոր որոշումը:

* * *

Ռուսաստանի բոլշեւիկեան կուսակցութեան քաղաքական բիւրոն 13 օգոստոս 1920-ին Լենինի մասնակցութեամբ քննարկեց Գէորգի Չիչերինի առաջարկները Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մասին:

Յաջորդ օր, օգոստոս 14-ին Լենին անձամբ ընդունեց Պեքիր Սամիի գլխաւորած քեմալական Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը:

Թուրքիոյ կողմէ Շահթախթի եւ Սարըղամիշի գրաւման նպատակայարմարութեան հարցը Օրջոնիկիձէի հետ հեռագիրով պարզելէ ետք, Չիչերին Պեքիր Սամիի յայտնեց, որ խորհրդային կառավարութիւնը դէմ չէ այդ միջոցառման, պայմանաւ որ թուրքեր այդ գիծը չանցնին:

Ռուս-թրքական բանակցութիւնները աւարտեցան օգոստոս 24-ին, բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարաբերութիւններու վերաբերեալ հիմնական սկզբունքները որոշող դաշնագիրի նախագիծի մշակումով:

Կողմերը կը համաձայնէին ուժի թելադրանքով պարտադրուած դաշնագիրները չճանչնալու, ցարական Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ նախապէս ստորագրուած դաշնագիրները չեղեալ յայտարարելու, Վոսփորի ու Տարտանէլի իրավիճակի լուծումը սեւծովեան պետութիւններու համագումարին յանձնելու, տնտեսական, ելեւմտական եւ հիւպատոսական համաձայնութիւններ կնքելու մասին:

Հայաստանի համար յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէին 3-րդ եւ 4-րդ յօդուածները:

Երրորդ յօդուածին համաձայն կողմերը պարտաւորութիւն կը ստանձնէին փոխադարձ համաձայնութեամբ, ամենակարճ ժամկէտով ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները մարդոց եւ ապրանքներու փոխադրութեան նպատակով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հաղորդակցութեան ճանապարհները բանալու համար: Պարզ էր, որ այդ ճանապարհը պէտք է բացուէր Հայաստանի վրայով:

Չորրորդ յօդուածը կ՛ըսէր, որ Ռուսիա համաձայն է միջնորդութիւն ստանձնել Թուրքիոյ եւ սահմանակից այն երրորդ պետութիւններուն միջեւ, որոնք իրենց իշխանութեան տակ կը պահէին թրքական «Ազգային ուխտ»-ի մէջ մտցուած որեւէ տարածք: Թրքական «Ազգային ուխտ»-ը ընդունելով, խորհրդային կառավարութիւնը կ՛ընդունէր Թուրքիոյ իրաւունքը Պաթումի, Կարսի եւ Արտահանի վրայ:

Թուրքիոյ յատկացուելիք դրամական օգնութիւնը պիտի ըլլար 10 միլիոն ոսկի ռուբլիի ծաւալով, որ կը կազմէր 7.74 թոն ոսկի` ի լրումն արդէն յատկացուած 620 քիլոկրամ ոսկիին:

* * *

Շուշի 1920-ին

Խորհրդային Ռուսաստանի մէջ քաղաքացիական կռիւները կը շարունակուէին: Տենիքինի, Վրանկէլի, Եուտենիչի եւ Քոլչաքի սպիտակ բանակները իրերայաջորդ ծանր հարուածներ ստացած էին: Բոլշեւիկեան Ռուսիա կտրուած էր պարէնի, հումքի եւ վառելանիւթի կարեւոր շրջաններէ:

Բոլշեւիկեան յեղափոխութեան նուաճումները ամրապնդելու նպատակով ամբողջ ժողովրդական տնտեսութիւնը վերակառուցուած էր ռազմական ձեւով եւ ռազմական համայնավարութիւն հաստատուած էր: Բոլոր ուժերն ու նիւթական աղբիւրները կեդրոնացուած էին պետութեան ձեռքը: Սահմանուած էր համընդհանուր աշխատանքային պարհակ: Կազմուած էին չքաւորութեան կոմիտէներ, որոնք ստանձնած էին դասակարգային պայքարը եւ ունեւոր նկատուող գիւղացիներէն կը գրաւէին անոնց ուտեստեղէնները, չքաւորներուն եւ կարմիր բանակին յատկացնելու առաջադրանքով:

Ռազմական համայնավարութիւնը իր ամբողջ այլանդակութեամբ դրսեւորուեցաւ Արցախի մէջ, ուր գիւղացիներէն բռնագրաւումները հասան անհանդուրժելի համեմատութիւններու:

Կարմիր բանակի զօրամասերը 1920-ի ամրան ներխուժեցին Դիզակի գիւղերը եւ Արցախ ներմուծուած խորհրդային մարմիններու օժանդակութեամբ զանգուածային բռնագրաւումներու ձեռնարկեցին:

Արցախի մէջ հաստատուած խորհրդային իշխանութիւնները, առանց դատ ու դատաստանի, հաշուեյարդարներ կը տեսնէին, կեանքի ու մահուան հարցեր կը լուծէին: Քիչ թէ շատ բարեկեցիկ կեանք ապրողները, վարելահողեր, անասուններ ունեցողները, բարեկիրթ անձերը, մտաւորականները, հոգեւորականները, կը նկատուէին խորհրդային կարգերուն խորթ տարրեր, ժողովուրդը շահագործողներ, վաշխառուներ եւ չարաշահութեամբ հարստացած մարդիկ եւ կը հալածուէին: Անոնցմէ շատեր բանտարկուեցան եւ տասնեակներով գնդակահարուեցան:

Ստեղծուած կացութեան առջեւ շատեր հեռացան Արցախէն եւ Զանգեզուր ապաստան գտան: Շատեր ալ անտառները թաքնուեցան: Զանգեզուր հասնողներէն ոմանք Գարեգին Նժդեհի զօրքերուն միացան:

Հարիւրաւոր երիտասարդներ, մտաւորականներ, երկար տարիներ ժողովուրդի ծառայութեան նուիրուած գործիչներ եւ հոգեւորականներ Շուշիի, Գանձակի եւ Պաքուի բանտերուն մէջ դաժան չարչարանքներու ենթարկուեցան եւ անոնցմէ շատեր Թարթառի կողմերը տարուելով կացինահարուեցան:

Արցախի ամբողջ հայութիւնը զինաթափ եղած էր բոլշեւիկներուն կողմէ եւ վայրագութիւններուն չափ ու սահման չկար:

Բոլշեւիկներ արցախցի գիւղացիներէն կը պահանջէին տասնեակ հազարաւոր փութերով ցորեն ու գարի, կը խլէին գիւղին ամբողջ բերքը, անասունները եւ այլն սեփականութիւն եւ գիշերով կ՛ուղարկէին Պաքու կամ Ռուսաստան: Գիւղերու մէջ շրջող զինուած պահակները ահաբեկչութեան բոլոր միջոցները կը գործադրէին:

Հայ երիտասարդները զանգուածաբար կը հաւաքագրուէին եւ անոնց կը պարտադրուէր ծառայելու Ազրպէյճանի բանակին մէջ: Ուժեղ քարոզչութիւն կը տարուէր Արցախի հայութիւնը Ազրպէյճանի հպատակ դարձնելու համար: Բռնութեամբ կը ստիպէին ստորագրել ճանչնալու Ազրպէյճանի իշխանութիւնը:

* * *

Հերհեր Մարտունիի շրջանին մէջ

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան օրկան «Յառաջ» թերթը 7 սեպտեմբեր 1920-ի թիւով եւ «Սարսափի աշխարհից» խորագիրով խմբագրականով կը գրէր.

«Զանգեզուր.- Ղարաբաղը քանդւում է:

Հայ ժողովուրդը ապրում է սարսափի օրեր:

Երեք տարրեր` հայ տականքներ, թաթարներ եւ բոլշեւիկներ, ձեռք-ձեռքի տուած, առաջ են տանում մեր հարազատ երկրամասի քայքայման գործը:

Հայերը մատնում են, առաջնորդում են դրսեցիներին, իրենց հին հաշիւներն են մաքրում, կուսակցական թոյնն են թափում դաշնակցական գործիչների վրայ, խոշոր կաշառքներ վերցնելով` աւերում են մեր հայրենիքը եւ բոլոր մտաւորական ուժերին, հասարակական գործիչներին սպառնում, իբրեւ հակայեղափոխականների, հրացանազարկ տալ:

Թաթարները, օգտուելով իրենց համար ստեղծուած նպաստաւոր պայմաններից, անցեալի համար վրէժ են լուծում, կատարում են սպանութիւններ, կազմակերպում են թալաններ եւ աւազակային խմբերի միջոցով աւերում մեր գիւղերը:

Ռուսները` բոլշեւիկներ, մեր երկրի մէջ չթողեցին հարստութիւն, բռնագրաւեցին հացահատիկը, ընտանի կենդանիները, զէնքերը եւ Բաքուի վրայով փոխադրում են դէպի Ռուսաստան…:

Դրանից աւելի սարսափելին նրանք կատարում են` հրացանազարկ անելով հասարակական գործիչներին, զինաթափ անելով հայկական գիւղեր, վախ ու սարսափ տարածելով բոլորի մէջ…

Եւ այս երեքը միացած` առաջ են տանում Ղարաբաղ-Զանգեզուրի կործանումը…

Ում է պատկանում Զանգեզուր-Ղարաբաղը:

Ոչ ոքի:

Դա մի չէզոք շրջան է ըստ օգոստոս 10-ի համաձայնութեան, ժամանակաւորապէս պիտի գրաւուի ռուսների կողմից եւ միայն ռուսների` մինչեւ այդ հարցի վերջնական լուծումը…

Միթէ այդ Ռուսաստանի հողամասերից է, որ չկարողանանք յանձնախումբ ուղարկել:

Ոչ եւ հազար անգամ ոչ:

Ապա ինչո՞ւ մենք այդքան անտարբեր ենք եւ ինչո՞ւ միայն չոր փաստերն արձանագրելով ենք անցնում, առանց գործնական որեւէ քայլի:

Մի՞թէ այդպէս էինք վարւում, երբ Մուսաւաթն էր ուզում տարածել իր թեւերը եւ կամ նրանք էին կատարում ապօրինութիւններ ու սպանութիւններ…

Իսկ այսօր ուժգնօրէն բողոքում ենք: Գործնական միջոցների չենք դիմում` Ղարաբաղ-Զանգեզուրի իսկական վիճակը պարզելու համար…

Մեր պատմութեան թիկունքը` Ղարաբաղ-Զանգեզուրը քայքայւում է…»:

* * *

Բանաձոր Հադրութի շրջանին մէջ

Համայնավար միջազգայնականի գործադիր կոմիտէի նախաձեռնութեամբ 1-էն 8 սեպտեմբեր 1920-ին Պաքուի մէջ կայացաւ Արեւելքի ժողովուրդներու առաջին համագումարը:

Համագումարին կը մասնակցէին Արեւելքի 37 ազգերու 2045 ներկայացուցիչներ, որոնց 101-ը Հայաստանէն:

Համագումարի ընթացքին Արեւելքի ժողովուրդներուն կոչ ուղղուեցաւ «սրբազան պատերազմ» ծաւալել «միջազգային կայսերապաշտութեան» եւ «դրամատիրական կեղեքիչներու» դէմ:

Համայնավար միջազգայնականի գործադիր կոմիտէի նախագահ Գրիգորի Զինովեւ իր ելոյթի ընթացքին կոչ ուղղեց սրբազան պատերազմ սկսիլ կայսերապաշտութեան եւ առաջին հերթին Անգլիոյ դէմ: Իսկ Հայաստան կը նկատուէր Անգլիոյ եւ կայսերապաշտներու դաշնակից, եւ հետեւաբար համագումարը ուղղուած էր նաեւ եւ առաջին հերթին Հայաստանի դէմ:

Թիֆլիսի «Մշակ» թերթը 18 սեպտեմբեր 1920-ի թիւով կը գրէր. «Սրբազան պատերազմը մահմեդական աշխարհում շատ հասկանալի մի շարժում է, որ կրկնուել է պատմութեան մէջ անթիւ անգամներ եւ մարդկութեան գլուխն անթիւ եւ  անհամար սոսկումներ է բերել: Սրբազան պատերազմը միայն կրօնի համար է, միայն կրօնի եւ թշնամիների դէմ: Բաքուի արեւելեան ժողովի մէջ պատերազմի հրաւէրը շատ հեշտ ըմբռնուեց եւ շատ հարազատ տպաւորութիւն թողեց հաւաքուած արեւելցի իսլամների սրտի մէջ: Ամէն մէկը հասկացաւ, որ քարոզւում է արշաւանք քրիստոնեաների դէմ: Զինովեւի խօսքերը, թէ այդ պատերազմը պիտի կապիտալիստների եւ իմպերիալիստների դէմ լինի, անհասկանալի կը մնան արեւելցու համար, որ գիտէ միայն երկու կարգի մարդիկ – գեաւուր եւ ուղղահաւատ»:

Թուրք եւ ազրպէյճանցի պատուիրակներու կողքին, հայ բոլշեւիկները իրենց ելոյթներու ընթացքին հանդէս եկան Խորհրդային Ռուսաստանի եւ Ազրպէյճանի օգնութեամբ «կայսերապաշտութեան ձեռքը գործիք դարձած» Հայաստանի իշխանութիւնը տապալելու եւ Հայաստանը խորհրդայնացնելու կոչերով:

Յանուն համաշխարհային յեղափոխութեան յաղթանակի պէտք է զոհաբերուէր «միջազգային կայսերապաշտութեան գործակալ» Հայաստանը:

 

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Թրքական Բանակին Ներխուժումը Հայաստան
Պատմական

Թրքական Բանակին Ներխուժումը Հայաստան

Մայիս 14, 2025
Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր
Պատմական

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Ապրիլ 9, 2025
Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր
Պատմական

Շուշին Վերաշինելու Եւ Արցախը Մայր Հայրենիքին Վերամիաւորելու Ծրագիր

Մարտ 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?