Փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ ուրբաթ գիշեր Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանին գծով 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նասրի հետ` Շապապ խումբին դէմ մրցումին:
Այման Եահիա եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նշանակեցին Նասրի կոլերը, որ 52-րդ վայրկեանէն սկսեալ 10 մարզիկներով շարունակեց մրցումը, երբ յետսապահ Մոհամետ Ֆատիլ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Ռոնալտոյի կոլը նեղ անկիւնէն իր ասպարէզի 926-րդ կոլն էր, որուն շնորհիւ Նասր բարձրացաւ 4-րդ դիրք, մինչ Շապապ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը:
Մեքսիքայի ախոյեանութեան գծով իր երրորդ մրցումին, սպանացի յետսապահ Սերխիօ Ռամոս կոլ նշանակելու իր յատկութիւնը չէ կորսնցուցած ըստ երեւոյթին եւ կրցաւ կոլ մը նշանակել քոռնըրէ մը ետք` գլխու հարուածով: Մոնթերէյ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Քրուս Ասուլի հետ, ուր Ռամոս իր 3-րդ մրցումին 2-րդ կոլը նշանակեց:
38 տարեկան Ռամոս, որ Ռէալ Մատրիտի օրերուն Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի խմբակիցն էր, կը նկատուի ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն շատ կոլ նշանակող պաշտպաններէն մէկը: