Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի քարոզչական-դաստիարակչական յանձնախումբին, հինգշաբթի, 27 փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վարդանանց, Փետրուարեան ապստամբութեան եւ արցախեան պահանջատիրութեան նուիրուած ժողովրդային տօնակատարութիւնը:
Բացման խօսքը արտասանեց Մարինէ Գարայեան. ան յիշեցուց, որ այս երեք առիթները կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի պատմութեան կարեւորագոյն եւ ազգապահպանման իրադարձութիւնները, որովհետեւ անոնք պարզապէս ռազմական բախումներ չէին, այլ` ազգային ինքնութեան եւ կրօնի պաշտպանութեան պայքարներ:
Ան դիտել տուաւ, որ մեր պատմութեան մէջ մենք ունեցանք վարդաններ, արամ մանուկեաններ, դրոներ, կարօտներ, գէորգ հաճեաններ եւ բազմաթիւ հերոսներ , որոնք պայքարեցան յանուն սեփական հողի, ընտանեկան արժէքներու եւ սեփական ինքնութեան պահպանման եւ իրենց կեանքը զոհաբերեցին յանուն ազգին ու կրօնին, ինչպէս նաեւ ունեցանք վասակներ, որոնք որոշեցին քծնիլ թշնամիին դիմաց` պաշտպանելու համար իրենց անձնական շահերը, ուրանալով իրենց ազգութիւնը, պատմութիւնը, կրօնը եւ մշակոյթը, մոռնալով իրենց արժանապատուութիւնն ու պատիւը:
Իր խօսքը եզրափակելով` Մարինէ Գարայեան ըսաւ. «Մեր դարաւոր պատմութեան ընթացքին մեր մշակույթը, մեր հաւատքը եւ մեր հողերը դարձան այն արժէքները, որոնք մեզի տուին ուժ` պայքարելու եւ դիմագրաւելու իւրաքանչիւր փորձութիւն եւ վտանգ, համախմբուելու եւ յառաջանալու միասնականութեամբ: Մենք պէտք է հասկնանք, որ մենք պահպանելու ենք մեր հողերը ոչ միայն մեր անձերուն համար, այլ` յանուն բոլոր նահատակներուն եւ հերոսներուն, որոնք զոհուեցան, որպէսզի մենք այսօր ունենանք հայրենիք: Մենք պարտաւոր ենք շարունակելու իրենց ճանապարհը` պատուով ու հաւատքով»:
Օրուան պատգամը տուաւ վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեան, որ իր խօսքին սկիզբը լուսարձակի տակ առաւ այն երեւոյթը, որ 2020 սեպտեմբերի մեր ազգային պարտութենէն եւ ժողովուրդը «Յաղթելու ենք»-ով խաբելէ, սեպտեմբեր 2023-ի Արցախի պարպումէն եւ մեր հողերու յանձնումէն ետք դժուարացած է հայկական իրականութեան հաղորդակից ըլլալ:
Ան անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կարեւորութեան` նշելով, որ եկեղեցին տէր կանգնած է ժողովուրդին` պետութեան բացակայութեան, թէեւ ան պետութեան տեղը չի կրնար առնել, այլ կրնայ օգտակար գործակցութիւն ծաւալել անոր հետ: «Եկեղեցին իր ժողովուրդն ու առաջնորդներն են: Եկեղեցւոյ ուժը իր հոգեւոր առաջնորդութեան մէջ է, բայց նաեւ` անոր աղօթող հաւատացեալներուն մէջ: Եկեղեցին հոգեւոր եւ բարոյական ուժ է, որ ընելիք ունի նոր ճակատներու մարտահրաւէրներու եւ հին, անլոյծ, պարտուած ճակատներուն դիմաց», շեշտեց ան:
Բանախօսը անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայկական իրաւունքներուն` նշելով, որ այդ առումով կացութիւնը կը բարդանայ մեծ պետութիւններու հաշիւներու պատճառով, որոնց զոհը կը դառնան ժողովուրդներուն դատերը: Ան խօսեցաւ նաեւ Արցախի մասին եւ ըսաւ, որ եղածին համար ժողովուրդը այպանելի չէ, բայց այս շարժումը կառավարողներուն պէտք է հարցումներ ուղղուին:
Ըստ անոր, մենք պայքարող ժողովուրդ ենք, բայց մեր շահածը չենք կրցած պահել: Վարդանանքի մեծութիւնը այն է, որ շարունակուող ճակատամարտ է: Անկախութիւն չառինք, բայց պահեցինք խղճի ազատութիւնը: Վարդանանք մէկ ճակատ ունին մեծ կայսրութեան մը դէմ: Այսօր, ճակատները աշխարհագրական չեն, բազմակողմանի եւ բարդ են, աշխարհի ներկայ կացութեան նման:
Ապա վերապատուելի Յովհաննէս Սվաճեան անդրադարձաւ ներկայիս մարդկային կեանքին մէջ անկում կրած բազում երեւոյթներու, որոնք չարի յաղթանակով կերպարանափոխուած են, իսկ կեանքի ժխտական արժէքները եւ անոնք կը ներկայացուին իբրեւ դրական: Ան շեշտեց, որ նահանջ արձանագրած են` գաղափարախօսութիւններ, մարդկային տրամաբանութեան եւ գիտութեան օրէնքներ: Կ՛աւելնան նոր ճակատներ, ինչպէս` «Թիք թոք», ընկերային ցանցեր, արհեստական բանականութիւն: Մարդ կը զբաղի եւ ժամանակ կը սպաննէ եւ իր մտածելու, տրամաբանելու կարողութիւնը կը բթացնէ:
Ան իր խօսքը աւարտեց` ըսելով.
1) Կը խոստովանինք, որ մեղանչեցինք քեզի դէմ, ո՛վ Աստուած, եւ թողուցինք Քրիստոսի Աւետարանին արժէքները: Չկրցանք Քրիստոսի սէրը ներմուծել մեր ազգային վարմունքներուն մէջ:
2) Կը խոստովանինք, որ չհաւաքեցինք մեր ազգի զաւակները վասն Քրիստոսի եւ վասն հայրենեաց շուրջ:
3) Կը խոստովանինք, որ չսորվեցանք պատմութեան դասը, աշխարհագրութեան տուած պարգեւը եւ անկէ բխած իմաստութիւնը:
4) Կը խոստովանինք, որ հաւատքի կենսական զէնքէն հրաժարեցանք: Չգնահատեցինք իւրաքանչիւր ճակատամարտի` իրեն յատուկ զէնքը: Այսքան ճիւղաւորուած ճակատները ինչպէ՞ս դիմագրաւենք` աշխարհագրական եւ բարոյական մարզերուն մէջ: Ուժ չունինք, որ մենք ստեղծենք ճակատները` մեզի նպաստաւոր: Ժամանակն է, որ հաւաքականօրէն խոստովանինք, արժեւորենք եւ նախապատիւ սեպենք մեր հայրենիքի, ազգի ու հայ մարդուն շահը: Ամէն մարդ իր կենսական բաժինը ունի: Մէկը ըսած է. «Ամէն մարդ յանցաւոր չէ, բայց ամէն մարդ պատասխանատու է»:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Գ. Կիւլպէնկեան եւ Հայ աւետարանական վարժարաններու աշակերտները` ներկայացնելով ասմունք եւ Վարդանանց հայրենասիրական երգեր` նուագախումբին ընկերակցութեամբ:
Ապա ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական – քարոզչական յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած տեսերիզը, ուր գլխաւոր զեկուցողն էր քաղաքական վերլուծաբան Եղիկ Թաշճեան, որ ներկայացուց Արցախի պահանջատիրութեան անցեալի եւ ներկայի հոլովոյթը:
Անդրադառնալով Հայաստանի համար Արցախի ունեցած կարեւորութեան` ան բաղդատական մը ըրաւ 1988-ի ժամանակաշրջանին հետ, երբ նոյնպէս յուսախաբութեան ալիք մը կար տարբեր պատճառներով, բայց եւ այնպէս, ժողովուրդը ոտքի ելաւ եւ պահանջեց Հայաստանի եւ Արցախի վերամիացումը: Ժողովուրդին կամքին եւ օրուան իշխանութեան կողմէ պետականութիւնն ու անոր շահերը ամէն ինչէ բարձր դասելու շնորհիւ` կարելի եղած հասնիլ արդիւնքի, շեշտեց Թաշճեան` լուսարձակի տակ առնելով այն իրականութիւնը, որ Արցախը մեզի համար պարիսպ էր, եւ Արցախի տկարացումով Սիւնիքը վտանգուեցաւ:
Ան շեշտեց, որ հայութիւնը չկրցաւ իր ռազմական յաղթանակները պահել, որովհետեւ մինչ Հայաստան կը մտածէր դիւանագիտական լուծման մասին եւ այդ գծով աշխատանք կը տանէր, թշնամին կը պատրաստուէր յաջորդ պատերազմին, աւելցնելով, որ այս բոլորին զուգահեռ` առկայ էին նաեւ դաշնակիցներուն հետ կապերն ու հոն արձանագրուած փոփոխութիւնները: Ապա բանախօսը մանրամասնօրէն ներկայացուց 2020-ի պատերազմին նախորդող կացութիւնը, պատերազմի ընթացքն ու անոր ծանր հետեւանքը:
Եղիկ Թաշճեան ցաւ յայտնեց, որ այսօր Պաքուի բանտերուն մէջ ապօրինաբար պահուող մեր գերիներու եւ Արցախի ղեկավարութեան ազատ արձակման գծով աշխատանք կը տանին միայն սփիւռքի կառոյցները` աւելցնելով, թէ կայ այն կարծիքը, որ Ազրպէյճան այս դատը կրնայ օգտագործել իբրեւ քաղաքական շանթաժ Հայաստանի իշխանութիւններուն նկատմամբ: Ան շեշտեց, որ մեր քաղաքական գերիներուն գծով պէտք է մտածենք լիովին հայօրէն` իբրեւ մեր բոլորիս արժանապատուութիւնը, որ վեր է գաղափարական կամ քաղաքական որեւէ տարակարծութենէ: «Կ՛ակնկալեմ, որ սփիւռքի մէջ շատ աւելի ցոյցեր եւ քարոզարշաւ ըլլայ, որովհետեւ Ազրպէյճան այս խաղաքարտը պիտի օգտագործէ նաեւ Հայաստանի, սփիւռքի եւ այլ երկիրներու դէմ», ըսաւ Թաշճեան` շեշտելով, որ պէտք է մեր ճնշման լծակները օգտագործենք Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ, որոշ լոպիի աշխատանք տանիլ, մարդու իրաւունքներու խախտումները լուսարձակի տակ բերել, այլ խօսքով` ընել ամէն ինչ, որպէսզի մեր քաղաքական բանտարկեալները կարելի ըլլայ դուրս բերել թշնամիին բանտերէն:
Եղիկ Թաշճեան պատասխանելով այն հարցումին, որ այսօր արցախեան հարցը փակուա՞ծ է արդէն, խօսեցաւ ներքին եւ արտաքին պայմաններուն, հանգամանքներուն ու հաշիւներուն մասին, որոնց փոփոխութիւնը բնականաբար կ՛ազդէ մեր դատերուն վրայ, բայց եւ այնպէս, շեշտեց, որ միջազգային յարաբերութեանց մէջ փոփոխութիւններ կրնան արձանագրուիլ կրկին, եւ մենք առիթը պէտք է օգտագործենք, դրական ըլլանք եւ երբեք յուսախաբութիւն չապրինք, այլ կառչած մնանք մեր հողին, կամքին եւ մեր իրաւունքներու վերադարձի հաւատքին ու պայքարին: Ան հաստատեց, որ Արցախի ժողովուրդին վերադարձը մեր գերագոյն նպատակը պէտք է ըլլայ, Արցախի հարցը փակուած չէ, այնքան ատեն որ մենք պայքարի ոգի ունինք, որովհետեւ եթէ հակառակ պարագային ճերմակ դրօշակը բարձրացուցինք, ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի հարցը փակուած կ՛ըլլայ:
Բանախօսը նաեւ անդրադարձաւ արցախահայութիւնը Հայաստանի մէջ համախումբ պահելու եւ անոր վերադարձի իրաւունքը երաշխաւորելու կարեւորութեան մասին, նաեւ` ներկայ կացութեան մասին, ըսաւ, թէ ինչպէս սփիւռքի մէջ օրին հայրենակցական միութիւններ կազմուեցան, նոյնը պէտք է ընել Հայաստանի մէջ` ստեղծել, օրինակ, Հադրութի, Ստեփանակերտի, Շուշիի հայրենակցական միութիւններ, որովհետեւ պատկանելիութեան հարցը կարեւոր է: Ան անհրաժեշտ նկատեց արցախցիներուն համար յատուկ տնտեսական ծրագիրներ մշակել եւ նեցուկ կանգնիլ Հայաստանի մէջ Արցախի ժողովուրդին գոյատեւման եւ կեցութեան, շեշտելով, որ եթէ Հայաստանի իշխանութիւնը պատրաստ չէ այս առումով, սփիւռքը պէտք է նախաձեռնութիւններու դիմէ, որպէսզի արցախահայութիւնը համախումբ մնայ, եւ եթէ ապագային միջազգային յարաբերութիւններու սեղանին դրուի արցախահայութեան եւ վերադարձի հարցը, մենք պատրաստ ըլլանք:
Իր խօսքի աւարտին Եղիկ Թաշճեան հաստատեց, որ թէեւ ծանր են պայմանները, սակայն պէտք է յիշել, որ մենք Ցեղասպանութենէ վերապրած, կերտած, վերաշինած ժողովուրդ ենք, մեզի համար անընդունելի են յուսահատութիւնն ու յանձնուողականութիւնը, պատմութիւնը ցոյց տուած է, որ մեր ժողովուրդը միշտ յարութիւն առած է, որովհետեւ կամք ունի եւ մեզի համար կարեւորը քաղաքական կամքը պահել է:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Եզիեկել վրդ. Սէլումեանի «Պահպանիչ»-ով: