Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամորիմ Պիտի Գլխաւորէ՞ Եունայթըտը

Հոկտեմբեր 31, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Փորթուգալցի մարզիչ Ռուպին Ամորիմ մեծ հաւանականութիւն ունի փոխարինելու Էրիք Թենհակը` իբրեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ:

Թեն Հակ, որ օրեր առաջ պաշտօնանկ եղաւ, շուտով վերադարձած է Նետերլանտներ, մինչ Փորթուգալի Սփորթինկ Լիզպոն քիչ մը աւելի խառնակ վիճակ ունի, բայց որոշ գին կայ, որուն վճարումէն ետք Ամորիմ կրնայ անմիջապէս լքել փորթուգալեան ակումբը եւ միանալ Մանչեսթըր Եունայթըտին:

Վերջերս նիւթեր կային, որ իտալացի Մասիմօ Ալլեկրի կամ նոյնիսկ սպանացի Չաւի կրնան փոխարինել Թեն Հակը, սակայն Ամորիմ (39 տարեկան) աւելի կարող է, մանաւանդ որ Մանչեսթըր Սիթիի նպատակներուն մէջ էր փոխարինել Փեփ Կուարտիոլան (եթէ անշուշտ չերկարաձգէ իր պայմանագրութիւնը):

Ամորիմ 4 տարիէ ի վեր կը մարզէ Սփորթինկը, որ 2 անգամ ախոյեան դարձած է եւ երկու անգամ բաժակակիր: Ամորիմ 2 անգամ ալ ընտրուած է տարեշրջանի լաւագոյն մարզիչ (2021 եւ 2024): Ան հռչակաւոր է իր հաղորդակցութեան հմտութեամբ, ինչպէս նաեւ մրցումի մը ընթացքին թաքթիքի փոփոխութիւններով: Դրական եւ հանգիստ ձեւով կը ղեկավարէ մրցումը եւ միշտ կը խուսափի իրաւարարներու սխալներու մասին խօսելէ` լրագրողներու հետ հարցազրոյցներու ընթացքին:

Ամիսներէ ի վեր լուրեր շրջան կ՛ընէին Թեն Հակը փոխարինելու վերաբերեալ, սակայն Մանչեսթըր Եունայթըտի ղեկավարները բնաւ միասնաբար համամիտ չեն եղած:

Այս անգամ սակայն 20 օր տեւած տեսակցութիւններէ ետք վերջապէս տրուեցաւ որոշումը: «Ինէոս»-ի գրասենեակէն յայտարարուեցաւ որոշումը, ուր ընդհանուր տնօրէն Օմար Պերրատա, մարզական վարիչ Տան Աշուըրթ, թեքնիք տնօրէն Ճէյսըն Ուիլքոքս ներկայացուցին ֆութպոլային պատճառները, թէ ինչո՛ւ պէտք է նոր մարզիչ, տեսակցութիւն ունենալէ ետք Ռեթքլիֆի, Ժոել Կլէյզըրի, Սըր Տէյվ Պրէյլսֆորտի, «Ինէոս»-ի ներկայացուցիչներ Ժան-Քլոտ Պլանի, Ռոպ Նեւինի եւ Ռոճըր Պելի, ինչպէս նաեւ Եունայթըտի գործադիր տնօրէն Քոլեթ Ռոշի հետ ժողովին:

Առաջին անգամ ըլլալով բոլոր անդամները համաձայն էին մարզիչի փոփոխութեան, որ պիտի արժէ 19,5 միլիոն ամ. տոլար` իբրեւ փոխհատուցում Թեն Հակի, որ տակաւին քանի ամիս առաջ երկարաձգած էր իր պայմանագրութիւնը:

Այժմ, ժամանակաւորապէս Ռուտ Վան Նիսթելրոյ պիտի մարզէ Եունայթըտը, մինչեւ Ամորիմի հաւանական ժամանումը:

 

Նախորդը

Ֆութպոլի Աշխարհէն Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քայրի Ըրվինկ Օգնեց Տալասին. Եոքիչ` Նակեթցին

RelatedPosts

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան.  Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան. Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըմբշամարտ.    Սուրէն Աղաջանեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Սուրէն Աղաջանեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճեց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Էմ. Էմ. Էյ.  Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց
Մարզական

Էմ. Էմ. Էյ. Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?