Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի գծով յառաջաձգուած մրցումի մը, Լիվըրփուլ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ասթոն Վիլայի դաշտին վրայ, Պիրմինկհամի մէջ:
Մոհամետ Սալահ նշանակեց մրցումին առաջին կոլը, ապա Ասթոն Վիլա, շնորհիւ Եուրի Թիլըմանսի եւ Օլի Ուաթքինզի, նշանակեց 2 յաջորդական կոլեր: 61-րդ վայրկեանին Թրենթ Ալեսանտր – Առնոլտ նշանակեց հաւասարութեան կոլը, որուն շնորհիւ Լիվըրփուլ 8-ի բարձրացուց Արսենալի վրայ (2-րդ դիրք) իր առաւելութիւնը:
Սալահի կոլը մրցանիշ մըն էր «Փրեմիեր լիկ»-ի պատմութեան մէջ, որովհետեւ այս կոլը իր 15-րդ կոլն էր, որ Սալահ կը նշանակէր այս տարեշրջանին` բարելաւելով Լիվըրփուլի այլ մարզիկի մը մրցանիշը: Լուիս Սուարես, որ 2013-2014 տարեշրջանին Լիվըրփուլի փայլուն յառաջապահն էր, 14 կոլ յաջողած էր նշանակել օտար դաշտի վրայ: