Այսօր ժամը 20:30-ին, Մանարայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Անթիլիաս պիտի ըլլայ հիւրը Ռիատիին, պասքեթպոլի աղջկանց 8-րդ շաբթուան մրցումներուն գծով:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս եւ Ռիատի իրենց 7 մրցումներէն 6-ը յաղթանակով աւարտած են եւ երկու խումբերն ալ պարտութիւններ կրած են Ազուրէն:
Այսօր ՀՄԸՄ Անթիլիաս անպայման դաշտ պիտի ներկայանայ յաղթելու համար Ռիատիին, որ անցեալ տարուան ախոյեանն էր:
Այս տարի ՀՄԸՄ շատ աւելի լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի եւ անպայման պիտի յաղթէ, որպէսզի գրաւէ Բ. դիրքը:


