Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող Լիվըրփուլ կը ծրագրէ վերջին տարիներու մեծագոյն ամառնային փոխանցումներու պատուհաններէն մէկը ունենալ:
Ըստ «Թիմ Թոք»-ի, Լիվըրփուլի առաջին նպատակն է ձեռք ձգել Պորնմաութի սպանացի կեդրոնի յետսապահ Տին Հույսենը, որ կը նկատուի Վան Տայքը փոխարինող մարզիկը, մանաւանդ որ 19 տարեկան ըլլալով տարիներ կրնայ մնալ կարմիրներուն հետ:
Լիվըրփուլի յաջորդ նպատակն է ձեռք ձգել Նիւքեսըլի 25 տարեկան մարզիկ Ալեքսանտր Իսաքը, որ յառաջապահ դիրքի վրայ կրնայ խաղալ Տարուին Նունիեսի կամ Լուիս Տիասի փոխարէն: Հույսենի փոխանցումը կրնայ արժել 60 միլիոն եւրօ, մինչ Իսաքի փոխանցումի գինը 145-էն 180 միլիոն եւրոյի կրնայ հասնիլ:
Վերջերս Լիվըրփուլ մօտէն հետաքրքրուած էր Պարսելոնայի աջ ծայրի յետսապահ ուրուկուէյցի Ռոնալտ Արաուխոյի ծառայութիւններով: Արաուխօ կրնայ կեդրոնի պաշտպանի դիրքի վրայ ալ խաղալ, բայց ան մինչեւ 2031 պայմանագրութիւն ունի Պարսելոնայի հետ: