Սան Մարինոյի ազգային խումբը իր պատմութեան մէջ առաջին յաղթանակը տարաւ պաշտօնական մրցումներու գծով:
Ազգերու լիկայի Դ. կարգի առաջին մրցումին, Ռոպերթօ Չեւոլլիի կոլը բաւարար էր, որ Սան Մարինօ յաղթէ Լիխթընշթայնի:
Այս յաղթանակը, ինչպէս նշեցինք, պատմութեան առաջին յաղթանակն էր Սան Մարինոյի, որ 171 պարտութիւն եւ 5 հաւասարութիւն արձանագրած էր իր 176 նախկին մրցումներուն:
2004-ին Սան Մարինօ բարեկամական մրցումի մը կրցած էր յաղթել նոյնինքն Լիխթընշթայնի, փորձ- մրցումի մը ընթացքին: