Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանուշակ Գիզիրեանի Յիշատակին

Հոկտեմբեր 23, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Քառասուն օրերը ժամանակի իմաստով երկար տեւողութիւն չեն, սակայն անվերադարձ բաժանումի պարագային ծանր են ու երկար: Դիւրին չէ քառասուն օրուան մէջ հաշտուիլ կորուստին հետ մէկու մը, որ աւելի քան քառասուն տարուան ծառայութիւն մատուցեց հայ դպրոցին, հայ ակումբին եւ հայկական շրջանակին` ազնիւ դաստիարակի, հոգատար ԼՕԽ-ականի եւ հաւատաւոր դաշնակցականի անուն ձգելով իր ետին:

Քառասուն օրեր առաջ նման կորուստ մը եղաւ Մանուշակ Գիզիրեանի մահը, որ պատահեցաւ Գամիշլիի մէջ, հեռու Լիբանանի իր ծանօթներէն եւ ընկերական լայն շրջանակէն:

Մանուշակ Գիզիրեան 2019-ին վերադարձած էր ծննդավայրը` Գամիշլի, ուր ան անցուցած էր կեանքին սկզբնական փուլը` կազմաւորուելով սասունցի արմատներով նահապետական ընտանեկան յարկի մը տակ, իբրեւ սրբութիւն դաւանելով ազգային մեր արժէքները` եկեղեցին ու դպրոցը, հայրենիքը եւ անոր հին ու նոր հերոսները:

Գամիշլի ծնած ու մեծցած Մանուշակ Գիզիրեան

1970-ականներու սկիզբը կը հաստատուի Լիբանան, Զահլէ, ուր 1974-ին, կու տայ դաշնակցականի իր երդումը եւ մաս կը կազմէ ՀՅԴ «Արամ» կոմիտէութեան շարքերուն: Քանի մը տարի ետք ան կը փոխադրուի Պուրճ Համուտ եւ կը հաստատուի Արագածի շրջան, ուր կը բոլորէ կեանքին մեծագոյն մասը` իբրեւ «Դրօ» կոմիտէութեան նուիրեալ անդամ, շրջանի «Հրայր Դժոխք» պատանեկան միութեան վարիչուհի եւ ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի երկարամեայ վարչական, յաճախ` ատենապետի կամ ատենադպրուհիի պաշտօններով:

Մանուշակ Գիզիրեան ասպարէզով ուսուցչուհի էր: Ան պաշտօնավարած էր Ազգային Արամեան, Քառասնից Մանկանց եւ ՔԱՀԼ-ի յատուկ դժուարութիւն ունեցող աշակերտներու վարժարաններուն մէջ: Աշակերտները կը վկայեն, որ ան համակ շունչ եւ ոգի էր: Տեւաբար զանոնք կը խրախուսէր հայութեամբ եւ Հայաստանով հետաքրքուելու, միութենական կեանքի մաս կազմելու եւ յանձնառու տղաք ու աղջիկներ դառնալու: Կը հպարտանար, որ նահատակ Եղիկ Գայայեանի նման աշակերտներ ունեցած էր, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հերոս տղաք կրթած էր: Տղաք, որոնց հետ Արագած ակումբին մէջ յաճախ ներկայութիւն էր ան պատերազմի երկա՜ր ու դաժան օրերուն: Այս պարագային ոչ իբրեւ ուսուցչուհի, այլ` իբրեւ խնամատար քոյր, գումակային աշխատանքներու մասնակից եւ երբեք չտկարանալու խրախոյս տուող ընկերուհի:

Կուսակցական կեանքի մէջ Մանուշակ Գիզիրեան ժրաջան վարիչուհի էր, օրինակելի դաստիարակ: Խոնարհ ու համեստ դաշնակցականի իր խառնուածքով, լուռ եւ անձնուէր աշխատանքի իր գործելաոճով ան կերտած էր կարգապահ, հայրենասէր ու ծառայասէր պատանի-պարմանուհիներ, որոնք հետագային պատասխանատու դիրքեր պիտի ստանձնէին մեր կեանքին մէջ: Ընտանիք չէր կազմած ան, սակայն իր մեծ ընտանիքը դարձուցած էր իր դաստիարակութեամբ հասակ առած սերունդները, որոնք միշտ յարգանքով ու պատկառանքով կը յիշէին ու կը պատուէին զինք: Երէց պատանիներու վարիչութեան շրջանին` իբրեւ կրտսեր պատանիներու վարիչ, ան գործակից ունեցած էր Լիզպոնի նահատակներէն Սարգիս Աբրահամեանը, որուն կապուած բազմաթիւ յուշեր եւ յիշատակներ ունէր: Յաճախ կ’ոգեկոչէր հերոսին յիշատակը եւ ինքզինք բախտաւոր կը նկատէր, որ Սագոյին նման գործակից մը ունեցած էր կուսակցական կեանքին մէջ:

Կուսակցական կեանքին առընթեր, Մանուշակ Գիզիրեան նուիրեալ ԼՕԽ-ական էր: Վարչական կազմի անդամ, ԼՕԽ-ի Կազդուրման կայանի 1990-ական տարիներու կամաւոր պատասխանատու եւ հետագային` ԼՕԽ-ի «Նարօտ Արտալճեան» գրադարանի երկար տարիներու վարիչ: Յիշատակելի կը մնան իր պատրաստած յայտագիրները Կազդուրման կայանի եւ ԼՕԽ-ի գրադարանի տարեկան հանդէսներուն` ազգային-հայրենասիրական խօսուն թեմաներով եւ ջանադիր աշխատանքով: Մանուշակ Գիզիրեան մասնակցած է ԼՕԽ-ի Շրջանային ներկայացուցչական բազմաթիւ ժողովներու` միշտ մնալով լուսարձակներէ հեռու, ազնիւ եւ պարտաճանաչ ընկերուհի:

ԼՕԽ-ի իր փորձառութիւնը հետագային ան ներդրեց Լիբանանի «Արցախ Ֆոնտ»-ի տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի աշխատանքներուն մէջ, երբ մեծ սիրով եւ խանդավառութեամբ մասնակցեցաւ ֆոնտի տարեկան տօնավաճառներու պատրաստութեան: Արցախը չէր տեսած ան, սակայն Արցախի ազատագրման տենչով ապրած հայուհի մըն էր, Արցախի համար «հոգին տուած» ընկերուհի մը:

Մանուշակ Գիզիրեանի բոլորանուէր ծառայութիւնը ընդգրկեց նաեւ Համազգայինի եւ ՀՄԸՄ-ի գործադաշտերը: Ան Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի եւ ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի անդամ էր: Շրջան մը եղած է ՀՄԸՄ-ի վարչական, սկաուտական ներկայացուցիչ:

Յառաջացեալ տարիքին Մանուշակ Գիզիրեան փափաքեցաւ վերադառնալ ծննդավայր եւ իր վերջին հանգիստը գտնել այնտեղ: Հանգիստը երկար չտեւեց սակայն, 10 սեպտեմբերին ան մեկնեցաւ անդարձ: Բաժնուեցաւ ֆիզիքապէս, սակայն իր շունչն ու ոգին մնացին անմեռ, իսկ անբասիր դաշնակցականի օրինակը վառ` բոլոր անոնց մօտ, որոնք ճանչցան ու գործեցին հետը:

Յարգա՜նք իր յիշատակին, խոնարհում վաստակին:

 

 

Նախորդը

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական Քարոզչական Առցանց Բ. Համագումարը Սկսաւ Իր Աշխատանքներուն

Յաջորդը

Պատերազմի Դադրեցման Համար Պահանջները Չափազանցուած Են

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?