Ապրիլ 4-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, Մոնթրէալի մէջ կեանքին հրաժեշտ տուաւ վաստակաւոր բժիշկ, ազգային գործիչ եւ հայ մամուլին, «Ազդակ»-ի երկարամեայ ժրաջան եւ հետեւողական աշխատակից տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը: Յատկանշական է, որ ան իր մահէն նուազ քան ամիս մը առաջ նոր նիւթեր յղած էր մամուլին` վերապրող բժիշկներու մասին, ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին յատուկ:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան իր բժշկական ուսումը աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին մէջ 1965-ին եւ աւելի քան 35 տարի աշխատած է իբրեւ մասնագէտ վիրաբոյժ Պէյրութի զանազան հիւանդանոցներու մէջ:
Ունի բժշկական բազմաթիւ ուսումնասիրական յօդուածներ միջազգային բժշկական գրականութեան մէջ, իսկ իր բժշկական եւ առողջապահական հայերէն յօդուածները տարիներէ ի վեր լոյս տեսած են սփիւռքի հայկական զանազան օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ: Հայերէն աշխատասիրութիւններուն մէկ մասը, ի շարս այլ գրութիւններու, լոյս տեսած են առանձին հատորներով` «Բժիշկին խօսքը» (2000-ին), «Բժիշկին Բ. խօսքը» (2011-ին), «Բժիշկին Գ. խօսքը» (2015-ին) եւ «Բժիշկին Դ. խօսքը» (2015-ին):
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, ուր որ ալ գտնուած է, միշտ իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է ազգային-հասարակական կեանքին, ստանձնած է պատասխանատու պաշտօններ: Եղած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ընդհանուր ժողովներու եւ կաթողիկոսական Ընտրական ժողովի ատենապետ, Լիբանանի հայոց թեմի ազգային երեսփոխան, Քաղաքական ժողովի եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ, Քանատայի հայոց թեմի ազգային երեսփոխան եւ Ազգային վարչութեան փոխատենապետ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ ու Քանատայի Շրջանային վարչութեան անդամ, «Ճինիշեան ձեռնարկ»-ի Լիբանանի խորհրդատու յանձնախումբի անդամ, ինչպէս նաեւ Լիբանանահայ բժշկական միութեան Գործադիր վարչութեան անդամ: Ան նաեւ սիրայօժար մասնակցութիւն բերած է Լիբանանի հայկական եւ ոչ հայկական դարմանատուներու բժշկական սպասարկութեանց:
Ազգային, հասարակական, կրթական հարցերու եւ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բժիշկ Հարպոյեանի յօդուածները լոյս տեսած են հայկական սփիւռքի մամուլին մէջ: Ան հրատարակած է «Խաչելութեան Ճանապարհը» (2015-ին) եւ «Խաչելութենէն յարութիւն» (2015-ին) հատորները` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, «Հայ բժիշկներուն ատամնաբոյժերուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայկական ցեղասպանութեան ընթացքին» հատորը (2018-ին), ինչպէս նաեւ «Խճանկարներ Հայոց ցեղասպանութենէն» հատորը (2019-ին):
Տարիներ շարունակ հայ հասարակական կեանքի եւ յատկապէս Համազգայինի ծիրին մէջ իր տարած աշխատանքին` առ ի գնահատանք, բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան «Համազգայինի շքանշան»-ը ստացած է Կեդրոնական վարչութեան կողմէ 2009-ին: Արժանացած է նաեւ Քանատայի Հայոց ազգային առաջնորդարանի ազգային եկեղեցական ծառայութեանց «Յովհան Մանդակունի» շքանշանին 2015-ին:
Բժիշկ Հարպոյեան 26 յունուար 2020-ին պարգեւատրուած է նաեւ Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետի»-ի շքանշանով:
«Ազդակ»-ի խմբագրական կազմին եւ ընտանիքին անունով մեր ցաւակցութիւնը կը յայտնենք մեր երկարամայ աշխատակիցին ընտանիքին: