Մեր առօրեայ կեանքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք օտար բարքեր ընկալելու երեւոյթին: Այդ բարքերը շատ անգամ հրապուրիչ թուելով` կը գերեն մեր կարգ մը զգայարանքները, բայց միեւնոյն ատեն կրնան տհաճ ըլլալ այն առումով, որ ընդօրինակուած են, հարազատութիւն չեն ներշնչեր եւ կը բնորոշեն անձի մը կապուածութեան տարողութիւնը իր ինքնութեան եւ արմատներուն:
Անցեալները հին բարեկամուհիի մը հետ պայմանաւորուած էի հանդիպիլ առեւտրական կեդրոնի մը մէջ եւ սուրճի մը շուրջ զրուցել: Երկար ժամանակէ չէինք տեսնուած եւ խօսեցանք «քիչ մը ամէն բանէ»` վերակենդանացնելով մեր կարգ մը յուշերը: Ուրախ էինք ու խանդավառ` մեր հանդիպումով, մինչեւ այն ատեն, երբ հարկադրուած եղանք մտիկ ընել մեր կողքի սեղանին շուրջ գտնուող քանի մը հայ կիներու բարձրաձայն խօսակցութիւնը: Մեծ ոգեւորութեամբ կը խօսէին` մերթ ընդ մերթ նկարներ ցոյց տալով իրենց բջիջային հեռախօսներուն մէջէն: Ըստ երեւոյթին, զրոյցին հիմնական նիւթը կը կազմէին օտար հասարակութիւններու մէջ ընդունուած բարքերն ու սովորութիւնները, որոնք նախապէս տեղ չունէին մեր հայկական կեանքին մէջ, իսկ ներկայիս անոնց ներառումը դարձած է հրամայական: Մեկնաբանութիւններու շարան մը սկսաւ կիներուն միջեւ, որոնք գոհունակ եւ համոզուած էին իրենց տեսակէտներով:
Ներկայիս շատ մը տօներ կամ աւանդութիւններ փոխարինուած են իրենց «արդի» տարբերակով` համաշխարհայնացումի՞ հետեւանք, թէ՞ քմահաճոյքի…
Բարեկենդանը կամ Լիբանանի պարագային` Պըրպարան, փոխարինուած են Հելոուինով: Երեխայի մը ծնունդը շնորհաւորելը փոխարինուած է պէյպի շաուրով: Հայկական նախահարսանեկան խնճոյքները փոխարինուած են պեչըլըր փարթիով: Եւ տակաւին շարքը երկար է…
Պահ մը մտածեցի, թէ օտար բարքերը որքա՜ն լայն ծաւալ ստացած են մեր ընտանեկան յարկերուն տակ: Շատեր «ժամանակակից» երեւելու եւ իրենց միջավայրին մէջ մեծ «համբաւ» վայելելու մարմաջէն մղուած` կառչած կը մնան այս սովորութիւններուն, մինչ մեր հայկական գեղեցիկ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները նահանջի ճամբան կը բռնեն: Եթէ Շահնուրի «նահանջը» ակամայ էր, այսօր «նահանջը» կամովին է:
Ապա յետադարձ ակնարկով մը յիշողութիւնս սլացաւ դէպի ութսունական թուականները, երբ համալսարանական ուսանող էի եւ միեւնոյն ատեն անդամ` ՀԵՀՈՄ-ի (Հայ եկեղեցական համալսարանական ուսանողական միութիւն): Այդ շրջանին ՀԵՀՈՄ-ը կը գտնուէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շրջափակին մէջ: Շաբաթօրեայ դրութեամբ եւ մեծ ոգեւորութեամբ կը կազմակերպէինք` դասախօսութիւններ, զարգացման մրցումներ, պտոյտներ, ընկերային հաւաքներ եւ այլ տարբեր նախաձեռնութիւններ: Շաբաթ յետմիջօրէ մըն ալ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. վեհափառը հրաւիրուած էր, որպէսզի դասախօսութեամբ մը իր պատգամը յղէր ուսանողներուն: Կարգ մը խօսքեր արժէքաւոր եւ ընդգծուած բաժիններ կը հանդիսանան անձի մը կեանքի գիրքին մէջ: Միտքիս մէջ դրոշմուած եւ արմատացած է կաթողիկոսին հետեւեալ խօսքը. «Մեր հայկական բարքերուն ու աւանդութիւններուն դիմագիծը մի՛ այլափոխէք»:
Այսօր փոփոխութեան տարողութիւնը որքա՜ն հսկայ է: Եթէ մեր նախնիները պահ մը թափանցեն մեր կեանքին մէջ, ապշահար պիտի մնան այս խորթ երեւոյթներուն դիմաց: Հակառակ անոր որ Յակոբ Պարոնեան հարիւր քառասուն տարիներ առաջ գրած է օտարամոլութեան մասին, սակայն ներկայիս այս իրողութիւնը առաւել եւս ակներեւ եւ քմահաճոյքները յագեցնող իրականութեան վերածուած է:
Օտար բարքերը հմայիչ բնոյթ ունենալով` արագօրէն կ՛ընկալուին շատերու կողմէ, որոնք կոյր հետեւողականութեամբ կը սուզուին համատարած այդ հոսանքին մէջ: Մենք` հայերս, սփռուած ենք աշխարհի չորս կողմը եւ բնականաբար պիտի հետեւինք մեր ապրած երկրի սովորութիւններուն` առանց մոռնալու սակայն մեր հայու իւրայատուկ դիմագիծը: Երբ փոքր էինք, իբրեւ լիբանանահայեր` մեծ խանդավառութեամբ կը ծպտուէինք նշելու համար Պըրպարան: Թաղի շատ մը տուներուն դռները կը թակէինք` յաճախ փախչելով, երբեմն սպասելով փոքր «հատուցումի» մը, որ ընդհանրապէս տուրմ կամ քաղցրաւենիք կ՛ըլլար: Մեր Բարեկենդանն ալ կը տօնուէր հաճելի խաղերով, պէսպէս դիմակներով եւ ուտեստեղէններով: Մեր տօները կրնանք յատկանշական դարձնել` տարորոշելով հայկական եւ օտար տօներու էութիւնը: Վերջապէս, մեր բարքերը մեր էութեան արտացոլացումն են: Անոնք կու գան մեր պատկանելիութեան զգացումը ամրապնդելու եւ աւելի անուշաբոյր դարձնելու մեր հայկական ինքնութիւնը:
Յանկարծ զգաստացայ, սուրճս պաղած էր…
Բարեկամուհիիս ըսի.
– Արդեօք մենք «ժամանակավրէ՞պ» կը նկատուինք մեր գաղափարներով եւ համոզումներով:
– Բնա՛ւ,- հաստատեց ան:
Օտար բարքեր ընկալողը եւ անոր ստրուկ եղողները նման են դիմակ կրող մարդու մը, որ հաւանաբար ինքնախաբէութեան մը զոհն է: Ինչո՞ւ չքողազերծել եւ հարազատ դէմքը երեւան չհանել:
Հաստա՛տ, մեր հայաբոյր դիմագիծը կը մնայ անզուգական եւ անփոխարինելի:
Հոս տեղին է նշել, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս 2025 տարին հռչակեց «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի»: