Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎԱՍՏԱԿԱՒՈՐ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿՑԱԿԱՆ ՂԵԿԱՎԱՐ ԳՈՐԾԻՉ ՀՐԱՉ ՏԱՍՆԱՊԵՏԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ

April 7, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` չորեքշաբթի, 6 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակցական բազմավաստակ գործիչ Հրաչ Տասնապետեանի մահուան տասնամեակի յիշատակի հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ պետական, ազգային, կուսակցական թէ միութենական ներկայացուցիչներու եւ խուռներամ բազմութեան:

Ճորճ Գրիգորեան

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք քարոզչական յանձնախումբին անունով ձեռնարկին բացումը կատարեց Ճորճ Գրիգորեան, որ բարձր գնահատեց Հրաչ Տասնապետեանի կուսակցական եւ բարոյական վարկը` թուելով անոր արժանիքները: «Ինչպէ՞ս կարելի է մեզմէ հեռացած նկատել մեծութիւն մը, որուն հայրական մեղմ ձայնով, սակայն որոտման ուժգնութեամբ «պիտի դաշնակցականանա՛նք»ը կը շարունակէ արձագանգել շատերուս ականջներուն, միտքերուն եւ հոգիներուն մէջ», ըսաւ Ճորճ Գրիգորեան` նշելով, որ Հրաչ Տասնապետեան իր համեստութեամբ շատ աւելի մեծ է բանակներ առաջնորդողներու ոմանց շքանշաններէն:

«Պարոն Տասնապետեանը, ընկ. Հրաչը, ամբողջ կեանք մը անսակարկ նուիրեց հայութեան այդ բանակները կերտելու եւ դարբնելու հայութեան այդ սուրերը` գաղափարի ազնուացնող հուրով», շարունակեց Գրիգորեան` ընդգծելով, որ սերունդներ պատրաստած մանկավարժը, դաշնակցականները դաշնակցականացնելու առաքելութեան այդ նուիրեալը Դաշնակցութեան ու հայութեան վրայ թողած է անջնջելի դրոշմ մը: «Այսօր, այդ դրոշմը մեր ճակատներուն վրայ, մեր հոգիներուն մէջ, եկած ենք խոնարհելու այդ մեծութեան մնայուն ներկայութեան առջեւ», շեշտեց Ճորճ Գրիգորեան:

Շահան Գանտահարեան

Օրուան բանախօսն էր «Ազդակ»ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան, որ վեր առաւ Հրաչ Տասնապետեանի ձգած ազգային ու կուսակցական ժառանգութեան յատկանիշները` նշելով, որ «մենք գործ ունէինք իր գործունէութեան դաշտին մէջ անկրկնելի հեղինակութեան մը հետ»: «Իր ստորագրած գրութիւններուն մէջ չէին պակսեր սեփական անձին նկատմամբ ինքնաքննադատութիւնը եւ անհատականը ընդհանուրին մէջ տարածելու իր մնայուն մօտեցումը», շարունակեց Շահան Գանտահարեան եւ աւելցուց. «Ինչ որ կը զատորոշէ ընկեր Տասնապետեանի գործը, նիւթերու մշակման գիտական մեթոտաբանութիւնն է:

Ժամանակակից աշխարհը աննախադէպ արագութեամբ կը փոխէ օրինաչափութիւնները: Արժէքները եւս վերածուած են նորաձեւութեան: Կը բաւէ վերստին կարդալ ընկեր Հրաչ Տասնապետեանի «Յեղափոխութիւն» խորագիրը կրող ուսումնասիրութիւնը` իմանալու համար յեղափոխութիւն հասկացողութեան ապրած այսօրուան այլասերումը, շեղումը էութենէն, ազնիւ նպատակներէն, մարդկային յառաջդիմութեան ծառայելու իր սկզբունքներէն», ընդգծեց Գանտահարեան` նշելով, որ Հրաչ Տասնապետեան բացառիկ զսպուածութեամբ պատասխանած է Հայաստանի վերանկախացումէն ետք իշխանութիւններուն կողմէ Դաշնակցութեան դէմ սանձազերծուած քաղաքականութեան դիմաց: «Հայրենի պետականութեան եւ հայրենի ժողովուրդին անդորրն ու անվտանգութիւնը չհարուածելու նախանձախնդրութեամբ` չդիմեց արկածախնդրութիւններու… երիտասարդութեան հայեացքները դէպի Երկիր սեւեռած պահելով: Որովհետեւ հայրենիքի գաղափարը սուլթանական, ցարական, խորհրդային թէ տէր պետրոսեանական օրերուն ընկեր Հրաչի գրութիւններուն մէջ մնացած է գերադասելի, գուրգուրալի եւ առաջնային նպատակ ամբողջ հայութեան համար: Այդ գաղափարով պէտք է դաստիարակուէր հայ երիտասարդը եւ այդ ուղղութեամբ կրթուէր իբրեւ հայ քաղաքացի», ընդգծեց Շահան Գանտահարեան:

Գանտահարեան նաեւ նշեց, որ փոփոխուող աշխարհին հետ աշխարհաքաղաքական նոր իրադրութիւններու լոյսին տակ, հարկ է «անպայման մեր հայեացքները ուղղել Հրաչ Տասնապետեանի կողմէ Դաշնակցութեան ծրագրային առաջադրանքներուն թէ կառուցային մարմիններու վերաբերող հոլովոյթին մասին կատարուած բացառիկ ուսումնասիրութեան` իմանալու համար, որ ե՛րբ եւ ինչո՛ւ Դաշնակցութիւնը փոփոխութիւններ մտցուցած է իր ծրագիրին եւ կառոյցին մէջ: Որպէսզի բարոյական ամուր սկզբունքներուն վրայ յենած կարենայ ինքնանորոգուիլ միշտ` իր երիտասարդ տարրերով: Ա՛յն երիտասարդներով, որոնց խորունկ աչքերուն մէջ ուզեց միշտ նայիլ ընկեր Հրաչ Տասնապետեանը` այնտեղ տեսնելու համար հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան դատին համար ինքնանուիրումի ուխտը վառ պահող իրերայաջորդ սերունդները»:

«Ապահովելու համար այդ գործին շարունակութիւնը` մեր կեանքը պէտք ունի խորունկ աչքեր ունեցող հայ երիտասարդներու եւ անոնց հայեացքներուն խորունկութիւնը չափել գիտցող հասարակական գործիչներու, որոնք միայն հաւաքականութեան համար պիտի զոհեն անհատականը, այնպէս ինչպէս զոհեցին ընկեր Հրաչն ու նախկին մեծերը», եզրափակեց Շահան Գանտահարեան:

Այս առիթով ցուցադրուեցաւ Հրաչ Տասնապետեանի կեանքին ու գործունէութեան մասին հակիրճ տեսաերիզ մը: Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի խումբ մը աշակերտներ:

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

Նախորդը

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ` Ի ՊԱՏԻՒ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐՈՒՆ, ՄԱՄՈՒԼԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՆԵՐՈՒՆ

Յաջորդը

ՔԱՐԱՄԷ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՈՒԱՀԱՊԸ

RelatedPosts

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան.  Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ
Գաղութային

«Ազդակ»-ի 92-րդ Առցանց Լսարան. Վլում. Հայերէն Ընթերցանութիւնը` Նոր Թուային Հորիզոններու Առջեւ

November 25, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։