Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Նորայր Պէնօհանեան` Աղեքսանդրիոյ Հայութեան «Հայրիկ»-ը

Ապրիլ 24, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Նորայր Պէնօհանեան ծնած է 1912-ին, Մարզուան: Հօր անունը` Յակոբ, մօր անուն-մականունը` Եսթեր Դանիէլեան: Մարզուան 1915-էն առաջ ունեցած է 26000 բնակչութիւն, մեծամասնութեամբ հայեր, որոնք եղած են հայախօս, նոյնիսկ թուրքերը սորված են հայերէն:

Նորայրին հայրը` Յակոբ Պէնօհանեան, աշխատած է  կաշիի գործով եւ ունեցած է  կօշկակարի երկու վաճառատուն: Ան նաեւ զբաղած է աֆիոնի ցանքով եւ առեւտուրով: Ունեցած է այգիներ եւ պարտէզներ: Եղած է յայտնի վաճառական եւ յեղափոխական: Ան տան մէջ պահած է անձնական զէնքեր`  ինքնապաշտպանութեան համար, սակայն չէ կրցած օգտագործել այդ զէնքերը ամէնէն յարմար առիթին, երբ  թուրք զինուորները անակնկալօրէն խուժած են իր տունը,  ձերբակալած են զինք եւ տարած են թրքական անյայտ հաւաքավայր մը: Յակոբ ձերբակալուած ատեն կողակիցին` Եսթերին ըսած է. «Դո՛ւն տէր պիտի կանգնիս զաւակներուս, պիտի ըլլաս թէ՛ մայր, թէ՛ հայր»: Ան կը շղթայուի եւ այդպէս կը տարուի ոստիկանատուն: Այս բոլորը կատարուած են երեք տարեկան Նորայրի ներկայութեան:  Յակոբ իր ձերբակալութենէն ետք տուն չէ վերադարձած:

Նորայր ապրած է Մարզուանի մէջ`  մեծ բակով երկյարկանի տան մը մէջ: Տունը ունեցած է բազմաթիւ սենեակներ, աղբիւր մը եւ  լոգնալու համար մեծ բաղնիք մը:  Այս տունը եղած է պապենական օճախ մը, ուր ապրած են Պէնօհանեան 7 ընտանիքներու մօտաւորապէս 60 անդամները: Տունը գտնուած է հայկական թաղին մէջ եւ հայկական եկեղեցիին մօտ, որ կոչուած է  «Հայր եւ Որդի»:

1915-ի առաջին ամիսներուն թուրք ոստիկաններ հաւաքած են Մարզուանի երիտասարդներն ու տղամարդիկը եւ զանոնք տարած են քաղաքէն դուրս անյայտ վայր մը, ուր բոլորն ալ սպաննուած են:  Ինչպէս յիշուեցաւ նախապէս, Նորայրին ականատեսութեամբ հայրը` Յակոբ եւ հօրեղբայրը եղած են այս ձերբակալուածներուն շարքին: Անոնք շղթայակապ տարուած են եւ` սպաննուած:

Մարզուանի մէջ մնացած են` հայ կիները, աղջիկները, տարեցները եւ երեխաները: Անոնք բոլորն ալ յաջորդող օրերուն տեղահանուած են իրենց տուներէն եւ անորոշ ուղղութեամբ կարաւաններով քալած են քանի մը թուրք զինուորներու հսկողութեամբ: Անոնք դարձած են գաղթական եւ ապա` աքսորեալ: Անոնցմէ շատերը ճամբու ընթացքին սպաննուած են, երիտասարդ աղջիկներէն շատեր առեւանգուած են եւ ուրիշներ հրապարակներու վրայ աճուրդով ծախուած են, իսկ երեխաներէն շատեր թուրք ընտանիքներու կողմէ որդեգրուած են:  Ողջ մնացողները ապրած  են գաղթականութեան արհաւիրքը, դառնութիւնը, անօթութիւնը:

Եսթեր իր երկու զաւակներով լքելով պապենական տունը` մաս կազմած է Մարզուանի կարաւաններէն մէկուն: Եսթեր  շատ դանդաղ եւ դժուարութեամբ կը քալէր` դստեր աջ ձեռքը բռնած եւ կռնակին վրայ շալկած Նորայրը: Այս պատճառով անոնք կը կորսնցնեն կարաւանին հետքը: Անոնք կը քալեն մերթ ընդ մերթ ժայռի մը վրայ նստելով: Յանկարծ մթութեան մէջ պղտոր լոյս մը կը տեսնեն: Կը մօտենան լոյսին եւ իրենք զիրենք կը գտնեն դուռը քանդուած պզտիկ տնակի մը առջեւ եւ կը լսեն հեծկլտանքով հայերէն հետեւեալ խօսքերը. «Ա՛լ կը բաւէ, Տէր Աստուած, ամուսինս տարին, չեմ ուզեր, որ ես եւ երկու զաւակներս զոհ երթանք թուրք զինուորներուն»: Եսթեր երկու զաւակներով ներս կը մտնէ եւ անակնկալի կու գայ տեսնելով երիտասարդ մայր մը` գետին ինկած երկու երեխաներով միասին: Այս երիտասարդ մայրը երեխաներուն հետ աֆիոն խմած են, որպէսզի մահանան եւ թուրք ոստիկաններուն չյանձնուին: Երեխաներէն մէկը քիչ ետք կը մահանայ, իսկ երկրորդը եւ մայրը կը փսխեն ու կը վերագտնեն իրենց գիտակցութիւնը եւ կ՛ազատին մահէ:  Եսթեր իր երկու զաւակներով դուրս կու գան այս սրտաճմլիկ տնակէն եւ կը շարունակեն   անորոշութեամբ լեցուն իրենց ճամբան: 1-2 ժամ քալելէ  ետք կը հասնին Մարզուանի արուարձաններուն մէջ գտնուող Յիսուսեան վարդապետներու  եկեղեցին, որ հրոյ ճարակ դարձած էր թուրք զինուորներուն կողմէ:

Նորայր մօրը եւ քրոջը հետ կը շարունակեն քալել եւ կը հասնին թրքական զօրանոց մը, որ շրջապատուած էր խոր եւ լայնատարած փոսով մը: Մեծ թիւով սպաննուած հայերու խեղուած դիակներ կը տեսնեն  այդ փոսին մէջ: Զօրանոցին պահակները կը ձերբակալեն եւ կը բանտարկեն զիրենք: Բանտի խուցին մէջ Նորայրին քոյրը  քիթի արիւնահոսութիւն  կ՛ունենայ: Մայրը կասեցնելու համար աղջկան քիթի արիւնահոսութիւնը ոստիկանի մը մէկ ոսկի կու տայ գաւաթ մը ջուր ունենալու: Թուրք զինուորը հպարտանքով եւ հրապարակային կը միզէ եւ մէզով լեցուն գաւաթը կու տայ Եսթերին: Անոնք կը գիշերեն զօրանոցի բանտին մէջ եւ յաջորդ առաւօտ զօրանոցին մէջ իրենց շուրջ կը գտնեն  հարիւրաւոր հայրենակիցներ: Թուրք զինուորները կը խոշտանգեն բոլոր հայ բանտարկեալները, կը բռնաբարեն հայ աղջիկները, կը խարազանեն տարեց մամիկները եւ տեղւոյն վրայ կը սպաննեն երիտասարդ հայերը: Յղի հայ կին մը անկիւն մը նստած, մտածումներու մէջ մխրճուած` կ՛ենթարկուի  ոճրագործ թուրք զինուորներու խոշտանգումին: Անոնք  գրաւ կը դնեն յղի հայ կնոջ ծնելիք զաւկին աղջիկ թէ տղայ ըլլալուն գծով: Զինուորներէն մէկը վայրագօրէն եւ գազանաբար կը նետուի յղի կնոջ վրայ, խոշոր դանակով մը կը բանայ անոր փորը եւ դուրս կը հանէ ծնելիք մանչ մանկիկը: Խեղճ կինը արիւնլուայ վիճակի մէջ հոգին կ՛աւանդէ: Ուրիշ մամիկ մը անկիւն մը քաշուած Ս. Գիրք կարդացած ըլլալուն համար կը սպաննուի: Եսթեր դառնալով երկու զաւակներուն` կ՛ըսէ. «Եթէ թուրք զինուորները զիս սպաննեն եւ զօրանոցը շրջապատող փոսը նետեն, կը պատուիրեմ ձեզի, որ դուք ալ ինծի միանաք` դուք ձեզ փոսին մէջ նետելով»: Բարեբախտաբար այդպիսի բան  չի պատահիր: Զօրանոց-բանտին մէջ գտնուող հայերուն մէջ եղած է Յովսէփ Քիրիշեան անունով ուսուցիչ մը, որ մօտենալով հայ բանտարկեալներուն` ըսած է. «Կը կարծեմ, որ  մօտ օրէն բոլորս  ազատ պիտի արձակուինք եւ մեր տուները պիտի երթանք»: Յաջորդ օրերուն իրապէս Եսթեր եւ երկու զաւակները մնացեալ բոլոր հայ բանտարկեալներուն հետ ազատ կ՛արձակուին: Եսթեր զաւակներուն հետ 2-3 օր քալելէ ետք կը վերադառնայ իր տունը, որ այրած եւ  քանդուած էր, այնպէս`  ինչպէս քանդուած կամ այրած էին հարիւրաւոր հայկական այլ տուներ:

Նորայր մօրը եւ քրոջը հետ կ՛ապաստանի հօրաքրոջ տունը, որ շատ չէր վնասուած, եւ ուր հօրաքոյրը աղջկան հետ կ՛ապրէր առանձին:  Հօրաքրոջ աղջիկը քանի մը օր ետք կ՛առեւանգուի, եւ հօրաքոյրը կը մնայ առանձին:

Նորայրին մայրը եւ քոյրը իբրեւ ծառայ կ՛աշխատին թուրք մեծահարուստ  ընտանիքի մը քով, իսկ ինք կը մնայ հօրաքրոջ քով: Շրջան մը ետք Եսթեր ջուլհակութեամբ ընտանիքին ապրուստը կ՛ապահովէ: Ան բուրդ ու թել կը գնէ եւ անձեռոցներ ու «խաւլի» կը հիւսէ եւ կը ծախէ, իսկ Նորայր եւ քոյրը կ՛ընդունուին Մարզուանի ամերիկեան միսիոնարական բարեսիրական կազմակերպութեան որբանոցը, ուր արդէն կ՛ապրէին հազարաւոր հայ որբեր:

Նորայր այս որբանոցին մէջ կը մեծնայ, հայերէն ու թրքերէն կը սորվի եւ կ’ունենայ ուրախ ու հանգիստ կեանք մը: Օր մը որբանոցէն դուրս ելլելով` ընկերներով կը խաղայ որբանոցին մօտակայ դաշտին մէջ: Անակնկալօրէն թուրք մը  դանակով վրան կը յարձակի եւ կը փորձէ դաշունահարել զինք: Նորայր հրաշքով փախուստ կու տայ ոճրագործ թուրքին ձեռքէն եւ վազելով կը հասնի որբանոց:

1918-ին աքսորավայրերու մէջ ապրած մարզուանցիներէն շատեր` մօտ 3-4 հազար անձ, կը վերադառնան իրենց քաղաքը: Անոնք կը վերաշինեն իրենց տուները, եկեղեցիները եւ դպրոցները: Բնականոն կեանքը կը սկսի կամաց-կամաց վերահաստատուիլ: Այս միջոցին Մարզուանի թուրքերէն շատեր կը վախնան, որ հայերը վրէժ կրնան լուծել իրենցմէ, ուստի անոնք կը մնան իրենց տուներուն մէջ ու կ՛ապրին զգուշութեամբ:

Զինադադարին, անգլիացիներուն մեկնումէն ետք, ֆրանսացիները կը ստանձնեն շրջանին իշխանութիւնը, սակայն անոնց ալ կեցութիւնը երկար չի տեւեր: 1921-ին ֆրանսացիներն ալ կը լքեն երկիրը, եւ կը սկսին հայերուն երկրորդ գաղթականութիւնն ու ջարդերը: Հայ մարտիկները կը դիմադրեն եւ յարձակողականի կ՛անցնին: Այս մարտիկներէն եղած են զօրավար Անդրանիկի երկու հօրեղբայրները` Գագիկ եւ Մերուժան Օզանեանները: Տեղի կ՛ունենան զինուորական գործողութիւններ եւ թուրքերու սպանութիւններ, սակայն հայերը տեղի կու տան: Թուրքերը կը թալանեն, կը կողոպտեն Մարզուանի հայերուն տուները: Կը քանդեն հայոց վերաշինուած եկեղեցիներն ու դպրոցները: Կը սպաննուին մեծ թիւով հայեր: 60-70 հոգի հաշուող Պէնօհանեաններէն ողջ կը մնայ միայն ինք` Նորայրը: Յոյները լսելէ ետք այն տարաձայնութիւնները, որ  թուրքերը պիտի ջարդեն նաեւ զիրենք, նմանապէս կը լքեն Մարզուանը եւ կը  մեկնին Պոնտոս:

Նորայրին մօրեղբայրը` Կարապետ Դանիէլեան, Մարզուանի մէջ ջարդի օրերուն իր տան արկղին մէջ  ունեցած է 100 կարմիր ոսկի: Կարապետ ձերբակալուելէ օր մը առաջ այս 100 կարմիր ոսկիները կը յանձնէ իր մտերիմ ամերիկացի միսիոնար  բարեկամին` քաջ գիտնալով, որ ինք պիտի սպաննուէր թուրք զինուորներու կողմէ, եւ կ՛ըսէ անոր. «Պահէ՛ այս ոսկիները քովդ, եւ եթէ ապագային Դանիէլեան մը ողջ մնայ Մարզուանի մէջ, անոր յանձնէ այս ոսկիները»: Ամերիկացի միսիոնարը կը ստանձնէ ոսկիները եւ կը պահէ զանոնք իր քով մինչեւ 1918:

Զինադադարին բազմաթիւ մարզուանցիներ կը վերադառնան իրենց տուները: Միսիոնարը կը տեղեկանայ, որ Կարապետ Դանիէլեանին քոյրը` Եսթեր Դանիէլեան, ողջ է եւ կը գտնուի Մարզուան: Ան կը փնտռէ եւ կը գտնէ Եսթերը ու կ՛ըսէ անոր. «Եղբօրդ 100 ոսկիները քովս են, Կարապետ Դանիէլեանը ժառանգ ձգած էր զանոնք քեզի»: Հետեւաբար միսիոնար ամերիկացին կը յանձնէ 100 ոսկիները Եսթերին եւ կը մեկնի:

1922-ին Մարզուանի ամերիկեան միսիոնարական որբանոցի պատասխանատուները կ՛որոշեն հայ որբերը փոխադրել Աթէնք: Ուստի հայ  որբերը կը տանին նախ Սամսոն եւ հոնկէ նաւով կը հասցնեն Աթէնքի Զամբիոն պալատը, որ որբանոցի վերածուած էր Ամերիկեան նպաստամատոյցին  կողմէ: Այս որբերուն մէջ եղած է ինք` Նորայր:

1-2 տարի ետք Նպաստամատոյցին որոշումով հայ որբերը Զամբիոն որբանոցէն կը փոխադրեն Եգիպտոս: Որբերուն փոխադրութիւնը կը կատարուի իտալական նաւով մը:  Ճամբու ընթացքին որբերը փոխադրող  իտալական նաւը յարձակումի կ՛ենթարկուի թրքական ռազմանաւի մը կողմէ: Թուրքերը կը փորձեն ծովամոյն ընել որբերուն նաւը եւ խեղդամահ ընել բոլոր հայ որբերը: Ամերիկեան ռազմանաւ մը օգնութեան կը փութայ եւ արգելք կը հանդիսանայ թուրքերուն ոճրագործութեան:

Հայ որբերով լեցուն իտալական նաւը ապահով կը հասնի Եգիպտոս: Այս որբերուն մէջ կ՛ըլլայ Նորայր, իսկ իր քոյրը իրմէ առաջ արդէն փոխադրուած էր Եգիպտոս` նոյն կազմակերպութեան կողմէ, եւ աշխատած էր իբրեւ օգնական` իտալացի ընտանիքի մը մօտ: Եսթեր` Նորայրին մայրը, առանձին կը մնայ Մարզուան, մինչեւ 1929:

Նորայր Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը հասնելէ ետք հեզասահ կեանք չ՛ունենար: Անոր մայրը` Եսթեր, միշտ այն յոյսը ունեցած է, որ Եգիպտոս ապրող կերպասավաճառ մեծահարուստ մարզուանցի եւ իրենց մօտիկ ազգական Դանիէլեան ընտանիքը օգտակար կը դառնայ Նորայրին` նիւթապէս եւ բարոյապէս: Սակայն այդպէս չ՛ըլլար: Նորայր Եգիպտոս հասնելէ ետք կը տեսնուի կերպասավաճառ Դանիէլեան ընտանիքին հետ, սակայն ան օժանդակութեան ոչ մէկ նշոյլ կը տեսնէ: Նորայրին օգնութեան կը հասնի անծանօթ, բայց համեստ եւ բարեսիրտ  հայ ընտանիք մը, որուն մօտ ան կ՛ապրի քանի մը ամիս: Շրջան մըն ալ  ան կը մնայ հայ մայրապետներու մօտ:

Նորայր կը յաճախէ Ազգային Պօղոսեան վարժարան, ուր կը դառնայ յառաջադէմ աշակերտ: Ան շուտով կը սորվի հայերէն, ֆրանսերէն եւ թուաբանութիւն: Իր դպրոցական ծախսերը կը հոգայ Կամսարական անունով բարեսիրտ հայորդի մը: Երրորդ դասարանի հայոց լեզուի ուսուցչուհին կ՛ըլլայ տիկին Պօղոսեան, որ մեծ հոգատարութիւն ցոյց կու տայ իրեն:

Երկու տարի ետք Նորայր դպրոցը կը լքէ եւ կը սկսի աշխատիլ Դանիէլեաններու  գործարանին մէջ, որուն բաժնեկից եղած էին նաեւ Գալֆայեանները եւ Ալթունեանները: Նորայր շուտով կը հմտանայ իր գործին մէջ եւ կը ստանձնէ պատասխանատու պաշտօն: Պրն. Դանիէլեան կը շահագործէ Նորայրին որբ ըլլալը եւ նուազագոյն ամսավճարով կը վարձատրէ զինք տարիներ:

Նորայր ինքնաշխատութեամբ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուները կ՛իւրացնէ, ինչպէս նաեւ կը հետեւի մեքենագիտութեան դասընթացքներու:

Նորայրին մայրը` Եսթեր, Եգիպտոս կը հասնի 1929-ին: Ան  կը մահանայ 1931-ին` քաղցկեղի պատճառով: Նորայր մօրը մահուան օրը յուզիչ դամբանական գրութիւն մը կը պատրաստէ եւ հետագային այդ գրութիւնը կը տեղադրէ մօրը տապանաքարին վրայ:

Նորայր 17 տարի չարաչար աշխատելէ ետք Դանիէլեաններուն գործարանին մէջ, կը լքէ գործը եւ անմիջապէս կը հիմնէ սեփական մեքենագործութեան գործարանը: Նիւթապէս եւ բարոյապէս մեծ յաջողութիւն կը գտնէ նոր ասպարէզին մէջ:  Յաջորդ քանի մը տարիներուն ընթացքին կը զարգացնէ գործարանը եւ կ՛ունենայ արդիւնաւէտ արտադրութիւն ու վաճառք:  Ան կը դառնայ համբաւաւոր գործատէր եւ կ՛ունենայ պատուաւոր համբաւ Եգիպտոսի մէջ: 1948-ին Նորայր կը գնէ Տիրան Օհաննէսեանին գամի գործարանը: Ան  կը զարգացնէ այս հաստատութիւնը եւ կը գործէ հոն մինչեւ իր մահը:

Նորայր 1942-ի սկիզբը Սարգիս Փալանճեանի միջոցով կը ծանօթանայ սեբաստացի գեղադէմ, բարի, քաղաքավար, ամօթխած աղջկան մը` Վարդուհի Մինասեանին:  Աղջկան ակնցի ծնողները Եգիպտոս հաստատուած են 1895-ի ջարդի օրերուն:  Վարդուհին ծնած է Եգիպտոս:

Նորայր եւ Վարդուհի կ՛ամուսնանան 1942-ին: Անոնք   կը բախտաւորուին չորս մանչ (Անդրանիկ, Արամ, Վահէ եւ Արման) եւ մէկ աղջիկ (Շաքէ)  զաւակներով: Բոլորն ալ ծնած են Եգիպտոս: Անդրանիկ ծնած է 1943-ին, Շաքէ` 1945-ին, Արամ` 1947-ին, Վահէ` 1952-ին: Բոլորն ալ ամուսնացած են: Զաւակներէն երեքը` Անդրանիկ, Շաքէ եւ Արման հաստատուած են Մոնրէալ, իսկ Վահէ մինչեւ օրս կը բնակի Եգիպտոս:

Տիկին Վարդուհի` Նորայրին կինը, կը դառնայ ամուսնոյն աջ բազուկը: Ան կը հոգայ զաւակներուն հայեցի դաստիարակութիւնը եւ ամէն տեսակի պէտքերը:

Նորայր իր ամբողջ կեանքի ընթացքին եղած  է Եգիպտոսի հայ գաղութին գործունեայ մէկ  անդամը: Եղած է` բարեսիրտ, ծառայասէր, բարեգութ, հայրենասէր: Ունեցած է ազգանուէր ծառայութիւն: Ապրած է հայրենիքի տեսլականով:

1931-ին երիտասարդ Նորայր 22 տարեկան հասակին եղած է Եգիպտոսի նորաստեղծ «Վերածնունդ» միութեան ատենապետը:

Ինքնաշխատութեամբ սորված է փող (շեփոր) նուագել եւ մաս կազմած է երիտասարդական  նուագախումբին:

Եղած է` Աղեքսանդրիոյ հայոց եկեղեցւոյ հոգաբարձու, Քաղաքական ժողովի ատենապետ եւ Թեմական ժողովի ատենապետ:

Նիւթական մեծ նուիրատուութիւն` 20.000 տոլար (քսան հազար ամերիկեան տոլար) կատարած է 1995-ին Գահիրէի Հայաստանի դեսպանատան շինութեան ֆոնտին եւ եղած է մնայուն ու մտերիմ բարեկամը  դեսպանատան:

Երբ Սպիտակի երկրաշարժի որբերը Եգիպտոս հրաւիրուած են, ինք մեծ ընդունելութիւն սարքած է իր տան մէջ եւ իւրաքանչիւր որբի ոսկի խաչ մը նուիրած է:

Նորայր Պէնօհանեան

Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի 1956-ին Եգիպտոս այցելութեան մեծ հիւրասիրութիւն մը սարքած է ի պատիւ վեհափառին, ինչպէս նաեւ մեծ դերակատարութիւն ունեցած է ՀՅԴ-ի «Յառաջդիմասէր» սրահին մէջ վեհափառ հայրապետին ի պատիւ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան մէջ:

Նիւթապէս օժանդակած է` կարօտեալ հայերուն, հայ դպրոցին եւ հայ եկեղեցւոյ:

Քանատա գաղթող եգիպտահայերուն նիւթապէս օգտակար եղած է` հոգալով անոնց օդանաւային ճամբորդութեան ծախսը:

Նիւթապէս օժանդակած է Աղեքսանդրիոյ Հայ ծերանոցին: Հոն կառուցել տուած է սենեակ մը` իր հօր եւ մօր յիշատակին:

Աղեքսանդրիոյ հայութիւնը զինք կոչած է «Հայրիկ»: Իր մահուան օրը Աղեքսանդրիոյ հայերը ըսած  են` «Հայրիկ»-ը մահացաւ:

Հայաստան այցելած է երկու անգամ եւ հանդիպումներ ունեցած է բանաստեղծ Յովհաննէս Շիրազին հետ: Ան հմայուած է Շիրազով եւ սերտ բարեկամութիւն հաստատած է անոր հետ:

Տիկին Վարդուհի Պէնօհանեան 2019-ին

Նորայր գրած է «Մայիս 28»-ին եւ «24 ապրիլ»-ին նուիրուած երկու բանաստեղծութիւններ, որոնք տեղադրուած են յօդուածիս վերջաւորութեան:

Նորայր մահացած է Աղեքսանդրիա, 9 օգոստոս 2001-ին, 89 տարեկանին:

Մահէն քանի մը ամիս առաջ հարցազրոյցի մը ընթացքին ըսած  է. «Աստուած օր մը թշնամիին պատիժը պիտի տայ, չեմ ներեր ջարդարար թուրքին, ներելու հարց չկայ բացարձակապէս: Հայ ժողովուրդը մէկ մարմին եւ մէկ հոգի պէտք ըլլայ միշտ, բոլորս պէտք է ըլլանք հայրենիքի կողքին: Ղեկավարներ կու գան ու կ՛երթան, սակայն հայրենիքը կը մնայ: Կեղծ հայութիւն պէտք չէ ըլլայ: Կուսակցութիւնները իրենց տարակարծութիւնները պէտք է մոռնան եւ գործեն ի շահ հայրենիքին»:

Ողբացեալ Նորայրին կողակից-տիկինը` Վարդուհին, մահացած է Եգիպտոս,  31 յունուար 2021-ին:

Ահաւասիկ` Նորայրին գրած երկու բանաստեղծութիւնները.

Մայիսեան Յիշատակին

Մայիսն էր հայոց Օրհասական,
Շիրակա դաշտը` արեամբ ոռոգուած,
Փոխան բերքի, տատասկներ բուսած, Սովատանջ ազգս, իր բախտին լքուած, Կանթեղը մարած, յոյսերը կորած…

Վիշապանման դաժան թշնամին,
Գազանային մոլուցքէն տարուած, Սադայէլական վճիռ էր տուած,
Թորգոմայ տունը` հիմնաքանդ ընել,
Թանգարանին մէջ, միայն հայ պահել,,,

Սեւանա ափին, կայծ մը պլպլաց,
Արամ եւ Դրօ, ոտքի են կանգնած,
Հայկայ սերունդը` ի մի հաւաքած,
Լինել չլինել էին պատգամած,
Ու ճգնաժամային բօթը հաղորդած,,,

Այս կենաց մահու, դժնդակ կոչին,
Տարեց, պատանի զրահներ հագած, Ուխտեալներու փաղանգ կազմեցին,
Մահ ու ազատութեան դրօշը պարզած, Անմահութեան շեփոր հնչեցին…

Նուիրեալները Սրբազան Ուխտին,
Ծով տառապանքի մրուրը քամած,
Դիւցազնօրէն ռազմի դաշտ մտան,
Անյագ վրէժի մուրով մկրտուած,
Կայծակի նման մարտի խոյացան…

Օրհասական այդ կռուի դաշտին,
Առիւծասիրտ ուխտեալները մեր,
Սարսափ ազդեցին, սոված գազանին, Գնդակներու որոտումին տակ,
Մարտագոռ կանչով, յառաջ գնացին…

Սովալլուկ մոլեռանդ թեւը`
Գերազանց ուժով, որոգայթ ընկած,
Հայ հերոսներու, անվրէպ զարկին,
Բիւրաւոր դիակ, ռազմի դաշտ թողած,
Շրջեց քամակը… Անէծքը շրթին…

Սարդարապատի, բարձունքին վրայ, Դիւցազներու, յաղթական մուտքին,
Վեց հարիւրամեայ, շղթան փշրելով,
Մայր Հայաստանի, լուսեղէն ճակտին, Մայիսեան թագը անմահացուցին:

«Մայիս քսանութի, յաւերժացումին,
Մայր հայրենիքի, եղբայրները մեր, Դիւցազներգութեան կոթող կանգնեցին,
Անլռելի զանգերու ղօղանջներովը` Անմահներու… շեփորը: Հնչեցին»:

ՆՈՐԱՅՐ ՊԷՆՕՀԱՆԵԱՆ

Աղեքսանդրիա, 19 մայիս 1970

Ձօնուած

Յաւէտ կորած, անթաղ եւ իմ շատ սիրելի ծնողացս նահատակութեան յիսունհինգամեայ տարելիցին առթիւ..

Ապրիլեան Յիշատակ

Սարսափազդու Ապրիլ քսանչորս,
Սեւազգեստը` մուրտակն ի ձեռին,
Կանգնած է ընդդէմ մինուճար ազգիս, Մահասարսուռ մանգաղը սրած,
Սրբեց առյաւէտ սերունդները մեր…

Ոճրակամ դիւային ստուերը ցցած,
Ճիւաղային մոլուցքէն տարուած,
Գազանային գիշատիչ կլափը բացած,
Յoշոտեց, լափեց մանուկ ալեւոր,
Անխնայօրէն սրածեց, փշրեց ու մրրկեց…

Խաւարը պատեց երկիրը հայոց,
Մթագնեց արեւը երկնի` երեսին,
Կորան առյաւէտ ճիչերը մանկանց:
Կարկամած մօրը արցունքը ցամքած,
Ան ալ միացաւ նահատակ որդւոյն…

Սադայէլական սարսափի թուին,
Եփրատ ու Տիգրիս արեւամբ ծովացան, Նահատակ ազգս խորը սուզուեցաւ,
Նզովքի` ձայներ` երկինք բարձրացան,
Երկնային գահը` հիմէն սարսեցաւ …

Շինականին մրմունջը յաւէտ խամրեցաւ, Թորգոմայ տունը աւերակ դարձաւ,
Կարին, Մուշ, Սասուն, այլանդակուեցան,  Նեմրութա սարին բուն էր, որ նստաւ,
Ողբաձայն կանչին Արամն զարթնեցաւ…

Վրէժ… մարտագոռ… ահազանգ տուաւ, Սեւանայ ափին պատգամն էր հասած,
Ծերուկ, պատանի զրահ հագունցան
Բահերու փոխան, սուրեր մերկացան,
Անարգ թշնամու դիմաց կանգնեցան…

Փաղանգներ կազմած առաջ ընթացան,
Փշրել, խորտակել, շղթաները մեր,
Ցոյց տալ ոսոխին, ահեղ, հորդանին, Հեղեղանման արեան ծովերէն,
Կեանքի կոչուեցան, Մասեաց գագաթին…

Սարդարապատի բարձունքին վրայ,
Գրոհ տալով, մոլեռանդ դեւին,
Դուրս շպրտեցին լկտի վոհմակին,
Ներտելով լուսաշող օրերու օրը
Հիմնաքար դրին Մայիսեան թուին:

ՆՈՐԱՅՐ ՊԷՆՕՀԱՆԵԱՆ

Աղեքսանդրիա, 21 մարտ 1970

«Ապրիլեան յիշատակ», հեղինակ` Նորայր Պէնօհանեան, 21 մարտ 1970

Տիկին Վարդուհի Պէնօհանեան իր հինգ զաւակներուն հետ՝ բժիշկ Անդրանիկ
Պէնօհանեան, տիկին Շաքէ Կէօնճեան, Արամ, Վահէ եւ Արման Պէնօհանեաններ

ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Մոնրէալ, 15 փետրուար 2025

Օգագործուած աղբիւրներ՝
1.Նորայր Պէն Օհանեանի հարցազրոյցի խտասալիկը, Աղէքսանդրիայ, 1962.
2. Անձնական տեղեկութիւններ Տիկին Շաքէ Պէն Օհանեան-Կէօնճանէն եւ
Արամ Պէն Օհանեանէն, Մոնթրէալ, 2019.

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (23 Ապրիլ 2025)

Յաջորդը

Դպրեվանքի Սաներու Գրիչով. Յարատեւ Պայքար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025
Թէկուզ Տկար
Անդրադարձ

Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին

Մայիս 13, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?