Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրիա Եւ Ազրպէյճան. Ի՞նչ Փոփոխութիւններ Կը Սպասուին Պաշշար Ասատի Տապալումէն Ետք

Ապրիլ 29, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ռուսական կիսապաշտօնական քաղաքական մարտավարական հիմնարկին` «Վալտայ» միջազգային քննարկումի ակումբին, 7 մարտ 2025-ի յօդուածին խորագիրն է վերոնշեալը: Հեղինակը` դոկտ. Վալի Քալեժի, Թեհրանի մէջ, Կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասի ուսումնասիրութիւններու փորձագէտ է: Ստորեւ ամբողջութեամբ կը թարգմանեմ Հայաստանի ու հայութեան համար ահազանգ պարունակող այս յօդուածը (1).

Նախ` «Վալտայ»-ի նախաբանը. «Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը իր սերտ դաշնակից Թուրքիոյ հետ միասին կը փորձէ նոր յարաբերութիւններ սահմանել Սուրիոյ նոր ղեկավարներուն հետ: Այս զարգացման կարեւոր եւ երկարաժամկէտ հետեւանքը կ՛ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հանրապետութիւններուն միջեւ աւելի սերտ համադրուած քաղաքական ուղղութեան դրսեւորումին»:

Դամասկոսի հրապարակը` Ասատի կառավարութեան անկումին օրը:

Ա.- «Սուրիոյ եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու աստիճանական զարգացումը:

Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութիւնը 16 յունուար 1992-ին ճանչցաւ ազրպէյճանական պետութեան անկախութիւնը, եւ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուեցան 28 մարտ 1992-ին: Հակառակ ղարաբաղեան առաջին պատերազմին ժամանակ (1988-1994) Սուրիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սերտ կապերուն, Պաքուն եւ Դամասկոսը փորձեցին զարգացնել յարաբերութիւնները` առանց «երրորդ գործօնի» ազդեցութեան: Թէեւ Պաքուի եւ Դամասկոսի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը չընթացաւ Երեւանի եւ Դամասկոսի յարաբերութիւններուն չափով, սակայն Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը մայիս 2008-ին դեսպանութիւն բացաւ Դամասկոսի մէջ:

«9 յուլիս 2009-ին Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ Ազրպէյճան իր առաջին պաշտօնական այցը կատարեց: Կողմերը համաձայնեցան 1-1,5 միլիառ խորանարդ մեթր ազրպէյճանական կազ մատակարարել Սուրիա: Այցին ընթացքին տեղի ունեցաւ Ազրպէյճան-Սուրիա գործարարներու համաժողով: 23 նոյեմբեր 2010-ին կողմերը համաձայնեցան բնական կազի 20-ամեայ գնումի գործնական մանրամասնութիւններուն շուրջ: Դեկտեմբեր 2011-ին Ազրպէյճան սկսաւ բնական կազ արտածել Սուրիա` Թուրքիոյ եւ Վրաստանի վրայով:

Բ.- «Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմէն ետք` դէպի յարաբերութիւններու կրճատում:

«Սակայն 15 մարտ 2011-ին սուրիական քաղաքացիական պատերազմը սկսելէն ետք, Ազրպէյճանի եւ Սուրիոյ յարաբերութիւնները աստիճանաբար բարդացան: Պաքուն յայտարարեց, որ ժամանակակից միջազգային համակարգին մէջ իբրեւ փոքր պետութիւն` Ազրպէյճանը կը փորձէ անմիջականօրէն չներքաշուիլ սուրիական հակամարտութեան մէջ: Սակայն Ազրպէյճանի վրայ իր ազդեցութիւնը ունեցաւ տարբեր առումներով:

«Նախ` կրօնական տեսակէտէն, ի տարբերութիւն քրիստոնեայ Հայաստանին, Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը իսլամական երկիր է: Հետեւաբար Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը եւ տարբեր ահաբեկչական խմբաւորումներու, ինչպիսիք են՝ ՏԱՀԵՇ-ը եւ Ալ-Նուսրա ճակատը, իրենց արմատական կրօնական գաղափարներով յայտնուիլը, կրնային ազդել Ազրպէյճանի հասարակութեան վրայ` հակառակ Սուրիայէն անոր աշխարհագրական հեռաւորութեան, ինչպէս նաեւ` Սուրիոյ եւ Ազրպէյճանի կրօնական տարբեր կառուցուածքին եւ կազմին վրայ:

«Տարբեր գնահատականներ կային, թէ քանի՛ Ազրպէյճանի քաղաքացիներ միացած են «խալիֆայութեան», թիւը շուրջ 400-1000 զինեալ է: Սուրիական քաղաքացիական պատերազմին մասնակցող ազրպէյճանցի մարտիկներուն թիւը էական չէր: Սակայն սալաֆական (ծայրայեղ իսլամ *) գաղափարները կրնային սպառնալ երկրին քաղաքական աշխարհիկ կառուցուածքին:

«Երկրորդ` քաղաքական տեսանկիւնէն, «Արաբական գարուն»-ի յեղափոխութիւններուն սկիզբէն, Պաքուն կը գտնուէր քաղաքական անորոշ վիճակի մը մէջ: Օրինակ` Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հուսնի Մուպարաքի արձանը վերցուեցաւ Պաքուի արուարձաններէն եւ փոխարինուեցաւ աւելի չէզոք արձանով մը: Սակայն հակառակ Թուրքիոյ հետ սերտ եւ ռազմավարական յարաբերութիւններուն, Պաքուն չէր կրնար բացայայտօրէն աջակցիլ սուրիական ընդդիմութեան եւ Դամասկոսի կառավարութեան փոփոխութեան: Միւս կողմէ` Պաքուն չէր ուզեր նաեւ աջակցիլ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Իրանի մօտիկ դաշնակից Պաշշար Ասատի կառավարութեան: Այս երկուութիւնը պատճառ դարձաւ, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը սուրիական ճգնաժամին նկատմամբ զգուշաւոր մօտեցում որդեգրէ:

«Թէեւ Ազրպէյճանը հոկտեմբեր 2011-ին ստիպուած էր պաշտպանել Արաբական լիկայի որոշումը` դադրեցնելու Սուրիան իբրեւ ՄԱԿ-ի խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ, ան շատ աւելի զգուշ գտնուեցաւ: Արդարեւ, ազրպէյճանական կառավարութիւնը, որ նախապէս լռած էր Սուրիոյ տագնապին մասին, դաժանօրէն բռնի` այդ փակուղին նկատեց իբրեւ դրական զարգացում: Ղեկավարութիւնը կը հաւատար, որ դաժան եւ քաոսային աղանդաւորական բռնութիւնը, որ յաջորդեց Ասատի դէմ ապստամբութեան, վարկաբեկեց նոյնինքն Պաքուի կառավարութեան փոփոխութեա՛ն ալ որեւէ մղում: Ճակատագիր մը, որմէ երկիրը կ՛ուզէ խուսափիլ: Սուրիական քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Սուրիոյ մէջ Ազրպէյճանի դեսպանութիւնը Պէյրութ տեղափոխուեցաւ:

«Բացի այդ, մէկ կողմէ Պաքուն Սուրիան մեղադրած է Հայաստանի հետ համագործակցելուն համար` Ղարաբաղի մէջ սուրիահայեր բնակեցնելու, իսկ միւս կողմէ` Ազրպէյճանը աջակցած է 2 յունուար 2018-ի սուրիական Աֆրինի մէջ քրտական ՓՔՔ-ի եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Թուրքիոյ գործողութեան: Պաքուի եւ Դամասկոսի միջեւ տարաձայնութիւնները նոր փուլ մտան ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի ժամանակ (27 սեպտեմբերէն – 10 նոյեմբեր, 2020): Մինչ Հայաստանն ու Սուրիան կը մեղադրէին Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը սուրիացի սալաֆական զինեալներ Ղարաբաղ ուղարկելու մէջ, Պաքուն եւ Անգարան կը մեղադրէին Սուրիան եւ Հայաստանը` Հայաստանի ազատագրութեան հայկական գաղտնի բանակին (ASALA), Ժողովրդական պաշտպանութեան ջոկատներուն (YPG) եւ Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութեան (PKK) տարածաշրջանին մէջ օժանդակելուն համար: Այս զարգացումներուն հետեւանքը Դամասկոսի եւ Պաքուի յարաբերութիւններուն մակարդակի կտրուկ անկումն էր:

Գ.- «Պաշշար Ասատի կառավարութեան փլուզումէն ետք ի՞նչ փոփոխութիւններ կը նախատեսուին:

«Սակայն կը թուի, թէ 8 դեկտեմբեր 2024-ի Պաշշար Ասատի կառավարութեան յանկարծակի անկումէն ետք այս պայմանները աստիճանաբար կը փոխուին, եւ արտաքին քաղաքական բազմաթիւ մօտեցումներ կը վերանայուին: Շատ կարեւոր է 30 դեկտեմբեր 2024-ին Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհայի գլխաւորութեամբ բարձրաստիճան պատուիրակութեան Դամասկոս այցը, որ հանդիպեցաւ Սուրիոյ առաջնորդ եւ «Հայաթ Թահրիր ալ-Շամ»-ի (HTS) ղեկավար Ապու Մոհամետ ալ-Ժոլանիի (Ահմետ Հուսէյն ալ-Շարահ) հետ:

«Իրօք, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Եալչին Ռաֆիեւը 29 դեկտեմբեր 2024-ին Սուրիա կատարած վերջին այցի ժամանակ հանդիպեցաւ Սուրիոյ նոր արտաքին գործոց նախարար Ասատ ալ-Շայպանիի հետ: Այնուհետեւ Ազրպէյճանը 13 տարուան ընդմիջումէն ետք, 18 փետրուար 2025-ին վերաբացաւ Դամասկոսի մէջ իր դեսպանատունը: Արդարեւ, ան ընդգծեց, որ Ազրպէյճանը, Թուրքիոյ կողքին, զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ այս վճռորոշ ժամանակաշրջանին, որ նպատակ ունի ապահովելու երկրին կայունութիւնը եւ իր ժողովուրդին բարօրութիւնը: Ռաֆիեւը նաեւ վստահեցուցած է, որ Սուրիոյ վերականգնումին  համար Ազրպէյճան անհրաժեշտ ամբողջ աջակցութիւնը կը տրամադրէ:

«Այս յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը մտադիր է իր աւանդական դաշնակից Թուրքիոյ կողքին, աւելի կարեւոր դեր խաղալ Ասատէն ետք Սուրիոյ մէջ: Կը թուի, որ Թուրքիոյ հետ սերտ յարաբերութիւնները Սուրիոյ նոր ղեկավարներուն հետ, ինչպէս նաեւ Ասատէն ետք Սուրիոյ մէջ Հայաստանի բացակայութիւնն ու տկարացումը լաւ հնարաւորութիւն կ՛ընձեռեն Պաքուին: Բացի այդ, Ազրպէյճանը կրնայ Թուրքիոյ հետ մասնակցիլ Սուրիոյ վերաշինութեան գործին, որ այնտեղի ազրպէյճանական պետական եւ յատուկ ընկերութիւններու տնտեսական եւ առեւտրային ազդեցութիւնը, Ասատի հեռանալէն ետք, կը մեծցնէ:

«Այլ ուշագրաւ կէտ է Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմէ Պաշշար Ասատի իշխանութեան անկումին եւ Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վերագրաւումին նմանութիւնը*: Այս առնչութեամբ, Եալչին Ռաֆիեւը Սուրիոյ նոր արտաքին գործոց նախարար Ասատ ալ-Շայպանիի հետ հանդիպման ժամանակ ընդգծած է, որ «Ազրպէյճանի փորձը` վերականգնելու ազատագրուած տարածքները, կարելի է կիրարկել Սուրիոյ մէջ վերականգնումի ջանքերուն` ակնարկելով Ղարաբաղին, որ ազատագրուած է 2020-2023-ին շուրջ 30 տարի գրաւումէն»**: Իրօք, Շայպանին ընդգծեր է, որ` «Ազրպէյճանի կողմէ իր գրաւեալ տարածքներու ազատագրումը վճռորոշ է համաշխարհային խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար եւ իր շնորհաւորանքը յղած է ազերի ժողովուրդին»:

*Ո՛չ մէկ դոյզն նմանութիւն կարելի է տեսնել: **Ազերին իր գրաւած տարածքներուն մէջ գիւղեր, եկեղեցիներ եւ մշակութային յուշարձաններ քանդած է ու կը քանդէ տակաւին եւ գերեզմաններ կը պղծէ: Ի՛նչ վերականգնումի մասին է խօսքը:

«Մինչ Պաշշար Ասատի ղեկավարութեամբ, Անգարայի հետ լարուածութիւնը գագաթնակէտին էր, Սուրիան կը փորձէր հակազդել Թուրքիոյ մօտեցումին, որ կ՛աջակցէր սուրիական ընդդիմութեան` հայերու կոտորածով (ցեղասպանութեամբ*): Օրինակ` Սուրիոյ այն ժամանակուան փոխվարչապետ եւ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հետ մամլոյ ասուլիսին, 27 մայիս 2015-ին, Դամասկոսի մէջ ըսաւ. «Եթէ միջազգային հանրութիւնը անհրաժեշտ պատիժ սահմանէր 20-րդ դարասկզբին Հայոց ցեղասպանութիւնը գործադրած դահիճներուն նկատմամբ, ապա անոնց սերունդները այսօր Թուրքիոյ մէջ չէին համարձակեր վայրագութիւններ գործել Սուրիոյ մէջ իրենց խաղաքարերուն միջոցով»: Ուստի զարմանալի չէր, որ Սուրիան երկրորդ արաբական երկիրն էր Լիբանանէն ետք, որ ճանչցաւ հայերու ջարդերը` իբրեւ ցեղասպանութիւն, 13 փետրուար 2020-ին:

«Վերջին կարեւոր իրադարձութիւնը` 14 փետրուար 2025-ին, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը շնորհաւորեց Ահմատ ալ Շարաաը (Ապու Մոհամետ ալ Ժոլանին)` անցումային շրջանի Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Ուղերձին մէջ ըսած է. «Այսօր մեծ հնարաւորութիւններ կան Ազրպէյճանի եւ Սուրիոյ միջեւ յարաբերութիւնները որակապէս նոր մակարդակի բարձրացնելու եւ մեր համագործակցութիւնը նոր բովանդակութեամբ հարստացնելու համար: Այս առումով, ես առիթէն կ՛օգտուիմ`  հրաւիրելու ձեզ Ազրպէյճան այցելել»: Կարծես թէ կարելի է ակնկալել, որ Սուրիոյ նոր ղեկավարը մօտ ապագային կ՛այցելէ Պաքու` Սէուտական Արաբիա եւ Թուրքիա կատարած պաշտօնական այցելութիւններէն ետք:

«Հետեւաբար Սուրիոյ նոր ղեկավարներուն այժմու դիրքորոշումները լիովին կը հակասեն Պաշշար Ասատի ղեկավարութեան տակ գտնուող դիրքորոշումին` հայերու եւ Հայաստանի զօրակցութեան եւ աջակցելուն վերաբերեալ: Այս կը նշանակէ, որ Պաշշար Ասատի տապալումէն ետք զգալի փոփոխութիւն կատարուած է Սուրիոյ մօտեցումներուն մէջ` թէ՛ Ազրպէյճանի եւ  թէ՛ ալ Հայաստանի նկատմամբ: Այս զարգացումին կարեւոր եւ երկարաժամկէտ հետեւանքը կ՛ըլլայ Հարաւային Կովկասի մէջ Սուրիոյ, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ աւելի մեծ գործակցութիւնը:

Այս յօդուածէն կը պակսի Իսրայէլի գործօնը, որ հաւանաբար Թուրքիայէն աւելի՛ սերտ ռազմավարական դաշնակիցն է Ազրպէյճանին: Այնպէս որ, Հարաւային Կովկասի մէջ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Սուրիոյ կողքին, պէտք է աւելցնել նաեւ Իսրայէլի գործօնը եւ այս չորսին ետին կանգնող Միացեալ Նահանգները: Այս ռազմավարական դաշինքին դէմ կը յայտնուին, միա՛յն Իրանը եւ Ռուսիան: Շատ յստակ է, որ Հայաստանը իր բնական ռազմավարական դաշնակիցներուն` Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ ամբողջական կերպով պէտք է գործակցի:

14 մարտ 2025

haroutchekijian.wordpress.com

———–

* Լուսաբանութիւնները իմ կողմէս

  1. https://valdaiclub.com/a/highlights/what-changes-are-coming-after-the-fall-of-assad/?utm_source=newsletter&utm_campaign=471&utm_medium=email
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (28 Ապրիլ 2025)

Յաջորդը

Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար. Մկրտիչ Պուլտուքեան (1938-2024)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?