ՅՈՎԻԿ ՕՀԱՆԵԱՆ
Արաբերէնէ թարգմանեց ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
1915-ի ապրիլ 23-ի գիշերն էր…
Այդ գիշեր
Իր խաչին գամուած Քրիստոս ըսաւ,
«Տէ՛ր իմ, թեւերուդ մէջ կ՛աւանդեմ հոգիս…»
Երկինքը արցունքոտեց,
Լացողը հոգէառ հրեշտակն էր,
Մահէն սարսափած սադայէլն էր ինքնին…
Երանի՜ սադայէլին,
Այդ գիշեր, նստած Մուսայ Լերան բարձունքին,
Տեսաւ եւ իր թեւերուն վրայ հրեշտակային,
Ու իր ճիրաններովը պոչաւոր սատանային,
Վաւերագրեց ողբերգութիւնը անմարդկային…
Ուրեմն,
Ե՛կ սադայէլ,
Ե՛կ, աղօթէ՛ մեզի համար,
Եւ համայն աշխարհին այս դժխեմ
Պատմէ՛ իրականութիւնը,
Պատմէ, մի վախնար,
Չես դրժեր հրահանգը Բարձրեալին…
Սադայէլ դէմ յանդիման եկած էր
զինք գերազանցող դաժան սադայէլի մը արիւնարբու,
եւ փախած` սարսափահար,
Ի տես նախճիրին,
Ի տես ոճիրին,
Ի տես զուլումին արնահեղ…
Մե՛նք մնացինք, չփախանք,
Փախչի՛ր սադայէլ,
Փախչի՛ր ամէնուր, փախչի՛ր սարսափած,
Բայց գիտցի՛ր, որ դրախտի դռները
Փակ կը մնան վախկոտներուն դիմաց…
Օ՛ն, վերադարձիր ականատեսդ,
Բա՛ց թեւերդ եւ գրէ՛ տեսածներդ բոլոր,
Գրէ՛ տեսածներդ բոսոր,
Թոյլ տուր, որ ճանչնան իրական դէմքդ սեւաւոր,
Դո՛ւն տանջուած հրեշտակ չես,
Պատմէ՛ Տիրոջ ստեղծագործութիւններուն,
Եւ դեռ ստեղծելիքներու մասին բոլոր…
* * *
Սադայէլ` հրեշտակն այդ հոգէառ,
Չէր կոխած գետինն արնավառ,
Սարսափած էր եռացող արեան հրայրքէն բոսոր,
Սահմռկած էր արնախեղդ ըլլալու մղձաւանջէն արնածոր:
* * *
Երանի՜ անոր,
Երանի՜ սադայէլին,
Տեսած էր գազանը ինքնին,
Որ կը սպաննէր, կը մորթէր,
Կը յօշոտէր, կը խեղդէր…
Տեսած էր գազանը,
Որ անմեղներու արիւնը կը հեղէր,
Կը խմէր արիւնը անմեղներու,
Եւ անոնց միսն ու փորոտիքը կը ծամէր,
Շունչդ բռնէ՛ սադայէլ,
Դեռ ոչինչ տեսար ոճիրներէն թեւաւոր սուլթանին,
Հանգիստ կա՛ց ու վճիռդ արձակէ՛,
Ժողովուրդ մը ամբողջ դատաստանիդ կը սպասէ…
* * *
Երանի՜ անոր,
Տեսած էր մանուկներու գլուխները հնձող մահը դաժան,
Մանուկ մը` մօրը արգանդին մէջ նահատակուած,
Մանուկ մը` Եփրատի մէջ խեղդամահ եղած
Եփրատի ջուրերուն մէջ մկրտուած,
Ու մահուան դէմ ըմբոստացած…
Արցունքներդ բաց վէրքերը բուժող
Բալասան չեն, սադայէ՛լ,
Մի՛ լար, հո՛ս մահը անխուսափելի է,
Հո՛ս մահը օրհասական է ….
Անոնք կը սպաննեն,
Եւ մե՛նք Աստուծոյ քով կը սրբանանք,
Անոնք կը մորթոտեն,
Եւ մե՛նք նահատակութեան լոյսով կը պայծառանանք…
Անոնք կը մնան,
Բայց դիակներու գարշահոտէն
Անոնց հոգիները կ՛որդնոտին ու խեղդամահ կը դառնան…
* * *
Երանի՜ անոր,
Այո՛, երանի՜ մահուան հոգէառ սադայէլին,
Որ լսեց աւերակներու ընդերքներէն բարձրացող
Կանանց ճիչերն աղիողորմ,
Որ կ՛առեւանգուէին,
Կը բռնաբարուէին,
Կը խոշտանգուէին
Ու կը փախչէին անելանելի ճանապարհներով մոլոր…
Եւ լռեց սադայէլը սարսափահար,
Բայց
Չլռեց Արարատը մեր,
Այո՛, Արարատը չլռեց…
Արարա՛տ, լեռներու արքան մեր,
Ցնցէ՛ հողն այս բոսոր
Ու կլլէ՛ անոր ուրուականներն ահաւոր,
Շարժէ՛ Սիսն ու Մասիսը,
Բա՛ց դռները բերդերուդ բոլոր,
Քանզի Արտաւազդ պատրաստ է արդէն
Պատերազմելու իր այրուձիով հզօր…
* * *
Արձանագրէ՛ տեսածներդ, սադայէ՛լ,
Եւ մի՛ թողուր, որ չարիքը դառնայ ամենակուլ կարգախօս,
Երկինք ուղարկէ առաքեալ մը բարեխօս,
Գուցէ պատմէ մարգարէներուն լուսավառ,
Որ Նոյեան տապանը դարձաւ աւեր ու աւար,
Գուցէ պատմէ Լուսաւորչին եւ խնդրէ,
Որ Տրդատին տայ խաչ մը երկսայրի,
Ախտազերծելու հողը`
Մուշ, Սասուն ու Վանի,
Հականեխելու հողը
Պղծումէն սատանային,
Իշխանութենէն առնէտներուն,
Եւ չարիքէն օսմանցիին…
* * *
Լո՛ւր տուր մարդկութեան համայն,
Որ Քրիստոս խաչուեցաւ իրենց հետ, իրենց նման,
Եւ Կոյս Աստուածածինը լուաց ձեռքերն իր
Կարմիր գինիով,
Ու ապտակեց քողարկուած դէմքը կարմիր սուլթանին,
Ապա երկինքն ի վեր գոչելով,
Ո՞ւր ես Տէր մեր,
Ո՞ւր ես Աստուած,
Ա՛լ կը բաւէ, սադայէլ,
Ա՛լ կը բաւէ, տմարդ, անխիղճ,
Ա՛լ կը բաւէ, կոյր մարդակէր…
* * *
Երանի՜ սադայէլին,
Ահեղ սպանդի վկային,
Երբ յարութեան օրը,
Ողջ աշխարհն այս անտէր
Կը գլորէր գերեզմանափոսին խորը….
Համր սատանայ է
Իրաւունքի ու արդարութեան հանդէպ
Լուռ մնացող, լռութիւն պահողը…
Չենք ներեր…
Չենք ներեր անոր,
Որ կը զգենու հագուստն սադայէլին,
Կը լսե՞ս, սադայէ՛լ,
Մե՛նք ենք հաշիւ պահանջողներ,
Մե՛նք ենք պահանջատէր,
Երկրի վրայ է հաշիւն ու հաշուետուութիւնը,
Մինչ Ամենակալը մեր,
Կը հսկէ երկնային արքայութիւնը…
Մե՛նք ենք յարութիւնը …
Մե՛նք ենք ցեղասպանութիւնը…
* * *
Երանելի ես, սադայէ՛լ,
Երանի՜ քեզի, սադայէ՛լ,
Քանզի սրբացար մէկուկէս միլիոն անգամ
Հոգիներով ցեղասպանուած,
Մէկուկէս միլիոն անգամ
Հոգիներով խեղդամահ դարձած,
Մէկուկէս միլիոն սպաննուած հոգի, ոգի,
Որ չմեռաւ, որ չի մեռնիր,
Մարգարէները վկայ` չի մեռնիր,
Չենք մեռնիր…
* * *
Մե՛նք ժողովուրդն ենք այն,
Որ եկեղեցիներու մէջ
Շարականներ երգելով ցեղասպանուեցաւ…
Մե՛նք ժողովուրդն ենք այն,
Որ ժայռերուն վրայ ծովակնով
Խեղդամահ ու արնախեղդ դարձաւ,
Իր ողբերգութիւնը պատմագրելով…
Մե՛նք ժողովուրդն ենք այն, որ հրկիզուեցաւ
Անապատի կիզիչ աւազներուն վրայ
Իր Մեծասքանչը, իր Այբ ու Բենը սորվեցնելով…
Ժողովուրդ մը, որ անապատի աւազները իր արեամբ ջրեց,
Եւ գետինը չոր, գետինը ցամաք,
Ոսկի հասկեր բռնեց….
Մե՛նք ժողովուրդ մըն ենք,
Որ օրհասական պահուն
Մեր ծով արցունքը կը շոգիացնենք…
Եւ ո՜վ մահուան հրեշտակ,
Դեռ կը յամառիս մնալ գերին լռութեան,
Դեռ կը յամառիս լռել…
Եկո՜ւր, եկո՜ւր եւ ծնկադիր աղօթէ՛…
* * *
Պահ մը հոգոց հանեց սադայէլ,
Մարգարէներով շրջապատուեցաւ.
Դոփեց գետինն ու նստաւ…
Այդ պահուն, երկիրը շնչահեղձ դարձաւ,
Սադայէլ այնպէս մը շունչ քաշեց,
Որ տիեզերքն ամբողջ ահեղ դղրդաց,
Ապա բոցաշունչ որոտաց`
«Ե՛ս մահուան հրեշտակն եմ,
Ես պահապանն եմ հոգիներուն անանց,
Ե՛ս` սադայէլս, մարգարէն եմ մարդկանց,
Ե՛ս` սադայէլս, սատանայէն եմ սերած,
Ե՛ս` սադայէլս, անմեղներու ձայնն եմ` երկինք բարձրացած,
Ճիրաններովս կը փորեմ գերեզմանափոսերը անոնց,
Եւ կը վառեմ մոմեր հողակոյտերուն վրայ սրբոց,
Որ դարե՜ր ամբողջ խաւարի մէջ մնայ յիշատակը անոնց:
Ե՛ս, վախուորս ու յափշտակիցս,
Ե՛ս, փախչողս ու պատերազմիկս,
Կ՛ապաւինիմ Աստծուս,
Վա՜յ ձեզի, ցեղ օսմանի,
Թող տուէ՛ք անոնց, տարէք զիս
Ձեր ուղիներով արիւնի,
Արձակեցէ՛ք անոնց փականքները ժամանակի,
Բանտեցէք զիս, թող տուէք
Տառապահար կալանուածները անիրաւութեան,
Առէ՛ք ծիրանիս արքայական,
Առէ՛ք ոսկեայ մականս իշխանութեան,
Առէ՛ք թեւերս,
Առէ՛ք զիս …
* * *
Արիւնարբու սուլթանը բարբարոս,
Սադայէլին վրայ քաշեց իր սուրը արնահոս,
Բայց կանգ առաւ յանկարծ,
Երբ կը փախչէր երկչոտը վախուորած…
* * *
Երանի՜ անոր,
Երանի՞ անոր,
Որ կը ծառայէ հայրենիքը կողոպտողներուն,
Կ՛երկրպագէ մոգերուն երկրին,
Երանի՞ անոր, որ կ՛ըմբոստանայ դէմն իր Աստծուն,
Որ վայելէ պաշտպանութիւնը օսմանցիին,
Որ պոկէ իր պատառը, դրախտէն սատանային…
* * *
Կորսնցուցինք հող մը,
Որուն սահմանները` մեր սրտերուն տարածքը կը գրաւեն,
Զանգակատուներու ղօղանջը
Մեր աղօթքներուն մէջ կ՛արձագանգեն,
Գերեզմաններէն բարձրացող ճիչերը
Կը յիշեցնեն Աստուածածինը,
Որ կը սրբէ արիւնը Քրիստոսի խաչափայտէն…
* * *
Երանի՜ անոր, որ սրբացուց հայրենիքն իր,
Երանի՜ անոր, որ մեծարեց ժողովուրդն իր,
Ո՜վ սադայէլ` թագաւոր սատանեաց,
Հարց կու տամ քեզի,
Կարելի՞ է ցեղասպանել ժողովուրդ մը ամբողջ,
Որուն անցեալը իր ներկայով է բողբոջած…
Երանի՜ մեզի,
Պարտութիւն չի ճանչնար ժողովուրդն իմ,
Հարուածներէն չ՛ընկրկիր ժողովուրդն իմ,
Ո՜վ հրեշածին սադայէլդ,
Ժամանակի մը մէջ երբ շնացումը, դաւաճանութիւնն
Ու վատութիւնն են տիրական,
Քեզ ճակատագրուած է մնալ երկրի վրայ,
Մնալ մարդկութեան հետ համայն,
Մնալ հողին վրայ անդաստական,
Եւ ձեռքերովդ բռնես
Արմատախիլ եղած թեւերդ արեւակէզ,
Ու անոնց վրայ ամրագրես
Առասպելական հեքիաթ մը աղեկէզ,
Ու ման գաս միջոցին մէջ խաւարամած,
Կռնակիդ կպած քարին վրայ,
Մովսէսի տաս պատուիրանները փորագրուած…
Մի՛ սպաննէր, բայց բարբարոսները կը սպաննեն…
Մի՛ շնանար, մի՛ գողնար, մի՛ ստեր,
Բայց շնացողը, գողն ու ստախօսը`
Նոյն ինքը` պետութիւնն է ոճիրի,
Մոնկոլներն են Թուրանի,
Եւ դո՛ւն, դո՛ւն սադայէլդ անհոգի,
Դեռ կ՛որոնես անունները որբերուն,
Որ իբր թէ ՄԱԿ-ի երկնային նիստերուն
Տէր կանգնիս կորուսեալ իրաւունքներուն,
Տէր կանգնիս արդարութեան դատերուն,
Այն ալ` խոնարհումով, ակնածանքով, ու քծնանքով
Տականք սուլթաններուն…
Բայց եթէ կրնաս,
Մոռցի՛ր անոնց, որոնց հոգեխոցը
Ունի սրբապղծուած յուշ,
Ունի յիշողութիւն մշտավառ ու մշտաբորբ,
Որ չանէանար,
Որ չանհետիր,
Այլ կը դառնայ յաւերժութիւն…
Երանի՜ մեզի …
Մեզի երանի՜…
Փետրուար, 2024