ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը սոյն հաղորդագրութեամբ կու գայ տեղեկացնելու, թէ անցնող ամիսներուն հետեւողական աշխատանքով, լիբանանեան մարզական ֆետերասիոններու ընտրութիւններուն իր մասնակցութիւնն ու ներկայութիւնը հասան իրենց աւարտին:
Նշենք, որ վերջին փուլով` ուրբաթ, 7 մարտին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները: Ընտրութիւնները ընթացան ներկայութեամբ դատական մարմինէն նշանակուած արդարադատութեան նախարարութեան փորձագէտի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան հարցերու նախարարութեան ներկայացուցիչի եւ քուէարկելու իրաւունք ունեցող եօթը ակումբներէն վեցի ներկայացուցիչներուն եւ թեկնածուներուն:
Նշենք, որ սոյն ընտրութիւններուն ՀՄԸՄ-ի չորս թեկնածուները ընտրուեցան Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի եօթնանդամ կազմի անդամ` հետեւեալ ձեւով.
Եղբ. Հրայր Սեդոյեան` նախագահ
Քոյր Արտա Զէյթունլեան` գանձապահ
Եղբ. Նազօ Հապիպեան` հաշուապահ
Եղբ. Կարպիս Աբգարեան` խորհրդական
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ Լիբանանի` լիբանանեան մարզական ֆետերասիոններուն մօտ ներկայացուցիչներու վերջնական պատկերը.
1.- Սկաուտական ֆետերասիոն Եղբ. Վաչէ Նաճարեան
2.- Պասքեթպոլի ֆետերասիոն Եղբ. Հայկ Թապագեան
3.- Աթլեթի ֆետերասիոն Քոյր Մարիա Գէորգեան
4.- Ուուշու ֆետերասիոն Եղբ. Ժաք Տաղլեան (Այնճարի Ամիթիէի ներկայացուցիչ)` փոխնախագահ
Եղբ. Սագօ Դարբինեան
5.- Ճատրակի ֆետերասիոն Եղբ. Էլի Հուլիշեան
6.- Հեծելարշաւի ֆետերասիոն Եղբ. Հրայր Սեդոյեան` նախագահ
Քոյր Արտա Զէյթունլեան` գանձապահ
Եղբ. Նազօ Հապիպեան` հաշուապահ
Եղբ. Կարպիս Աբգարեան
7.- MMA-ի ֆետերասիոն Եղբ. Վարուժ Քէշիշեան
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


