Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին, երկուշաբթի, 7 ապրիլ 2025-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Առողջապահութեան համաշխարհային օրուան առիթով կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ բժիշկներու պարգեւատրումի երեկոյ` ներկայութեամբ ԼՕԽ-ի մօտ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ տոքթոր Յակոբ Մելեքեանի, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեանի եւ անդամներու, կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ տոքթոր Գրիգոր Էճիտեանի եւ անդամներու, պարգեւատրեալ բժիշկներու եւ կեդրոնի անձնակազմին:
Քայլերգներու ունկնդրութենէ ետք ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի տնօրէն Նազելի Աւագեան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ 7 ապրիլին նշուող Առողջապահութեան համաշխարհային օրուան` յայտնելով, թէ այս օրը մեզի կը յիշեցնէ, որ առողջ ապրիլը մարդկային իրաւունքներէն մէկն է, եւ անիկա առիթ մըն է լուսարձակի տակ առնելու առողջապահութեան մարզէն ներս գործող բժիշկներուն բազում ճիգերը, ինչպէս նաեւ` հպարտանալ անոնց իրագործումներով, որովհետեւ անոնք ընտրած են զոհողութեան եւ նուիրաբերումի ասպարէզը: Աւագեան աելցուց, որ` «Առողջապահական կեդրոններու մէջ առողջական նախնական խնամք մատուցելը դժուարին եւ պատասխանատու գործ է, եւ բժիշկներ, անտեսելով ամէն տեսակի խոչընդոտներ` հիւանդութիւններ, վարակներ թէ տնտեսական բազում տագնապներ, կը մնան պատնէշի վրայ եւ պարտականութեան բարձր գիտակցութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ առանց ակնկալիքի անոնք կը խնամեն հազարաւոր հոգիներ եւ կը փրկեն հազարաւոր կեանքեր»:
Իր խօսքին աւարտին Աւագեան լուսարձակի տակ առաւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» կեդրոնի բոլոր բժիշկներուն բժշկական ասպարէզէն ներս ունեցած երկարամեայ գործունէութիւնը եւ ի մասնաւորի` կեդրոնին հանդէպ անոնց ցուցաբերած հաւատարմութիւնը եւ զոհաբերութիւնը: Ապա բարձր գնահատեց ծառայութիւնը այն բժիշկներուն, որոնք աւելի քան քառորդ դար հաւատարմօրէն ծառայած են կեդրոնէն ներս, եւ որոնց մեծ ներդրումով կարելի եղած է իրագործել եւ յաջողութեամբ պսակել ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի մարդասիրական առաքելութիւնը:
Ապա ելոյթ ունեցաւ կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ տոքթոր Գրիգոր Էճիտեան, որ ըսաւ. «Առողջութիւնը մարդու կեանքին կարեւոր արժէքներէն մէկն է, իսկ առողջական խնամք մատուցելը ազնիւ առաքելութիւն մըն է, եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի առաքելութիւնը ունի մարդասիրական բնոյթ, որուն շնորհիւ կեդրոն ներկայացող իւրաքանչիւր հիւանդ` առանց սեռի, կրօնի կամ պատկանելիութեան խտրականութեան, կը ստանայ յատուկ խնամք եւ հոգատարութիւն»:
Տոքթոր Էճիտեան դիտել տուաւ. «Վերջին 25 տարիներուն ընթացքին բժշկութեան ասպարէզը դիմագրաւեց մեծ դժուարութիւններ, յատկապէս` տնտեսական ոլորտէն ներս, սակայն դուք, սիրելի՛ բժիշկներ, դէմ դրիք բժշկական ասպարէզը հարուածող ամէն տեսակի փոթորիկներու եւ յանձնառու մնալով ձեր պարտականութեան` հարազատ օրինակները հանդիսացաք մարդասիրական առաքելութեան»:
Տոքթոր Գրիգոր Էճիտեան խօսքը եզրափակեց` յիշատակելով կեդրոնէն ներս գործող այն բժիշկները, որոնց հետ աշխատակցած է տարիներ, ինչպէս նաեւ ողջունեց կեդրոնի բոլոր բժիշկները եւ կեդրոնի յանձնախումբին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց տարիներու իրենց նուիրումին եւ հոգատարութեան համար:
Ապա սրտի խօսք արտասանեց նաեւ լիբանանահայ բժշկական միութեան ատենապետ տոքթոր Էլի Թաշճեան: Թաշճեան ըսաւ. «Պատիւ է ինծի համար այսօր ներկայ գտնուիլ 25 տարիներ շարունակ այս կեդրոնի մէջ ծառայած բժիշկներու պարգեւատրումի ձեռնարկին: 25 տարիներու ընթացքին անոնք քննեցին հազարաւոր հիւանդներ, ականատես եղան բժշկական մարզի յառաջդիմութիւններուն եւ անոնց ներդրումն ու խնամքը մեծ եղաւ մարդկային ընկերութեան մէջ: Թաշճեան շեշտեց` ըսելով. «Անոնք իրենց ծառայութեամբ ցոյց տուին մեծ հմտութիւն եւ զոհողութիւն` միաժամանակ դառնալով այս կեդրոնին հիմերն ու անոր գոյութեան երաշխիքը: Այս պարգեւատրեալ բժիշկները միշտ հաւատարիմ մնացին իրենց շրջապատին կամ հիւանդներուն կողքին: Երախտագիտութեամբ յիշենք անոնց զոհաբերութիւնն ու աշխատանքին հանդէպ ունեցած հաւատքը, որովհետեւ իսկապէս անոնք հանդիսացան այս կեդրոնին սիրտը»:
Պարգեւատրումի երեկոյի աւարտին կեդրոնի տնօրէնուհի Նազելի Աւագեան բեմ հրաւիրեց ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեանն ու կեդրոնի յանձնախումբի ատենապետ տոքթոր Գրիգոր Էճիտեանը` պարգեւատրելու համար կեդրոնէն ներս աւելի քան քառորդ դար ծառայած 11 բժիշկները: Յուշանուէրներու յանձնումին զուգահեռ` տնօրէնուհի Նազելի Աւագեան հակիրճ կերպով ծանօթացուց իւրաքանչիւր բժիշկի մասնագիտութիւնն ու տարիներու վաստակը: Պարգեւատրուեցան բժիշկներ` Պօղոս Արթինեան, Սարգիս Տէր Մեսրոպեան, Էլի Թաշճեան, Յարութ Տէմիրճեան, Նազարէթ Աբրահամեան, Հայկազ Պէքէրէճեան, Էլի Աթիէ, Ուալիտ Ղանթուս, Մարի Գասապեան, Ժագ Գունտաքճեան եւ Գէորգ Թերզեան:
Այս առիթով կիրարկուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր` մասնակցութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցէն աշակերտներու: Ջութակի վրայ նուագեցին Վանայ Թորոսեան եւ Պելիա Տէմիրճեան, իսկ սրինգի վրայ` Լոռի Յովսէփեան: