Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կրնա՞յ Արհեստական Բանականութիւնը Փոխարինել Ծնողները

Նոյեմբեր 1, 2024
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Անկասկած անփոխարինելի են ծնողները, սակայն յառաջացած արհեստագիտութիւններու ճիշդ գործածութիւնը ծնողներուն կողմէ, շատ օգտակար կրնայ ըլլալ երեխաներուն համար: «Միտիում» կայքի յօդուածը այս մասին կը խօսի:

Ն.

Պատկերացուցէք աշխարհ մը, որ շատ նման է մերինին, բայց աւելի մեծ կախուածութեամբ` թուային լուծումներէն: Աշխարհ մը, ուր երեխան, եկէք, զայն կոչենք Զօ, դպրոցէն տուն կը շտապէ ոչ թէ ծնողներու ջերմ գրկախառնութեան, այլ զարգացած արհեստական բանականութեան (ԱԲ) համակարգի` իր ԹՈՒԱՅԻՆ (DIGITAL) ծնողի հանգստացնող, նմանակուած ձայնին մօտ:

Այս բեմագրութիւնը կրնայ ձեզի յիշեցնել «Ան» ժապաւէնը, ուր առանձին տղամարդը մխիթարութիւն եւ, ի վերջոյ, սէր կը փնտռէ արհեստական բանականութեան համակարգի ձայնով:

Կարելի է մտածել, թէ արդեօ՞ք այս կը գերազանցէ վիպապաշտ ընկերակցութիւնը: Նմանապէս, հնարաւո՞ր է, որ Զոյի նման երեխան գտնէ ծնողական ջերմութիւն եւ առաջնորդութիւն` քոտի եւ ալկորիթմներու մէջ:

Արհեստական բանականութեան ներխուժումը մեր կեանքը ոչ այլ ինչ էր, քան` յուզիչ երթեւեկ: Քսան տարիէ աւելի ԱԲ-ն ներթափանցած է մեր կեանքի բոլոր ոլորտները` սկսած մեր հեռաձայններէն եւ տուներէն, մինչեւ մեր աշխատատեղիներն ու ինքնաշարժները: Այդ կը վերասահմանէ հնարաւորութիւնները եւ կը վերացնէ այն պատնէշները, որոնք մենք ժամանակին կը համարէինք, որ անյաղթահարելի են: Բայց հիմա, քանի որ այդ կանգնած է մարդկային ամէնէն խոր փորձառութիւններէն մէկուն` դաստիարակութեան եզրին, մենք մնացած ենք հրատապ հարցումի մը դիմաց. արհեստական բանականութիւնը կրնա՞յ ՓՈԽԱՐԻՆԵԼ ծնողները: Բայց նախ, եկէ՛ք, խօսինք այն մասին, թէ ի՛նչ է ծնողքի դաստիարակութիւնը եւ ինչպէս այդ կը գործէ:

Ծնողքի դաստիարակութեան առաջադրանքներէն անդին

Ծնողքի դաստիարակութիւնը աւելին է, քան` պարզապէս առաջադրանքներ կատարելը. այդ կը պահանջէ բազմազան մօտեցումներ: Ծնողները կը կառավարեն ոչ միայն իրենց երեխաներու հիմնական կարիքները` կերակրելը, լոգանք առնելը եւ հագուիլը, այլեւ` անոնց յուզական եւ հոգեբանական զարգացումը, որ կը ձեւաւորէ անոնց անհատականութիւնը:

Դաստիարակութիւնը կը ներառէ բնազդով հասկնալ եւ արձագանգել երեխային ցանկութիւններուն եւ զգացումներուն: Այդ կը պահանջէ ճանչնալ անոնց մտահոգութիւնները, օգնել անոնց` յաղթահարելու հիասթափութիւնները եւ աջակցելու անոնց իւրայատուկ հետաքրքրութիւններուն: Այդ կը վերաբերի` կարեկցանքի, բարոյականութեան, ինքնագնահատականի եւ ճկունութեան ուսուցման: Ծնողները վստահութիւն, յարմարաւէտութիւն եւ անվտանգութիւն կը ստեղծեն երեխաներուն համար` աշխարհը բացայայտելու:

Բացի անկէ` ծնողք-երեխայ յարաբերութիւնները կը զարգանան ընդհանուր փորձառութիւններու, ինքնաբուխ ծիծաղի, մխիթարական գրկախառնութիւններու եւ անվերապահ սիրոյ` շնորհիւ մարդկային նուրբ փոխազդեցութիւններու, որոնք կը դաստիարակեն երեխայի անվտանգութեան եւ   պատկանելիութեան զգացումը:

Հակառակ ԱԲ-ի աճող ազդեցութեան` կ՛արժէ ուսումնասիրել, թէ արդեօ՞ք ԱԲ-ն կրնայ վերստեղծել դաստիարակութեան այս մտերիմ երեւոյթները` յուզական խորութիւնը, բարդ յոյզերուն կարեկցելու եւ արձագանգելու կարողութիւնը եւ սնուցանող բնազդը:

Ինչո՞ւ ԱԲ-ն պատասխանն է «Ի՞նչ բան կրնայ փոխարինել ծնողները» հարցումին

ԱԲ-ի ուսուցումն ու յարմարելու ունակութիւնը զայն կը դարձնեն ծնողները փոխարինող:

Արհեստական բանականութեան ժամանակակից համակարգերը կրնան մշակել եւ սորվիլ մեծաքանակ տուեալներ` բարձրացնելով տարբեր իրավիճակներուն արձագանգելու անոնց կարողութիւնը, ներառեալ` երեխաներու խնամքը:

Արհեստական բանականութեան գործիքները կրնան ապահովել կրթական աջակցութիւն, հմուտ կատարել սովորական առաջադրանքները եւ նոյնիսկ յարմարեցնել փոխազդեցութիւնները` հիմնուած երեխայի նախասիրութիւններուն եւ զարգացման վրայ, արդիւնաւէտ  յարմարելով անոնց իւրօրինակ ուսուցման ոճերուն եւ կշռոյթներուն:

Արհեստական բանականութեան կանխատեսման հնարաւորութիւնները կրնան նաեւ օգնել կանխատեսելու մարտահրաւէրները կամ վտանգները` թոյլ տալով կանխարգելիչ միջոցառումներ, որոնք կրնան բարելաւել երեխաներու անվտանգութիւնն ու բարեկեցութիւնը: Աւելի՛ն. ԱԲ գործիքները կրնան ամբողջ օրը մատչելի ըլլալ, բան մը, որ դժուար է բազմաթիւ պարտականութիւններով զբաղող մարդկային ծնողներու համար:

Թէեւ այս հնարաւորութիւնները արհեստական բանականութիւնը կը դարձնեն հետաքրքրական թեկնածու, սակայն կարեւոր է նշել, որ այդ դեռ շատ հեռու է մարդիկը խնամողները ամբողջութեամբ փոխարինելէ: Բայց եւ այնպէս, այդ մեզ կը մղէ մտածելու, թէ որքանո՛վ ԱԲ-ն պէտք է դերակատար ըլլայ երեխաներու խնամքի գործին մէջ: Երբ մենք կը գործածենք ԱԲ-ի առաւելութիւնները դաստիարակութեան մէջ, հրամայական կը դառնայ անդրադառնալ այն բարոյագիտական եւ հոգեբանական ազդեցութիւններուն, որոնք ԱԲ-ն ունի երեխաներու վրայ, երեւոյթ մը, որ արժանի է զգուշ դիտարկման` նկատի առնելով ԱԲ-ի աճող ազդեցութիւնը:

Բարոյագիտական մտահոգութիւնները եւ հաւանական հոգեբանական ազդեցութիւնը երեխաներու վրայ

Մինչ ԱԲ-ն աւելի մեծ դեր կը ստանձնէ ծնողք դառնալու մարզին մէջ, կը յառաջանան բարոյագիտական եւ հոգեբանական մտահոգութիւններ: Բարոյագիտական տեսանկիւնէն հետեւանքները լայնածաւալ են:

Ո՞վ պատասխանատու է, եթէ ԱԲ համակարգը սխալ մը գործէ:

Որքա՞ն հեղինակութիւն պէտք է ունենայ մեքենան երեխայի մը կեանքին վրայ:

Հաւանական է, որ ԱԲ-ն կարողութիւն չունի տալու այնպիսի կարեւոր որոշումներ, որոնք հիմնական նշանակութիւն ունին երեխաներու դաստիարակութեան համար, եւ ծրագրաւորման կողմնակալութիւնները կրնան ազդել այդ որոշումներուն վրայ:

Հոգեբանօրէն երեխաները կը պահանջեն աւելին, քան` հրահանգներ, որպէսզի վերածուին լաւ անհատներու. անոնք կը պահանջեն զգացմունքային ըմբռնում եւ խնամք: Յուզական զարգացումը երեխաներու, որոնց դաստիարակութեան վրայ էականօրեն կ՛ազդեն ԱԲ համակարգերը, կրնայ վտանգուիլ: Օրինակ, արհեստական բանականութեան անկարողութիւնը` ստեղծելու իսկական զգացմունքային կապ, կրնայ յանգեցնել կապուածութեան եւ հաղորդակցութեան կապուած խնդիրներու: Աւելի՛ն. այդ կրնայ նաեւ շեղել մարդկային փոխյարաբերութիւններու վերաբերեալ անոնց ըմբռնումը:

Թէեւ արհեստական բանականութիւնը կրնայ աջակցիլ դաստիարակութեան, մասնաւորապէս` պատկերացումներ տրամադրելու եւ կրթական ջանքերուն աջակցելու հարցին մէջ, իրական յուզական խորութեան բացակայութիւնը կարելի չէ անտեսել:

Քանի որ ԱԲ-ի դերը դաստիարակութեան մէջ կը մեծնայ, շատ կարեւոր է ուշադիր դիտարկել բարոյագիտական եւ հոգեբանական հետեւանքները` երեխաներու լաւագոյն շահերը պաշտպանելու համար:

Ի վերջոյ, ԱԲ-ն մեքենայ է… Իսկ մեքենաները կը ձախողին: Իսկ ի՞նչ կը պատահի, եթէ ԱԲ-ն խանգարուի` փորձելով ծնողք ըլլալ: Այդ կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ:

Երբ ԱԲ-ն ձախողի…

Պատկերացուցէք այս. մինչ ծնողները հանգիստ կը քնանան քովի սենեակին մէջ, Պելլան` ԱԲ դայեակը, կը հետեւի նորածինի լացին: Սենսըրի խանգարումի մը պատճառով ան սխալ կը մեկնաբանէ կաթի ջերմաստիճանը, երբ ան կը պատրաստէ շիշը: Պելլան կը կերակրէ երեխան կաթով, որ կ՛այրէ անոր բերանը:

Կամ` այս. 5-ամեայ Լիլին, որ միայն ԱԲ ուսուցիչ Պոտ-Էտի ընկերակցութեամբ տունը դաս սորված ատեն խաղալիք մը կը մնայ կոկորդը, մինչ Պոտ-Էտ կը շարունակէ դասը` անտեսելով արտակարգ իրավիճակը:

Հակառակ այն հանգամանքին, որ այս երեւակայական բեմագրութիւնները ցոյց կու տան հնարաւոր վտանգները, անոնք բնորոշ չեն: Գործածելով արհեստական բանականութեան հնարաւորութիւնները, կը  մշակուին ծնողական բազմաթիւ օժանդակ միջոցներ` հաւասարակշռուած, պատասխանատու մօտեցման անհրաժեշտութիւնը, ԱԲ-ն դաստիարակութեան ներառելու հարցին մէջ:

Եկէ՛ք, ուսումնասիրենք, թէ ինչպէ՛ս արհեստական բանականութեան վրայ աշխատող ծնողական գործիքները կը վերափոխեն ժամանակակից դաստիարակութիւնը:

Ինչպէ՞ս ԱԲ գործիքները կը փոխակերպեն ժամանակակից դաստիարակութիւնը:

Այսօր ծնողները աւելի ու աւելի կ՛ապաւինին ԱԲ-ին` երեխաներու խնամքի խնդիրներուն աջակցելու համար: Կան բազմաթիւ ԱԲ գործիքներ, որոնք կը նպաստեն երեխաներու համար աջակցող, գրաւիչ եւ ապահով միջավայրի ստեղծման:

Google Read Along-ը արհեստական բանականութեան յաւելուած մըն է, որ նախատեսուած է երեխաներու ընթերցանութեան հմտութիւնները բարելաւելու համար: Այդ կը խթանէ հաճելի եւ կրթական փորձը  ընթերցանութեան միջոցով:

Նմանապէս, Արիանա ԱԲ-ն կը գործէ որպէս վիրչուըլ օգնական, որ կը վերահսկէ երեխաներու վարքագիծը եւ գործողութիւնները` ծնողներուն տրամադրելով անոնց առօրեայի համապարփակ պատկերացում:

Luca & Friends-ը, Galaxy Kids-ը եւ Langotalk-ը բոլորը կ՛ապահովեն ուսուցման լուծումներ: Langotalk-ը երեխաները կը ներգրաւէ խօսակցական լեզուի ուսուցման մէջ ԱԲ հրահանգիչներու հետ, բան մը, որ նոր լեզուներու իւրացումը կը դիւրացնէ: Ուղեկից մարդամեքենաները, ինչպիսիք են Miko ԱԲ-ն եւ Moxie ԱԲ-ն, կ՛առաջարկեն ընկերակցութեան եւ կրթական բովանդակութեան գրաւիչ խառնուրդ մը:

Ժամանակի ընթացքին այս մեքենաները կը յարմարին երեխայի նախասիրութիւններուն` դիւրացնելով անոնց մօտեցումը անհատականացուած ուսուցման հնարաւորութիւններ ապահովելու համար:

Teddy ԱԲ-ն կը նպաստէ յուզական ուսուցման` զրոյցներու միջոցով բարձրացնելով երեխաներու յուզական բանականութիւնը:

ԱԲ-ի վրայ աշխատող հսկողութեան, ուսուցման եւ զարգացման այս գործիքները կը դառնան ժամանակակից դաստիարակութեան անբաժանելի մասը: Նպատակն է օգտագործել այս գործիքները` օգնելու մեղմել ծնողներու որոշ առօրեայ մարտահրաւէրները, որպէսզի ծնողները կարողանան կեդրոնանալ իրենց ընտանիքներու հետ որակեալ ժամանակ անցընելու վրայ:

Բայց եւ այնպէս, կրնա՞ն անոնք օր մը փոխարինել կենսական զգացմունքային կապը եւ բնազդային ըմբռնումը, որոնք  ծնողները կը կիսեն իրենց երեխաներու հետ: Կրնա՞ն ծնողները ամբողջովին անոնց վստահիլ իրենց երեխաներու դաստիարակութիւնը:

Ո՛Չ: Դե՛ռ ոչ:

Անդրադառնալով արհեստական բանականութեան եւ ծնողքի դաստիարակութեան` յառաջ նայիլ

Ծնողք ըլլալը բնածին մարդկային փորձառութիւն է` սիրոյ, դաստիարակութեան, կարգապահութեան եւ առաջնորդութեան խառնուրդ: Թէեւ ԱԲ-ն կրնայ աջակցիլ այս փորձառութեան` կառավարելով առաջադրանքները, կրթելով երեխաները եւ նոյնիսկ տրամադրելով յուզական աջակցութիւն, սակայն այդ չի կրնար փոխարինել դաստիարակութեան մէջ մարդկային տարրը:

ԱԲ-ն ունի ներուժ` մեղմելու ծնողական մարտահրաւէրները եւ, եթէ խելամիտ գործածուի, կրնայ էապէս մեղմել ճնշուածութիւնը: Բայց եւ այնպէս, անոր լաւագոյն գործածութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ զարգացնէ ծնողներու հմտութիւնները եւ արդիւնաւէտութիւնը, այլ ոչ թէ` փոխարինէ մարդկային ընկերակցութիւնը:

ԱԲ գործիքներու առաջադրանքներու վրայ հիմնուած գործածութիւնը կրնայ ծնողները ազատել առօրեայ աշխատանքէն եւ աւելի որակեալ ընտանեկան ժամանակ տրամադրել: Բայց եւ այնպէս, շատ կարեւոր է գտնել հաւասարակշռութիւն, որ կը գործածէ ԱԲ-ի օգուտները` չփոխարինելով ծնողական դաստիարակութեան հիմնական երեւոյթները` երեխաներու խնամքը, ուսուցումը եւ կապը:

Նախորդը

Պէյրութի Փողոցները

Յաջորդը

Կոչ Մեր Ընթերցողներուն` «Ազդակ»-ի Գրադարանը Ճոխացնելու Եւ Մատենաշարը Ամբողջացնելու Առաջադրանքով

RelatedPosts

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն
Մշակութային եւ Այլազան

Թրամփի Դաշնակից Այս Միլիառատէրը Եւ Անոր Որդին Կը Կառուցեն Տեղեկատու Աննախընթաց Կայսրութիւն

Հոկտեմբեր 10, 2025
Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ
Մշակութային եւ Այլազան

Հայերուն «Մայրիկը» Երկրորդ Անգամ Անմահացաւ

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արհեստական Բանականութեան Վտանգները
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Վտանգները

Սեպտեմբեր 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?