Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պատերազմի 50-Ամեակ. Անհեթեթ Սահմաններ Եւ Հաճելի Դրուագներ

Ապրիլ 17, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԹՈՐԳՈՄ

13 յունուար 1975

Ուսանելու համար Լիբանանէն դուրս կը գտնուէի տարիներէ ի վեր: Պի.Պի.Սի. ձայնասփիւռի կայանին գրեթէ բոլոր յայտագիրները կ՛ունկնդրէի` բացի քաղաքական լուրերու հաղորդումներէն, զորս բնաւ չէի սիրեր: Այդ օրը պատահմամբ լսեցի լուրերու խօսնակին հետեւեալ նախադասութիւնը. «Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Փիեր Ժեմայել յայտարարեց, որ Լիբանանի մէջ պաղեստինցիներուն զէնքը ապօրինի է»: Վտանգի մը նախազգացումը ունեցայ: Որոշեցի ամէն բան ձգել եւ գալ Պէյրութ` ծնողքիս եւ քրոջս կողքին ըլլալու:

Ամիս մը ետք արդէն վերադարձած էի, նոյնիսկ մոռցած էի Փ. Ժեմայելի յայտարարութիւնը, որովհետեւ քաղաքական լուրերով հետաքրքրուած չէի:

Կիրակի, 13 ապրիլ 1975

Պէյրութի Սուրբ Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ պսակի արարողութեան երգելէ ետք, խումբ մը դպիրներով, գլխաւորութեամբ անմոռանալի Զոհրապ Թորիկեանին, իջանք Ռիատ Սոլհ հրապարակ, ուր հանրակառք երբ մտանք, լսեցինք մարդոց խօսակցութինը Այն Ռմմենիի դէպքին մասին: Ես անմիջապէս չանդրադարձայ, որ կացութիւնը ծանրակշիռ է, բայց Զոհրապ ըսաւ. «Հիմա հապը կլլեցի՜նք, Ժեմայել ուզածը ըրաւ: Մինչեւ ան չմեռնի, հանգիստ չունինք»: Շատ տարօրինակ զուգադիպութեամբ մը, քանի մը տասնամեակ ետք, երբ սուրբ Նշան եկեղեցի գացած էինք Զոհրապին յուղարկաւորութեան, Ժտէյտէի մէջ սպաննուեցաւ Փիերին որդի Ամին Ժեմայելի տղան` Փիերը:

* * *

Այն Ռմմենիի դէպքին յաջորդած իրադարձութիւններէն էին յատկապէս Պէյրութը բաժնող անհեթեթ սահմանները, իրարու վրայ տեղադրուած խոշոր բեռնարկղներով (քոնթէյնըր), որոնց ետին, Սայֆիի մէջ կը գտնուէր  Փաղանգաւոր կուսակցութեան կեդրոնական ակումբը, մեր տունէն շուրջ հարիւր մեթր հեռու:

Առաջին կրակոցները սկսած օրը փաղանգաւոր զինեալներ (Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը չէր հիմնադրուած) բարձրացան մեր տանիքը, ուրկէ կարելի էր տեսնել Նահատակաց հրապարակի հատուած մը, յատկապէս` այժմու «Կրէյ» պանդոկը: Այդտեղէն հակառակորդ զինեալներ փամփուշտներու տարափ մը կը տեղացնէին դէպի մեր կողմը: Մենք վերջին յարկը կը բնակէինք: Արկածախնդրական հետաքրքրութենէ մղուած` տանիք բարձրացայ եւ անկիւն մը պատսպարուած` սկսայ դիտել զինեալները, որոնցմէ մէկը հրահանգներ կու տար եւ աչքին ծայրովը ատենը մէյ մը ինծի կը նայէր: Ի վերջոյ մօտեցաւ եւ հայերէն փսփսաց. « Տո՛ւն մտիր քեզի բան մը չպատահած»:

Միտքէս չէր անցներ, որ հայ կրնար ըլլալ խմբապետը, որ հոգատար էր իր ազգակիցին:

* * *

Այդ օրերուն, երեկոյ մը, տան համար գնումներ ընելէ ետք, տոպրակները ձեռքիս երբ կ՛աճապարեմ մտնել մեր շէնքը, խուսափելու համար արեւմտեան դիրքերէն մեր փողոցներուն ուղղութեամբ կուրօրէն արձակուող փամփուշտներէն,  քիչ մը անդին բնակող Յակոբ Կիւլոյեան, ինքն ալ` ձեռքին տոպրակներ,   բարձրաձայն զիս կը կանչէ` փողոցին հանդիպակաց կողմը ապահով անկիւն մը կանգնած: Առանց տատամսելու` կրակոցներուն մէջէն կ՛անցնիմ փողոցը եւ կ՛ապաստանիմ Կիւլոյեանին անկիւնը, ուր կը սկսի հայ մշակոյթի եւ պատմութեան մասին զրոյցը: Անշուշտ «զրոյց»-ը կ՛ենթադրէ մէկէ աւելի անձերու միջեւ խօսակցութիւն, սակայն Կիւլոյեանին հետ զրոյցին ընթացքին բան մը ըսելու տաղտուկէն զերծ կը մնաս. ինք արդէն ներշնչուած կը ճառէ, եւ դուն կը վայելես այդ պահը, որ Կիւլոյեանի պարագային նուազագոյնը քանի մը ժամ է:

Թէ ճիշդ քանի՞ ժամ այդ անկիւնը մնացինք, չեմ յիշեր, բայց գիտեմ, որ հետզհետէ սաստկացող հրացանաձգութիւնն ու հրթիռարձակումը երկվայրկեան մը իսկ չկրցան ընդհատել մեր զրոյցը (ներողութիւն` Կիւլոյեանի մենախօսութիւնը), մինչ այդ փաղանգաւոր զինեալները իրենց ճիփերով խուճապահար երթուդարձի ատեն զարմանքով մեր կողմը կը նայէին: Ի՞նչ կը մտածէին:

Այդ զինեալներէն մէկը մեր դրացին էր եւ մինչեւ հիմա այդ պատկերը յիշելով` կ՛ըսէ. «Մտածեցինք, որ այս երկու հայերը կրակոցներէն խելքերնին թռցուցած են»:

Իսկ ես կը մտածէի, որ մենք կը նմանէինք  Ուիլիըմ Սարոյեանի նկարագրածին. «… երբ անոնցմէ երկուքը հանդիպին աշխարհի որեւէ մասի մէջ, ծիծաղին ու աղօթեն իրենց մայրենի լեզուով, իրենց ստեղծած նոր Հայաստանին մէջ»:

Տասնամեակներ անցան, այդ վայրը ինծի համար միշտ մնաց «Կիւլոյեանին ստեղծած Հայաստանը», որուն մօտէն ամէն անգամ երբ կ՛անցնիմ, կարծես շարժապատկերի պաստառի մը վրայ երկու հայեր կը տեսնեմ եւ ջերմ զգացումով մը կը համակուիմ:

* * *

Պատերազմի այդ թոհուբոհին մէջ, 1970-ականներու վերջաւորութեան, Համազգայինի Պուրճ Համուտի վարչութիւնը կազմակերպեց Պարոյր Սեւակի նուիրուած հանդիսութիւն մը: Այդ օրերուն անշուշտ Սեւակին նուիրուած ժողովրդային ձեռնարկ մը կարելի չէր պատկերացնել` առանց Կիւլոյեանի «Անլռելի զանգակատուն»-ը ասմունքէն հատուածի մը: Այցելեցինք տունը, ուր դիմացէն կրնային կրակել մեր վրայ: Սիրով, խանդավառութեամբ եւ քիչ մըն ալ մանուկի նման յուզուած ընդունեց: Բացատրեցինք, որ յայտագիրին մէջ միայն քսան վայրկեան յատկացուած է ասմունքին: Հասկցաւ, քանի մը վայրկեան խօսիլ ուզեց եւ երկու ժամ ետք դուրս եկանք տունէն…

Հակառակ ապահովական աննպաստ պայմաններուն` հանդիսութեան օրը «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահը գնդասեղ նետելիք տեղ չէր մնացած: Երբ Կիւլոյեանին կարգը եկաւ, սկսաւ ասմունքել «Անլռելի զանգակատուն»-ը եւ… չլռեց: Քուլիսներէն վարչական ընկերներուս խնդրանքները, որ ա՛լ աւարտէ, ապարդիւն մնացին: Բեմին վրայ Յակոբ Կիւլոյեան չկար, կար հայոց ոգին, որ կը պատգամէր: Ճիշդ է` ժամանակակից դերասանի կամ ասմունքողի արհեստավարժ թեքնիքը չունէր, բայց աւելի՛ կարեւոր բան մը ունէր. հասկացողութիւնն ու ըրածին խոր հաւատքը: Ճիշդ այդ պատճառով հանդիսատեսները քար լռութեամբ մինչեւ վերջին բառը հետեւեցան, ոչ ոք լքեց սրահը` հակառակ երբեմն դուրսէն լսուող պայթիւններուն: Երբ ձեռնարկի աւարտին հարցուցինք, թէ ինչո՞ւ ամբողջութիւնը ասմունքեց, ան ըսաւ. «Այս պատերազմին մէջ մէյ մըն ալ ե՞րբ այսպիսի բանի համար այսքան հանդիսատես պիտի գտնեմ»:

Այդ օրը բեմին վրայ տեղադրուած էր Խաչատուր Աբովեանի կիսադէմ նկարը (փրոֆիլ), որ սպիտակի վրայ սեւով գծած էր նկարիչ մը: Հանդիսութենէն ետք մեր վարչականներէն Պետիկ Չիֆթելեան այդ նկարը իր սենեակի պատէն կախեց: Քանի մը տարի ետք Զղարթայի ոստիկանապետը, որ Պետիկին մտերիմ բարեկամն էր, զինք կը հրաւիրէ տունը` շաբաթ մը մնալու: Պետիկ Խաչատուր Աբովեանին նկարն ալ հետը կը տանի եւ կը կախէ իրեն յատկացուած եւ ճամբուն յարող գետնայարկ սենեակին պատէն: Անցորդներ պատուհանէն երբ կը տեսնեն նկարը, ծուռ-ծուռ Պետիկին կը նային եւ դժգոհ բաներ մը կը մռլտան տանտիրոջ, որ յաջորդ օրը Պետիկին կը հարցնէ.

– Դուն բարի եկած ես, բայց Պեշիր Ժեմայելին նկարը ինչո՞ւ բերիր եւ կախեցիր հոս:

* * *

28 յուլիս 1985

Մեր պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ կռիւներու ճակատներէն հեռու, Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին մատրան մէջ: Պաղեստինցի Ժիրայրը (Նալպանտեան), բարեկամներու համար խնամքով պահած իր շքեղ «Քատիլաք»-ը մեր ամուսնութեան օրը մեզի ալ  յատկացուց: Մենք վերջին զոյգը եղանք այդ ինքնաշարժը վայելող: Ռմբակոծումի օր մը Ժիրայր ինքնաշարժը կը տանի Փոլիկարպոսի այժմու կայարանին վայրը, ուր լքուած միայարկ շինութիւն մը կար, եւ կարծելով, թէ ապահով է, հոն «կը պահէ»: Ռումբը կ՛երթայ-կու գայ ծխնելոյզի համար բաց մնացած անցքէն կ՛իյնայ ճիշդ ինքնաշարժին վրայ:

1976

Կը պաշտօնավարէի Գահիրէի Գալուստեան վարժարանին մէջ: Առաւօտ մը եգիպտական հեղինակաւոր եւ ամէնէն տարածուած օրաթերթին  առաջին էջին վրայ խոշոր կարմիր գիրերով վերնագիրը ցնցեց զիս. «ՀԱՅ ԶԻՆԵԱԼՆԵՐ ԳՐԱՒԱԾ ԵՆ ԻՍԼԱՄՆԵՐՈՎ ԲՆԱԿԵՑՈՒԱԾ ՆԱՊԱԱ ԹԱՂԸ»:

Հարցը այս անգամ ընտանիքիս «հացի խնդիրը» չէր, այլ` գաղութային-ազգային:

Կրկին վերադարձայ Լիբանան, ուր մտած էր սուրիական բանակը, անհեթեթ սահմանները վերացուած էին, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը կիսաքանդ շինութիւններով վերաբացուած էր եւ խոշոր, բանուկ բաց շուկայի մը վերածուած` ամէն տեսակի կրպակներով: Մեր տան շատ մօտ ըլլալուն` ես ալ մասնակցեցայ շուկային: Հայրս կիներու գլխարկի ձեւագէտ էր, մայրս ալ կարողն էր: Ճինզ տաբատներու գրպաններու մասերով այրերու քաուպոյ  գլխարկներ կարել տուի (բաւական դժուար եղաւ համոզել հայրս) եւ հրապարակին կիսաքանդ շինութիւններէն մէկուն` պատմական «Փարիզիանա» սրճարանին մուտքի նեղ պատին վրայ շարեցի: Իմ «խանութէս» քանի մը մեթր անդին կը գտնուէր Պէյրութի ոստիկանատունը, որ թէեւ կռիւներէն վնասուած էր, սակայն կը գործէր: Այդ օրերուն ոստիկանները մանր-մունր օրինազանցներ երբ ձերբակալէին, ոստիկանատուն կը բերէին, «կը դաստիարակէին», մազերը անճոռնի կը սափրէին եւ կը ճամբէին: Անոնք ալ կու գային եւ գլխարկ կը գնէին ծածկելու համար իրենց գլուխը:

Պէյրութի ոստիկանատունը, որուն կից կը գտնուէր Փիեր Ժեմայելին դեղարանը, քովը` մեր դրացի Մատթէոս Արապեանին ժամանցի, նշանառութեան խանութը եւ քիչ մը վեր` «Փարիզիանա»-ն:

16 փետրուար 1990

Կրկին անհեթեթ սահմաններ կային, այս անգամ` հակամարտող քրիստոնեայ կողմերու միջեւ: Այդ օրը Աունի խումբը  գրաւեց Ժահժահի խումբին Այն Ռըմմենիի զօրանոցը: Կռիւի ճակատներէն մէկուն` Նահր Մոթի կամուրջին մօտ գտնուող Հարուն հիւանդանոցը փոխադարձ կրակոցներէն եւ  ռմբակոծումէն ծանր վնասներու ենթարկուած էր: Կինս պիտի ծննդաբերէր այդ հիւանդանոցին մէջ, եւ բոլոր սարքերը իջեցուցած էին ապաստարան, ուր այդ օրը ծնաւ մեր տղան, զոր անուանեցինք Հրայր:

Մեր ընտանեկան բարեկամը` դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան, լաւագոյն բնութագրումը ըրաւ.

– Այս դժոխք երկրին մէջ հրայրներ կը ծնին:

 

 

Նախորդը

Հոգեբան-Մանկավարժին Կարծիքով. Քունին Կարեւորութիւնը Դպրոցական Երեխային Համար

Յաջորդը

Բարեսիրական Նպատակով Երգահանդէս` Սեն Ժոզեֆ Համալսարան Հայ Ուսանողներու Ակումբին Նախաձեռնութեամբ

RelatedPosts

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը
Անդրադարձ

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Շուշին Ազգային Վերազարթօնքի Խորհրդանիշ. Վերադարձն Անխուսափելի Է, Համախմբուել Եւ Պայքարել, Սա Է Օրուայ Հրամայականը

Մայիս 15, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

«Հայհոյութիւնը Փաստի Սով Է»

Մայիս 14, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին Յառաջաբանի Փոխարէն

Մայիս 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?