Պարսելոնայի պրազիլցի ծայրի յառաջապահ Ռաֆինիա վերջերս խօսած է իր ասպարէզի ժամանակին ունեցած դժուարութիւններուն մասին:
«Եթէ դուն տքնաջան կ՛աշխատիս եւ կը ցանկաս ֆութպոլի աշխարհին մէջ ասպարէզ ունենալ, չես կրնար յանձնուիլ: Ես շատ պատճառներ ունէի յանձնուելու, լքելու ֆութպոլը եւ շարունակելու իմ կեանքս: Ասիկա դուն քեզ ոչնչացնելու մասնագիտութիւնն է: Եղած են դէպքեր, երբ տուն կու գայի առանց գիտնալու, որ յաջորդ առաւօտ պիտի երթա՞մ փորձի, թէ՞ ոչ: Կու լայի եւ ասիկա եղաւ նաեւ Պարսելոնայի հետ: Ես կ՛աշխատիմ հոգեբանի հետ, քանի որ հասկցայ, թէ որքան կարեւոր է: Բոլորը պէտք է հոգեբան ունենան, քանի որ ատիկա շատ կ՛օգնէ: Եթէ դուն քեզի լաւ չնայիս, հոգ չտանիս, ֆութպոլը քեզ կը կործանէ: Շատ դիւրին է ընկճուիլը եւ հրաժարիլը ամէն ինչէ», ըսաւ Ռաֆինիա` «Ի.Էս.Փի.Էն.»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին:
Ռաֆինիա, որ 2022-ին միացաւ Պարսելոնային` Անգլիոյ Լիծ Եունայթըտէն, 68 մրցում կատարած է Պարսայի հետ` նշանակելով 16 կոլ:
Ան այս տարի 4 մրցումներու ընթացքին 3 կոլ նշանակեց եւ 2 էսիսթ կատարեց:
Նշենք, որ Ռաֆինիա մինչեւ 18 տարեկան Պրազիլի փողոցները ֆութպոլ կը խաղար եւ 2 տարի Աւայ խումբին հետ խաղալէ ետք, 20 տարեկանին մեկնած է Փորթուգալ, ուր սկսած է Վիթորիա Կիմարայելի, ապա Սփորթինկ Լիզպոնի հետ փայլիլ` Պրունօ Ֆերնանտեզի հետ մտերմանալով: 2019-ին ան միացաւ Ռեննի (Ֆրանսա), ապա 2020-ին` Լիծի: