Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զախարովա. «Էլիզէի Պալատը Վայր Կը Փնտռէ «Նոր» Նոր Քալետոնիոյ Համար` Վրաստանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Ընտրութիւն Կատարելով»

Մայիս 21, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ըստ երեւոյթին, Էլիզէի պալատը ջղագրգիռ կերպով վայր կը փնտռէ «նոր» Նոր Քալետոնիոյ համար` Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ընտրութիւն կատարելով: Այս մասին Թելեկրամի վրայ գրած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:

Ան այսպէս մեկնաբանած է Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը Թիֆլիս հրաւիրելը:

«Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնը հրաւիրած է 26 մայիսին մասնակցելու Վրաստանի Անկախութեան օրուան` «վերջնականապէս ազատագրելու Կովկասը խորհրդային լուծէն եւ ռուսական ազդեցութենէն»: Ըստ երեւոյթին, Էլիզէի պալատը ջղագրգիռ կերպով վայր կը փնտռէ «նոր» Նոր Քալետոնիոյ համար` Վրաստանի եւ Հայաստանի միջեւ ընտրութիւն կատարելով», գրած է ան:

Զուրապիշվիլի «Լա Թրիպիւն տը Տիմանշ»-ին տուած հարցազրոյցին մէջ պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՛նչ կ՛ակնկալէ եւրոպացի ղեկավարներէն` խորհրդարանին մէջ այսպէս կոչուած «օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնքի» քննարկման եւ ատոր որդեգրման դէմ բողոքի ցոյցերու լոյսին տակ, նշած է Մաքրոնի այցելութիւնը:

«Էմանուել Մաքրոնը, 2018 թուականին իմ ընտրուելուս պահէն, ինծի խոստացած էր, որ պէտք է ատիկա ընէ` մինչեւ սեպտեմբերին նախընտրական քարոզարշաւի մեկնարկը, եւ ես զայն Վրաստան կը սպասեմ անկախութեան օրը` 26 մայիսին», ըսած է ան:

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Իր Ցաւակցութիւնը Կը Յայտնէ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Հոգեւոր Պետին

Յաջորդը

Պաշտօնական Երեւանը Կը Ցաւակցի Իրանեան Նախագահական Ուղղաթիռի Արկածին Առիթով

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?