Ելեւմուտքի նախարար Եասին Ժապեր յայտնեց, որ կառավարութիւնը կը գործադրէ տարիներէ ի վեր գոյութիւն ունեցող բազմաթիւ բարեկարգչական օրէնքներ, եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի այդ մասին խօսած է:
Ժապեր «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին նշեց, որ կառավարութիւնը արագ քայլերով յառաջ կ՛ընթանայ, եւ մասնաւորաբար ելեկտրականութեան մարզի մէջ իսկական փոփոխութիւն սկսած է:
Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Մորկըն Օրթէյկըսի Լիբանան այցելութեան` նախարարը յայտնեց, որ սպառնալիքներ չկան, այլ յայտարարութիւն կատարուած է դիրքորոշումներու, որոնք Օրթէյկըսի ժամանումէն առաջ եղած են, սակայն ան զանոնք վերստին շեշտած է:
Ժապեր նշեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը փոխատուութեան հետ կապ չունի, եւ սահմանամերձ գիւղերուն շուրջ 20 միլիոն տոլարի գումար յատկացուած է: