Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաերիտասարդական Հսկում` Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին Վանքի Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին Առջեւ

Ապրիլ 28, 2025
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի, ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի, ՌԱԿ «Փ. Փորթուգալեան» ակումբի, ՀԵՀՈՄ-ի, ՀԿՀՄ-ի, ՀԿԵՄ-ի եւ Քրիստոնէական Ջանից միութեան, հինգշաբթի, 24 ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ  Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ համաերիտասարդական հսկում:

Լիբանանահայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները ներկայացնող կղերականներու կողմէ կատարուեցաւ բարեխօսական կարգ, որմէ ետք իւրաքանչիւր միութեան անունով զետեղուեցան ծաղկեպսակներ:

Ապա կազմակերպիչ միութիւններուն անունով միացեալ խօսքը արտասանեց ՀԵՀՈՄ-ի ատենապետ Կալի Աւագեան, որ անդրադարձաւ համաթուրանական ծրագիրին, որուն իրականացման ուղին կը պահանջէր հայ ազգի ցեղասպանութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով Ցեղասպանութեան ընթացքը, հայութեան կոտորածը, հայկական պապենական հողերէն հայ անուան ու հայկական շունչի անհետացումը:

«Այո՛, հողային իմաստով թուրքին երազը իրականացաւ 1915-ին, եւ ներկայիս հայկական ճակատին վրայ ան իր նպատակը կ՛իրականացնէ իր եղբօր` ազերիին միջոցով: Ազերին այսօր ընկերային ցանցերու վրայ քարոզչական հսկայ աշխատանքներ տանելով եւ երկրին պաշտօնական էջերուն վրայ համաշխարհային ատեաններուն ընդառաջ տեղադրելով, այսպէս կոչուած, պատմական կեղծ տուեալներով կը շարունակէ օսմանցի թուրքին սկսած աշխատանքը` համաթուրանական ծրագիրին իրականացման համար: Նաւթային մուտքերով սնանած ազերիական իշխանութիւնը միջազգային ընտանիքէն որոշ հատուածներ գնելով ու վաճառելով կը շարունակէ իր հրէշային գործը:

«Այսօր Թալէաթին փոխարինած է Էրտողանը, Պեհպութ Խան Ճիւանշիրին` Ալիեւը, իսկ Օսմանեան կայսրութեան` Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը», ըսաւ ան:

Աւագեան դիտել տուաւ, որ,  հակառակ այս բոլորին, 110 տարիներ ետք իսկ  չէ իրականացած անոնց գլխաւոր նպատակը, որովհետեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ հայորդիներ կը հաւաքուին եւ կ՛ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը:

«Արցախի հայաթափումը ինքնին փաստ է, որ Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի: Այս իմաստով ապրիլը այլեւս բաւարար չէ: Իրավիճակը կը սպասէ յեղաշրջման: Երիտասարդութիւնը, իր կարգին, կը փորձէ ըլլալ այդ յեղաշրջումը կատարողը: Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման օրակարգը պէտք է մնայ, այնքան ատեն որ Թուրքիան չէ ճանչցած իր ոճիրը` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Ոգեկոչումի այս հաւաքներով հայ երիտասարդները, որոնք սերած են Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներէն, վառ կը պահեն մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակը: Անոնք նաեւ կը պահանջեն Ցեղասպանութեան ճանաչում եւ արդար հատուցում:

«Իբրեւ սփիւռքահայ երիտասարդներ` մենք ունինք շատ կարեւոր պարտականութիւն մը: Անիկա միասնականութիւն ապահովելն է: Եթէ չկայ միասնականութիւն, չկայ Հայ դատ, չկայ իրաւունքներու պաշտպանութիւն եւ չկայ ազգի արժանապատուութիւն:

«Առանց հայութեան միասնական ուժին` թուրքը շատ դիւրութեամբ իր նորօրեայ զէնքերով` անոնք ըլլան երկաթ կամ թուղթ-ընկերային ցանցեր, կը հասնի Երիտասարդ թուրքերու կողմէ մշակուած նպատակի իրագործման: Կ՛ոչնչանան Հայաստան երկիրը եւ ապա հայ անունը: Իսկ սպիտակ ցեղասպանութիւնն ալ մնացած հայութիւնը կը ձուլէ, եւ հայ անունը կը մնայ լոկ բառ մը: Մենք կը մերժենք այս ճակատագիրը, վստահ ենք, որ հայ ժողովուրդը պիտի չհամակերպի այս վիճակին հետ, եւ պայքարը պիտի շարունակուի», եզրափակեց Կալի Աւագեան:

Միացեալ խօսքէն ետք ՀՅԴ ԼԵՄ-ի անդամ Սարին Նալպանտեան ասմունքեց Արմէն Աւետիսեանի «Ժամն է հատուցման» եւ «Արեան կանչով» երկու կտորներու համադրուած բանաստեղծութիւնը: ՌԱԿ «Մ. Փորթուգալեան» ակումբի «ԹՄՄ» պարախումբէն Մելիսա Արմաղանեան «Երգ Կիլիկիա» երգով ունեցաւ ելոյթ մը: Քրիստոնէական Ջանից միութեան անդամ Նայիրի Պարսումեան, ընկերակցութեամբ միութեան նուագախումբին, ելոյթ ունեցաւ երգով մը: ՀՅԴ ԶՈՄ-ի անդամ Սէրլի Նեմշէհիրլեան տուտուկով ներկայացուց «Տուն իմ հայրենի» երգին երաժշտութիւնը:

Հսկումը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

 

Նախորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակում Գործեց Պէյրութի Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ

Յաջորդը

Բագրատունի. «Կը Շարունակենք Մեր Պայքարը, Որ Յանուն Աշխարհի Վրայ Մարդուն Գոյութեան Է Եւ Յանուն Արդարութեան Իրականացման»

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Մայիս 15, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

Մայիս 15, 2025
«Echoes Of A Classroom» Հատորի Շնորհահանդէս
Գաղութային

«Echoes Of A Classroom» Հատորի Շնորհահանդէս

Մայիս 15, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?