Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 9, 2025
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Պռօշեանի Սպաննուած Դաշնակցական Նախկին Գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի Յիշատակին Արարողութիւն` Պռօշեանի Զօրաց Պանթէոնին Մէջ

2 ապրիլին Պռօշեանի Զօրաց պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան պայքարի նուիրեալ, դաշնակցական ազատամարտիկ, Պռօշեանի հրամանատար եւ նախկին գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանի յիշատակին նուիրուած արարողութիւնը:

Հրաչ Մուրատեանի սպանութեան օրուան տխուր առիթով անոր շիրիմը այցելեցին` ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ եւ կուսակցականներ` յարգանքի տուրք մատուցելով անոր յիշատակին:

Պռօշեանի գիւղապետ Հրաչ Մուրատեան 2 ապրիլ 2013-ին սպաննուեցաւ գիւղապետարանին մօտ: Դիակի քննութենէն ի յայտ եկաւ, որ ան գլուխէն` աջ ականջին մօտ փամփուշտ մը ստացած էր: Դէպքէն երկու օր ետք` 4 ապրիլին, սպանութիւնը կատարելու կասկածով ձերբակալուեցան նոյն գիւղի բնակիչներ Արայիկ եւ Արտակ Պետրոսեանները: Սակայն որոշ ժամանակ ետք անոնք ազատ արձակուեցան:

Մինչեւ այսօր Մուրատեանի սպանութեան դէպքին տխուր առիթով յարուցուած քրէական գործով ճշգրիտ մանրամասնութիւններ չկան:

Երեւանի Պետական Համալսարանին Մէջ Տեղի Ունեցան Նիկոլ Աղբալեանի 150-Ամեակին Նուիրուած Լսումներ

Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Երեւանի պետական համալսարանի, ՀԱԱ գրականութեան ճիւղի, ՀՊՄՀ-ի հետ համագործակցութեամբ, 28 մարտին Երեւանի պետական համալսարանին մէջ տեղի ունեցան Նիկոլ Աղբալեանի 150-ամեակին նուիրուած լսումներ:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Երեւանի պետական համալսարանի հայ բանասիրութեան բաժանմունքի տնօրէն, Արշալոյս Գալստեանի խօսքով: Ան նշեց, որ այսպիսի ձեւաչափով աշխատաժողովը կը միտի քննարկումներու, հարց ու պատասխանի ճանապարհով անդրադառնալ մեծ մտաւորականին ու հասարակական-քաղաքական գործիչին` Նիկոլ Աղբալեանին:

Ներկաներուն ողջոյնի խօսք յղեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեանը` նշելով, որ ձեռնարկին նպատակն է երիտասարդ սերունդին համար նորովի բացայայտելու, ներկայացնելու Նիկոլ Աղբալեանի անձնուէր կերպարը` թէ՛ իբրեւ կրթութեան մշակ եւ թէ իբրեւ ազգային նուիրեալ: Ան անդրադարձաւ այն կրթական ծրագիրներուն ու բարեփոխումներուն, որոնք իրականացած էին Աղբալեանի օրօք եւ ուղղուած էին ազգի լուսաւորութեան ու կրթութեան:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով ողջոյնի խօսք ուղղեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան:

Աշխատաժողովին ելոյթներ ունեցան դոկտոր, փրոֆեսէօր Դաւիթ Գասպարեան, դոկտոր, փրոֆեսէօր Ժենիա Քալանթարեան, դոցենտ Աշխէն Ջրբաշեան, դոցենտ Քնարիկ Աբրահամեան, գրականութեան ճիւղի գիտաշխատող եւ Արմէն Մանուկեան, Լուսինէ Աւետիսեան:

Նիկոլ Աղբալեանի կերպարին ու գործունէութեան անդրադարձաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան:

Աղբալեանի մասին իր տպաւորութիւնները յայտնեց նաեւ դոցենտ Վարդան Պետրոսեան:

Ձեռնարկը ամբողջացաւ Նիկոլ Աղբալեանի կերպարին շուրջ զրոյցով ու քննարկումներով:

Պապոյեանը Նուպար Աֆէեանին Հետ Քննարկած Է Պետութիւն–Սեփական Հատուածի Համագործակցութեան Շրջանակներուն Մէջ Մասնաւոր Ներդրումային Ֆոնտ Ստեղծելու Հայեցակարգը

Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Գէորգ Բաբոյեան վերջերս ընդունած է հայազգի գործարար եւ բարերար Նուպար Աֆէեանը: Հանդիպումին ներկայ գտնուած է նաեւ նախարարի տեղակալ Լիլիա Սիրականեանը: Այս մասին յայտնած են տնտեսութեան նախարարութենէն:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են պետութիւն-սեփական հատուածի արդիւնաւէտ համագործակցութեան շրջանակներու մէջ մասնաւոր ներդրումային ֆոնտ ստեղծելու հայեցակարգը, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի ներդրումային միջավայրի բարելաւման եւ գրաւչութեան բարձրացման վերաբերեալ հարցեր:

Նախարարը նշած է, որ ներդրումները կրնան մեծապէս նպաստել երկրի տնտեսական զարգացման, եւ կարեւոր է համապատասխան պայմաններու ստեղծումը օտար ներդրողներու համար:

Գէորգ Բաբոյեան փաստած է, որ նախարարութիւնը աշխուժօրէն կ՛աշխատի ներդրումային պայմանները բարելաւելու ուղղութեամբ եւ պատրաստ է շարունակելու համագործակցութիւնը նորարարական ու տնտեսական աճի համար կարեւոր նախաձեռնութիւններով:

«Անի Եւ Նարօտ Յիշատակի Հիմնադրամ»-ը` Կ՛աջակցի Արցախի Համալսարանական Ուսանողուհիներուն

«Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ»-ի հիմնադիր Րաֆֆի Արտալճեան ընկերային ցանցերու վրայ յայտարարեց, որ «Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ» բարեսիրական հիմնարկութեան «Անի Արտալճեան կրթաթոշակ»-ը իբրեւ նպաստառու նկատի պիտի ունենայ նաեւ արցախցի ուսանողուհիները:

Նշենք, որ «Անի Արտալճեան կրթաթոշակ»-ը կը տրամադրուի Հայաստանի գիւղական բնակավայրերու այն ուսանողուհիներուն, որոնք նպատակադրած են իրենց մասնագիտութիւնը շարունակել Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի համակարգչային գիտութիւններու բնագաւառէն ներս:

«Այսօր յուզիչ հանդիպում ունեցայ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի «Անի Արտալճեան կրթաթոշակ»-ի առաջին ստացողին հետ: Արցախէն եկած այս տաղանդաւոր երիտասարդուհին մայիսին կ՛աւարտէ տուեալագիտութեան (data science) ուսումը եւ արդէն իսկ Հայաստանի մէջ գերազանց աշխատանք ունի: Կոչ կ՛ուղղեմ Երեւան բնակող բոլոր արցախցի ուսանողներուն` դիմելու AUA եւ օգտուելու «Անի Արտալճեան կրթաթոշակ»-էն: Ձեր երազները կարեւոր են», շեշտած է «Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ»-ի հիմնադիր Րաֆֆի Արտալճեանը:

Յիշեցնենք, որ «Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ»-ը հիմնուած է Րաֆֆի Արտալճեանի կողմէ` ի յիշատակ 1994 թուականին օդանաւային արկածի զոհ գացած իր կնոջ եւ դստեր: Հիմնադրամը իր կազմաւորման օրէն օգնած է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան ժողովուրդին` իրականացնելով հանրային առողջապահութեան բնագաւառի բարելաւման ծրագիրներ:

«Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամ»-ի գլխաւոր ծրագիրներէն` «Հայ մանուկներու հազարամեակի պատուաստումի հիմնադրամ»-ին շնորհիւ Հայաստանի մէջ իրագործուած են երեխաներու պատուաստումի տաբեր ծրագիրներ: Հայ մանուկներու հազարամեակի պատուաստումի հիմնադրամ»-ը շարք մը ծրագիրներ կատարած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի, ԵՈՒՍԷՅՏ-ի հետ համագործակցութեամբ:

Ֆրանսախօսութեան Ծիրին Մէջ` Չարենցի Նուիրուած Ձեռնարկ

Ֆրանսախօսութեան զարգացման նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, մարտ 31-ին, Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է «Չարենցը` ֆրանսախօս երկիրներու լեզուներով» խորագրեալ հանդէսը:

Այս առիթով Չարենցի բանաստեղծութիւնները ներկայացուած են 9 լեզուներով, Հայաստանի «Անաթոլ Ֆրանս» ֆրանսական երկրորդական վարժարանի աշակերտները հանդէս եկած են համերգով, տուն-թանգարանին նուիրուած է Չարենցի «Ծիածան» բանաստեղծութիւններու ժողովածուին ֆրանսերէն թարգմանութիւնը:

Ֆրանսահայ Գրող, Նկարիչ Տընի Տօնիկեան Իր Արխիւը Նուիրած Է Հայաստանի Ազգային Գրադարանին

Հայկական ծագումով, ֆրանսական արտայայտութեամբ գրող եւ նկարիչ… ինքզինք այսպէս կը բնութագրէ Տընի Տօնիկեան:

Հայաստանի Ազգային գրադարանը Տօնիկեանէն ստացած է բացառիկ նուէր մը: Անոր անձնական արխիւը` գիրքեր, ալպոմներ, ձեռագրեր Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան շնորհիւ ուղարկուած են Հայաստան, Ազգային գրադարան:

Նիւթերը մէկ շաբաթ կը ցուցադրուին գրադարանի մեծ ցուցասրահին մէջ, այնուհետեւ անոնք կը յանձնուին Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին:

Ցուցադրութեան բացման հանդիսութեան ներկայ եղած են` Տօնիկեանի ստեղծագործութիւններու թարգմանիչներ Նուարդ Վարդանեան, Լուսինէ Մուսախանեան, անոր վաղեմի ընկեր եւ բարեկամ, արձակագիր, թարգմանիչ Գրիգոր Ջանիկեան, Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէնուհի Սուզաննա Խոջամիրեան եւ այլ հրաւիրեալներ:

Սփռուած է նաեւ Տօնիկեանի տեսաուղերձը, ուր ան յատկապէս ըսած է.

«Ես շատ ուրախ ու երջանիկ եմ, որ այսուհետեւ իմ գիրքերն ու ձեռագրերը Հայաստան պիտի գտնուին: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Ազգային գրադարանին, որ սիրով ընդունեց իմ արխիւը: Յատկապէս ջերմ շնորհակալութիւն` տնօրէնուհի Աննա Չուլեանին, սոյն ցուցադրութեան շնորհահանդէսը կազմակերպելուն համար»:

Գրիգոր Ջանիկեան իր խօսքին մէջ շեշտած է.

«Տընիին ճանաչելու, նրա գրականութիւնը հասկանալու համար պէտք է նախ իմանալ նրա կեանքը: Նա ծնուել է Ֆրանսայում, 1942 թուականին, բայց նրա կենսագրութիւնը սկսւում է դեռեւս 1915 թուականի Եղեռնից, որովհետեւ Եղեռնը չի աւարտուել նրա ամբողջ կեանքի ընթացքում: Նրա կեանքի, մանկութեան ու պատանեկութեան տարիներին կրած դժուարութիւնների, հայրենիքի կարօտի մասին կարելի է անվերջ խօսել…»:

Լորիս Ճգնաւորեանի «Ռոստոմ Եւ Սոհրապ» Օփերայի Անդրանիկ Ներկայացումը Երեւանի Մէջ

Խմբավար, երգահան Լորիս Ճգնաւորեան մանկութենէն ոգեւորուած է պարսիկ մեծ գրող Ֆիրտուսիի «Ռոստամ եւ Սոհրապ» ստեղծագործութեամբ: Մտածած է զայն օփերայի վերածելու մասին եւ գաղափարը յաջողած է իրագործել 1960-ականներուն: Հեղինակը գրած է օփերայի ութ տարբերակ: Ան կ՛ըսէ, թէ  ստեղծագործական փուլը երկար տեւած է, քանի որ ուզած է սոյն օփերայի մէջ լիարժէք ներկայացնել պարսկական հոգեբանութիւնն ու մշակոյթը:

«Հայերը երաժիշտ են ծնւում, իսկ պարսիկները` բանաստեղծ»,- «Արմէնփրէս»-ի հետ հարցազրոյցին ըսած է Ճգնաւորեան:

Օփերայի երգեցիկ տարբերակը ցարդ ներկայացուած է աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, սակայն չէ բեմադրուած: «Ալ. Սպենդիարեան» օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի տնօրէն Կարէն Դուրգարեանի նախաձեռնութեամբ, «Ռոստամ եւ Սոհրապ»-ը բեմադրուած եւ առաջին անգամ արուեստասէրներուն ներկայացուած է մարտ 31-ին:

Դուրգարեանի հրաւէրով բեմադրութեան ներկայ ըլլալու համար Հայաստան ժամանած է Լորիս Ճգնաւորեան: Ան դահլիճին մէջ նստած` համեստօրէն հետեւած է օփերայի անդրանիկ բեմականացման եւ միայն թատրոնի տնօրէնութեան խնդրանքով ներկայացման աւարտին բարձրացած է բեմ ու վայելած` հանդիսականներուն բուռն ծափահարութիւնները:

Նախքան ներկայացումը` ելոյթ ունեցած է Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի եւ` ընդգծած. «Այսօր Իրանի եւ Հայաստանի մշակութային յարաբերութիւններուն համար պատմական օր մըն է: Ես եկած եմ հոս իմ յատուկ շնորհակալութիւնը յայտնելու մայեսթրօ Լորիս Ճգնաւորեանին, որ Իրանի եւ Հայաստանի, Իրանի եւ աշխարհի միջեւ մշակութային կամուրջ մը ստեղծած է: Ան միայն իրանցի եւ հայ ժողովուրդին չի պատկանիր, կը պատկանի ամբողջ աշխարհին: Եթէ ես քաղաքականութեան մարզին մէջ դեսպան եմ, ապա Լորիս Ճգնաւորեանը մշակոյթի եւ խաղաղութեան դեսպանն է աշխարհի մէջ: Ան մեր պարծանքն է, եւ ես շատ ուրախ եմ, որ ինծի բախտ վիճակուած է ներկայ գտնուելու «Ռոստամ եւ Սոհրապ» օփերայի այս անդրանիկ բեմադրութեան»:

Դեսպանը իր ելոյթը աւարտած է հայերէնով շեշտելով. «Կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցէ՛ Իրանը»:

Օփերան ներկայացուած է նաեւ ապրիլ 1-ին եւ 2-ին:

 

 

 

 

Նախորդը

Լեգրանի Հետ Բանակցութիւններ Եւ Հայ-Ռուսական Համաձայնագիր

Յաջորդը

Վաստակաւոր Դերասան Յովսէփ Գաբլանեանի (Եուսուֆ) Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մայիս 14, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Ապրիլ 30, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Մարտ 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?