Այսօր, առաւօտեան ժամը 8:00-ին կը սկսի ՀՄԸՄ ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին կազմակերպած պասքեթպոլի 4-րդ շաբթուան առաջին մրցումը, Մըզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտին վրայ:
Տեղի պիտի ունենան երեք մրցումներ` հետեւեալ յայտագիրով.
Ժամը 8:00-ին, մեծ տղաք, Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան – Դպրեվանք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն
Ժամը 9:15-ին, մեծ տղաք, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան
Ժամը 10:30-ին, փոքր տղաք, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան – Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան
Կիրակի օր Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ առաւօտեան ժամը 8:00-էն սկսեալ մինչեւ ժամը 14:00 տեղի պիտի ունենան փինկ փոնկի մրցումները` հետեւեալ բաժանմունքներով.
10 տարեկանէն վար (2015-2016 ծնունդ)
12 տարեկանէն վար (2013-2014 ծնունդ)
14 տարեկանէն վար (2011-2012 ծնունդ)
16 տարեկանէն վար (2009-2010 ծնունդ)
18 տարեկանէն վար (2007-2008 ծնունդ)