Փիւնիկի մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան վերջերս կարճ հարցազրոյց մը ունեցած է «Սփորթ»-ի հետ: Մելիքեան, որ շատ մեծ համբաւ ունի Ուքրանիոյ մէջ իբրեւ մարզիկ եւ ապա իբրեւ մարզիչ, խօսեցաւ ազգային խումբը մարզելու կարելիութեան մասին:
«Ասիկա շատ նուրբ հարց է: Չեմ փափաքիր շատ մեկնաբանել, բայց պէտք է ըսեմ քանի մը խօսք: Արդէն ինչպէս գիտէք, վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստանի ֆետերասիոնին եւ Փիւնիկի ֆութպոլի խումբին միջեւ հարցեր կան: Սկիզբէն ես կ՛աշխատիմ եւ կը պաշտպանեմ ակումբի նախագահը: Ես անոր համար կը պայքարիմ թէ՛ դաշտին մէջ, թէ՛ անկէ դուրս: Կը կարծեմ, որ ասիկա կը խանգարէ, որ ես գլխաւորեմ ազգային խումբը: Մեր ֆետերասիոնին մէջ կ՛աշխատին շատ յաւակնոտ մարդիկ, որոնց համար արդիւնքը կարեւոր չէ, այնքան ինչքան անձնական երեւոյթը: Համոզուած եմ, որ իրենք գիտեն որքան կրնամ օգնել ազգային խումբին, բայց այդ պատճառով չեն առներ այդ քայլը»: Հարցումի մը, թէ արդեօք համակիրները եւ լրատուական միջոցները միասնական կարծիք կը յայտնե՞ն Մելիքեանի թեկնածութեան շուրջ, ան ըսաւ. «Եթէ հասարակութիւնը իսկապէս ատիկա ցանկայ եւ այդ մասին յայտարարէ, միայն այդ պարագային պատրաստ եմ համապատասխան քայլերը կատարելու: Ինծի համար շատ կարեւոր է երկրպագուներու կարծիքը եւ ակումբի նախագահին կարծիքը: Վէճը շատ լուրջ է: Չեմ փափաքիր այդ վէճին մասին խօսիլ: Միայն ըսեմ, որ այնքան լուրջ է հարցը, որ Փիւնիկ կրնայ 99 տոկոս հաւանականութեամբ քաշուիլ նոյնիսկ ախոյեանութենէն»:


