Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ «Աշխարհի Զանազան Վայրերու Մէջ Իրավիճակի Վատթարացում Պէտք Է Ակնկալենք», Եւ «Ռուսիոյ Շուրջը Ո՞վ Ո՛վ Է` Ընկերներ, Թշնամիներ, Հարեւաններ»

Հոկտեմբեր 31, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Ասոնք են խորագիրները հանրածանօթ ռուսահայ քաղաքագէտ եւ արեւելագէտ Կարինէ Գէորգեանի 2 նոյեմբեր 2023-ին, Ճէոֆորին (GEOFOR Center for geopolitical forecasts) տուած հարցազրոյցին` Քարին Ալեքսանտրովնային, Կազայի մէջ Համասի ազատագրական գործողութեան առթիւ (1) եւ, նոյնպէս, երկրորդը` 27 սեպտեմբեր 2023-ին (2): Նախ` առաջինէն ստորեւ անգլերէնէ կը թարգմանեմ հատուածներ: Շուրջ տարի մը առաջ արտայայտուած այս միտքերը այժմէական են, եւ ոմանք արդէն իրականացան:

1. Կարինէ Գէորգեան: 2. ԿՈՒԱՄ-ի երկիրները, կապոյտ` Վրաստան, Ուքրանիա, Ազրպէյճան եւ Մոլտովա, Ուզպեքիստանը` նախկին անդամ: GUAM-ը 1997-ին հիմնուած, անգլերէն սկզբնատառերն է Ռուսիոյ սահմանին գտնուող Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ազրպէյճանի եւ Մոլտովայի, որ «ժողովրդավարութեան» եւ տնտեսական զարգացման խմբաւորում է:

Ք. Ա.- Ինչո՞ւ ճիշդ հիմա Միջին Արեւելքը պայթեցաւ:

Կ. Գ.- Քանի որ համաշխարհային տագնապը, Ամերիկայի յարաբերաբար խաղաղ շրջանը (Pax Americana) ճգնաժամի վերածուիլը եւ համաշխարհայնացումը նախորդող յարացոյցը, վերջապէս, միասին հասան ու անվերադառնալի կէտը անցան 2021-ին: Այժմ յստակ է, որ աշխարհի վրայ իր գերակայութիւնը պահպանելու համար Միացեալ Նահանգները պէտք է բարեփոխեն իրենց ռազմական բաղադրիչը` զէնքի արտադրութիւնը եւ այլն:

Միացեալ Նահանգները իրենց գերակայութիւնը պահպանելու համար ինչո՞վ շահագրգռուած են եւ ինչի՞ կրնան համաձայն գտնուիլ, ոչ թէ կեանքի, այլ` մահ սփռելու համար: Այս գերակայութիւնը պահպանելու սիրոյն անհրաժեշտ է ժամանակ շահիլ Հին աշխարհի շարք մը խաղացողներուն դէմ` Չինաստանի, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Իրանի եւ այլն: Այլ խօսքով` կարելիութեան սահմաններու մէջ բախումներ հրահրել: Խնդիրներ ստեղծել ժամանակ շահելու համար: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ ուքրանական հակամարտութեան: Այնպէս որ, ինչպէս ամերիկացիք կ՛ըսեն, «հարցը անձնական չէ» nothing personal:

Ինչ կը վերաբերի Համասին, կ՛ենթադրեմ, որ անգլիացիները իմանալով այս ծրագիրին մասին` որոշ չափով աճապարած են եւ որոշած են իրենց ձեռքը առնել նախաձեռնութիւնը: Այս առումով, անգլիացիները աւելի շատ կապեր ունին Թուրքիոյ, Իսլամ եղբայրներուն#, Համասի եւ այս կառոյցներուն մէջ մեծ թիւով գործակալներու հետ: Այնպէս որ, իմ տեսանկիւնէս, անոնք պարզապէս փորձեցին տիրանալ, այսպէս կոչուած, «կառավարելի քաոս»-ի տեսութեան հետ կապուած նախաձեռնութեան, այսպիսով, ամերիկացիները այս կացութենէն կախեալ պահելով, քիչ մը աւելի կանուխ, քան կ՛ուզէին:

#Էմ. Այ. 6-ի` Բրիտանիոյ արտերկրի ռազմական գաղտնի սպասարկութեան տնօրէնը` Ռիչըրտ Մուրը, անձնական բարեկամն է գահաժառանգ իշխան Չարլզի (այժմ` թագաւոր), որ կը հովանաւորէ(ր) Օքսֆորտի Իսլամական հետազօտութիւններու կեդրոնը, ուր քսանհինգ տարի վերապատրաստուած են Իսլամ եղբայրներ գաղտնի շարժումին մտաւորականները: Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը նաեւ այս կեդրոնին տնօրէնն է(ր): Իբրեւ Անգարայի մէջ դեսպան (2014-2017)` Ռիչըրտ Մուր ընկերակցեցաւ նախագահ Էրտողանին, որ Եղբայրութեան հովանաւորը դառնայ: Ան նախապէս Թուրքիոյ մէջ դեսպան եղած է, սահուն կերպով թրքերէն կը խօսի եւ բարեկամացած է նախագահ Էրտողանի հետ: Ան այս նոր պաշտօնը ստանձնեց 1 հոկտեմբեր 2020-ին, ազերիներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակումէն չորս օր ետք* (3):

Ք. Ա.- Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւնները ինչպէ՞ս պիտի զարգանան:

Կ. Գ.- Հիմա շատ դժուար է կանխատեսել այս պայքարին ընթացքը, քանի որ յստակ չէ, թէ մեծ դերակատարները ինչպէ՛ս պիտի ներգրաւուին այս տագնապին մէջ: Ըսել կ՛ուզեմ` Թուրքիան եւ Իրանը: Մէկ կողմէ Թուրքիան պատրաստ է իր խաղաղապահները ղրկել Իսրայէլ, կանգնելու սահմանագիծին վրայ եւ արդէն համաձայնած է Միացեալ Նահանգներուն հետ, միւս կողմէ` թուրք հանրային կարծիքը եւ Էրտողանի (կարծր*) ելոյթը Աթաթուրքի անուան օդակայանին մէջ: Այսինքն այնքան ալ պարզ չէ, թէ այս իրավիճակը հետագային ինչպէ՛ս կը կարգաւորուի:

Թուրքիան կը յաւակնի խաղաղարար ըլլալ, որպէսզի կարենայ կարգաւորել իրավիճակը եւ անով իսկ ամրապնդել իր դիրքերը Իսրայէլի եւ Պաղեստինի մէջ: Ինչպէ՞ս կը զարգանայ իրավիճակը հետագային, Իսրայէլը կը համաձայնի՞ թրքական խաղաղապահ առաքելութեան: Հետաքրքրական պիտի ըլլայ: Դժուար է նախատեսել: Առայժմ մենք այդ մէկը չենք տեսներ:

Վերջ` առաջին յօդուածէն քաղուած հատուածներուն:

Ք. Ա.- Ռուսիան ու Թուրքիան պատմութեան ընթացքին հակադիր կողմեր եղած են: Վերջերս մենք ականատես եղանք երկու երկիրներու մերձեցման: Սակայն Թուրքիան կը խոստանայ Ուքրանիոյ մէջ «Պայրաքտար»-ներ (անօդաչու ռազմական սարք*) արտադրելու գործարան կառուցել: Ազրպէյճանի մէջ իր ազգային քաղաքականութիւնը կը վարէ եւ ցոյց կու տայ Մեծ Թուրանի քարտէսներ, որոնց մէջ ռուսական տարածքներ կը մտնեն: Իրանը կը յայտարարէ, որ չի հանդուրժեր Հայաստանի հողային ամբողջականութեան դէմ որեւէ ոտնձգութիւն, քանի որ ատիկա իր գերիշխանութեան դէմ  կը համարէ: Միեւնոյն ատեն Ռուսիան աւելի կողմնորոշուած է Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան ուղղութեամբ: Արդեօք Թուրքիոյ նախագահը Ռուսիոյ վրայ որոշ լծակնե՞ր ունի:

Կ. Գ.- Այո՛, անշո՛ւշտ: Անցողակի վիճակ է այս: Բայց ես կը կարծեմ, թէ երկիրներուն միջեւ մերձեցում չկայ: Գործարար շահեր` այո՛, սակայն, մերձեցում` ո՛չ: Ռուսիան Թուրքիոյ համար անպարտելի թշնամի է, ինչպէս Թուրքիան` Ռուսիոյ: Բայց կայ փոխազդեցութիւն: Մենք դրացիներ ենք: Ուրիշ միջոց չկայ: Ինչո՞ւ մենք կը ստեղծենք այդքան մեծածախս կայաններ, այն ալ` մեր սեփական դրամով: Եթէ յարաբերութիւնները լաւ են, ինչո՞ւ չէ, իսկ եթէ վատթարանան, թերեւս մենք կրնանք տիրանալ այդ կառոյցներուն: Աքքույու Akkuyu (Ռուսիոյ կողմէ կառուցուող*) կորիզային ելեկտրակայանը (Մերսինի գաւառ*) բաւական մօտ է Սուրիոյ սահմանին (շուրջ 270 քմ Լաթաքիայէն` ծովու ճամբով*):

Ինչ կը վերաբերի Իրանին, մենք անոր հետ բաժնեկցելու բան չունինք: Այստեղ պատմական քաղաքական գործողութեան բոլորովին այլ յարացոյց կայ: Հին կայսրութիւն է, ինչպէս` Ռուսիան: Անշուշտ, 1500 տարի աւելի հին է, սակայն, այսուհանդերձ, տարբեր քաղաքական աւանդոյթ ունի, եւ այստեղ թշնամանք չկայ: Մենք պայքարելու պէտք չունինք: Ուստի, Ռուսիան կամ Իրանը պէտք է Անդրկովկասը հովանաւորեն:

Ի վերջոյ, Կովկասի ժողովուրդները բաժնուած են իրարու միջեւ, եւ ես Հայտար Ալիեւէն ետք ոեւէ ականաւոր քաղաքական գործիչ չեմ տեսած: Ան կրնար Անդրկովկասը դարձնել համաշխարհային քաղաքականութեան նիւթ: Այդ նպատակով Վրաստանի հետ համաձայնութեան գալը բաւարար չէր, ոչ ալ փափկօրէն հայերուն ճակատը համբուրելը բաւարար չէր, որ անոնք փափաքէին Ազրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ: Ոչի՛նչ կատարուեցաւ, բոլորին բաժնած էին տարբեր ուղղութիւններով: Ուստի, Անդրկովկասը կա՛մ Ռուսիոյ ազդեցութեան եւ զօրակցութեան շրջան է եւ կա՛մ` Իրանի:

Ի տարբերութիւն Թուրքիոյ` Իրանը իր աղբիւրները չի վատներ իր մէջ ապրիլ չուզող մարդիկը պահելու համար: Այս շատ կարեւոր է: Իրանը չի գրաւեր խնդրայարոյց տարածքներ (հիւսիսային Կիպրոս, հիւսիսային Սուրիոյ շրջաններ, Լիպիա եւ այլն*)4 քանի որ որեւէ նման տարածք պահել պէտք է: Ի վերջոյ, սահմանի ծայրամասին կը գտնուին, որ պահելը բաւական դժուար է: Տեսէք, թէ որքա՛ն քննադատութեան արժանացան (ցարական*) կայսրութիւնն ու Խորհրդային Միութիւնը, որոնք ճիշդ գործեցին, սակայն հետեւանքը` ծայրամասերուն կեանքը աւելի բարեկեցիկ էր, քան` կեդրոնական Ռուսիոյ մէջ:

Այս հանրապետութիւնները (ծայրամասի*) շատ բան տուին: Սխալ է զանոնք մեղադրել իբրեւ ձրիակերներ: Մինչեւ 1960, օրինակ, Հայաստանի ամբողջ տարածքը, որ լեռնային է ու դժուարին, ելեկտրականացուեցաւ, հեռաձայնի ու կազի մատակարարման ցանցեր զետեղուեցան: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ սահմանին միւս կողմը կանգնած էին Թուրքիոյ 3-րդ դաշտային բանակը եւ Արարատի վրայ գտնուող ամերիկեան ՕԹԱՆ-ի զինուորական խարիսխը: Ուստի անհրաժեշտ էր ստեղծել նման պայմաններ:

1960-ականներու սկիզբը Հայաստանը բոլորին նման աղքատ էր: Ես Մոսկուա կ՛ապրէի եւ այցելութեան կու գայի, 5 տարեկան էի, բայց ամէն ինչ կը յիշեմ, երկիրը շատ աղքատ էր: Իսկ 1970-ականներուն Հայաստանի կեանքը, նոյնիսկ Մոսկուայի կեանքին համեմատած, հասած էր աւելի բարձր մակարդակի: Եւ այդ շատ նկատելի էր, սակայն` անհրաժեշտ:

Նոյնն էր պարագան Պալթեան երկիրներուն մէջ: Եւ յետոյ, բոլորը քիթերնին բարձրացուցին եւ որոշեցին, որ իրենք այնքա՛ն կարող են, որ իրենց միջոցներով այս դիրքին հասած են: Բոլորը կլանուած էին փառամոլութեամբ եւ առասպելներով: Այժմ գիտակցութեան կը վերադառնան, յատկապէս` Պալթեան երկիրներուն մէջ: Թիք թոք-ի մէջ «Յաղթանակի օր» երգը վերարտադրուած է: Էսթոնիացին կ՛երգէ` «Մենք կը փախչինք Ռուսիա, ուր մարդիկ աւելի բարի են, օղին աւելի համով է, հացն ու կազը բոլորին կը բաւէ»: Այնտեղի իշխանութիւնները (հակառուս*) կացութիւնը տակաւին հակակշռի տակ կը պահեն, թէեւ հասարակութեան մէջ նման տրամադրութիւններ կը խմորուին:

Անդրկովկասի պարագան նոյնը չէ: Հայաստանը երկար ժամանակ ռուսամէտ էր: Այժմ կը շրջուի: Այնտեղ Պալթեաններուն նման շրջադարձը հինգ տարիէն առաջ չի կրնար սկսիլ: Որովհետեւ (Ռուսիոյ*) բոլոր զանցառումներն ու սխալները հոն են, «ո՛չ մէկ տեղ կ՛երթան», «մեր գրպանին մէջն են», «մե՛նք կանգնած ենք այնտեղ» ըսուեցաւ: Ահա թէ ինչպէ՛ս փախցուցինք Ուքրանիան, եւ նոյն մեթոտաբանութիւնը կը կիրարկուի (Ռուսիոյ*) սահմանին երկայնքին գտնուող (դրացիներու*) ղեկավարութեան եւ հասարակութիւններուն կողմէ: Միեւնոյն ժամանակ մենք բոլորին կ՛ըսենք, նաեւ` Իրանին. «Մի՛ մտահոգուիք, մենք այստեղ կանգնած ենք, ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ»: Սակայն Ռուսիան այժմ չի կրնար ֆիզիքապէս պահել Հայաստանը, յատկապէս քանի որ զբաղած է Ուքրանիոյ ռազմական գործողութիւններով:

Նոյնն է պարագան Վրաստանի մէջ: Սկսած են աճիլ հակաարեւմտեան տրամադրութիւնները: Կը տեսնենք, որ իշխող կուսակցութիւնը կը ցանկայ պաշտօնազրկել նախագահ Զուրապիշվիլին, որ կը թուի ֆրանսացի ըլլալ, սակայն իրականութեան մէջ ամերիկասէր մօրաքոյր մըն է: Վրաստանի մէջ Պալթեան երկիրներուն նոյն միտումն է: Ազրպէյճանը, սակայն, դաժանօրէն լարուած է Ռուսիոյ դէմ:

Ես իմ «Թելեկրամ»-ի ալիքիս մէջ տեղադրեցի Ա. (Ալթայ*) Էֆենտիեւի (ազերի*) շատ նշանակալից ելոյթը ԿՈՒԱՄ-ի այս տարուան օգոստոսի նստաշրջանին: Ան այս կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարն է, որ կը ներառէ Ուքրանիան, Ազրպէյճանը եւ Մոլտովան: Լսեցէ՛ք, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ Ռուսիոյ մասին. «Ի՛նչ նախայարձակ է», եւ ան ունի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի կոչում: Ի՞նչ կը խորհիք` կարելի՞ է նման բան յայտարարել, եթէ այդ տեսակէտը չի համընկնիր պետութեան ղեկավարին (Իլհամ Ալիեւ*) կարծիքին հետ:

Ռուսիան թէեւ դաշնակցային յարաբերութիւններ ունի Ազրպէյճանի հետ, սակայն ամէն երեւոյթ դէմ է այդ դաշինքին: Միաժամանակ Երեւանը տեսնելով այս դաշինքը` կը գիտակցի, որ Ազրպէյճանը աւելի արժէքաւոր է Ռուսիոյ համար, քան` հայկական շահերը: Ես հիմա չեմ խօսիր Նիկոլ Փաշինեանի մասին: Առայժմ Հայաստանի ժողովուրդին մէջ չկայ ռուսատեացութիւն եւ, Աստուած տայ, պիտի չըլլայ նաեւ ռուս ժողովուրդին եւ ռուսերէնին նկատմամբ: Անշուշտ չեմ բացառեր ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները, որոնք կրնան հաւաքագրել խելագարներ, որոնք կ՛ընեն այդ մէկը: Բայց հասարակութեան մէջ սկզբունքով նման խնդիր չկայ: Հայերը այս առումով շատ հանդուրժող են: Թերեւս այդ է պատճառը, որ անոնք կ՛ապրին տարբեր երկիրներու մէջ եւ կը գիտակցին, որ հայրենիքէն դուրս ապրող մարդը միշտ խոցելի է: Այդպիսի զգացողութիւն միշտ կայ:

Վերջ:

Վրաստանը արդէն վերստին դէպի Ռուսիա շրջադարձը կատարեց, քանի մը օր առաջ` 26 Հոկտեմբեր 2024-ի ընտրութիւնով, ուր ռուսամէտները յաղթանակ արձանագրեցին եւ պարտութեան մատնեցին ամերիկեան ու եւրոպական, առաւել, սորոսական թեւը, որ «գունաւոր յեղափոխութիւն»-ով 2003-էն ի վեր կը տիրէր երկրին: Իսկ Մոլտովան 50.46 տոկոս չնչին արդիւնքով մը մնաց արեւմտեան հովանաւորութեան տակ: Յստակ է, որ Արեւմուտքը Վրաստանի պարագային որեւէ տնտեսական զարգացում ու վերելք չպատճառեց, այլ այս շրջանին մէկ միլիոնէ աւելի վրացիներ վերջնականապէս լքեցին իրենց հայրենիքը, եւ թրքական ու ազերի ընկերութիւններ գրաւեցին տնտեսութեան առիւծի բաժինը:

Հայաստանը, որ Վրաստանի նման Սեւ ծովով աշխարհի հետ բաց սահման ալ չունի, իր ներկայ ընթացքով եւ դրացի Վրաստանի օրինակը տեսնելով հանդերձ, տգէտ ու ապազգային դաւադիր իշխանութեամբ կը գլտորի դէպի դաժան Թուրքիոյ գիրկը: Փրկութի՞ւնը` այս թշնամիներուն ծառայող իշխանութիւնը պէտք է հեռացուի:

27 հոկտեմբեր 2024

haroutchekijian.wordpress.com

—————–

* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները հեղինակին կողմէ:

  1. https://medium.com/@geofor/karine-gevorgyan-we-should-expect-aggravation-of-the-situation-in-different-parts-of-the-world-ff03724261b9
  2. https://medium.com/@geofor/who-is-who-around-russia-friends-foes-neighbors-e1dbe8b0868e .
  3. https://www.voltairenet.org/article211746.html
Նախորդը

Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան Պարգեւատրուեցաւ «Լապիպ Մատանաթ» Մրցանակով

Յաջորդը

Ֆութպոլի Աշխարհէն Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?