«Էն. Պի. Էյ.»-ի երկրորդ շաբթուան մրցումներուն, ախոյեան Պոսթըն Սելթիքս տարեշրջանի իր 5-րդ մրցումին պարտութիւն մը կրեց 135-132 արդիւնքով` Ինտիանա Փէյսըրզի դաշտին վրայ:
Փասքալ Սիաքամ մրցումի վերջին 6 երկվայրկեաններուն 3 կէտնոց կողով մը նշանակեց` պարտութեան մատնելով Սելթիքսը: Սիաքամ 29 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց, մինչ Պենետիքթ Մաթուրին իր 30 կէտերուն 21-ը նշանակեց մրցումի երկրորդ կիսախաղին` օգնելով Ինտիանային, որ իր դաշտին վրայ յաղթեց` ուրախ ձգելով իր 17 հազարէ աւելի համակիրները:
Ճէյսըն Թէյթըմ (37 կէտ) եւ Ճէյլըն Պրաուն (25 կէտ) եղան Պոսթընի լաւագոյնները: Միւս կողմէ, Քլիվլենտ Քեվելիրզ իր 5-րդ մրցումն ալ աւարտեց յաղթանակով` 134-110 արդիւնքով յաղթելէ ետք Լոս Անճելըս Լէյքըրզին: Լէյքըրզի աստղ Լըպրոն Ճէյմսի զաւակը` Պրոնի Ճէյմս, «Էն. Պի. Էյ.»-ի գծով իր առաջին կողովը նշանակեց եւ 5 վայրկեան մասնակցեցաւ մրցումին: Իր հայրը` Լըպրոն 26 կէտ նշանակեց, մինչ Անթոնի Տէյվիս 22 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Էվըն Մոպլի (25 կէտ), Տոնավըն Միչել (24 կէտ) եւ Ճերըթ Էլըն (20 կէտ եւ 17 ռիպաունտ) եղան Քլիվենտի յաղթանակին կերտիչները: Տարիըս Կարլենտ 12 կէտ եւ 10 էսիսթ ձեռք ձգեց ի նպաստ Քլիվլենտի, որ յաջորդ մրցումին հիւրը պիտի ըլլայ Օրլանտօ Մեճիքի:
Թրէյ Եանկ 35 կէտ եւ 15 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Աթլանթայի, որ սակայն պարտութիւն կրեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծէն` 133-120 արդիւնքով: Պիլալ Քուլիպալի 27 կէտ նշանակեց ի նպաստ Ուաշինկթընի:
Քարլ – Անթոնի Թաունզ 44 կէտ եւ 13 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Նիւ Եորք Նիքսին, որ 116-107 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Մայեմի Հիթի դաշտէն: Հերրօ Թայլըր 34 կէտ նշանակեց ի նպաստ Մայեմիի:
Քլիվլենտի նման միակ անյաղթ խումբը` Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 105-93 արդիւնքով յաղթեց Սան Անթոնի Սփըրզի` արձանագրելով իր 4-րդ յաջորդական յաղթանակը: Ճէյլըն Ուիլիամս 12 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օքլահոմայի:
Ստորեւ` մրցումներուն արդիւնքները.
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 105-106
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Նիւ Օրլինզ Փելիքընզ 104-89
Օքլահոմա Սիթի Թանտըր – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 105-93
Շիքակօ Պուլզ – Օրլանտօ Մեճիք 102-99
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Պրուքլին Նեթց 106-119
Մայեմի Հիթ – Նիւ Եորք Նիքս 107-116
Չարլոթ Հորնեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 138-133
Քլիվլենտ Քեվելիրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ 134-110
Ինտիանա Փէյսըրզ – Պոսթըն Սելթիքս 135-132
Ֆիլատելֆիա 76-ըրզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ 95-105
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Աթլանթա Հոքս 133-120