Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշոտ Մելքոնեան. «Եթէ Մենք Ազգ Ենք Ու Մեր Ազգային Ողբերգութիւնը Պէտք Է Մոռացութեան Տանք, Ուրեմն՝ Սա Նոր Ողբերգութիւն Կը Նշանակէ»

Ապրիլ 19, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Աշոտ Մելքոնեանի համաձայն, անկարելի է գտնել ու ամբողջացնել Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած 1,5 միլիոն անմեղ զոհերուն անունները, ինչպէս Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը կ՛ըսէ։

«Առհասարակ կարելի չէ, քանի որ ցեղասպանութենէն ետք 4-5-րդ սերունդը հիմա կ՛ապրի, գտնել, թուաքանակ պարզել, ուղղակի անկարելի է։ Ժամանակին ատիկա կարելի էր՝ Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, ինչ որ, օրինակ, ըրած են Եոհաննես Լեփսիուսը կամ ուրիշներ։ Այդ ժամանակ որոշուած է, որ 1915 թուականին խօսքը կը վերաբերէր 1 միլիոն 350 հազար նահատակներու, իսկ 1916 թուականին ընդհանուր թիւը՝ Տէր Զորի, Ռաքքայի եւ այլ վայրերու մէջ, անցած է 1,5 միլիոնէն։

Օրինակ, մարդիկ ինչպէ՞ս կը պատկերացնեն՝ պարզել Վանի վիլայէթի կամ Էրզրումի վիլայէթի հարիւրաւոր գիւղերու բնակիչներու անունները, երբ գիւղեր կան, որոնք ի սպառ վերացած են, եւ  որեւէ մէկը ողջ չէ մնացած, որպէսզի կարենայ վիճակագրութիւն կազմել», 168.am կայքին հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Աշոտ Մելքոնեանը՝ խօսելով իշխանութիւններու այն յայտարարութիւններուն մասին, թէ պէտք է անուն առ անուն ամբողջացնեն Հայոց ցեղասպանութեան բոլոր զոհերուն անունները։

Աշոտ Մելքոնեանի համաձայն, նոյնիսկ դժուարացած են պարզել 24-25 ապրիլ 1915-ին ձերբակալուած մտաւորականներուն թուաքանակը։

«Յիշողութիւններով, մէկուն, միւսին պատմածներուն համաձայն՝ շրջանառութեան մէջ դրած էինք 600 մտաւորականի տուեալներ, ինչ որ դարձած էր դասակարգային ճշմարտութիւն։ Բայց թրքական պատմագիտական ընկերութեան նախագահ Եուսուֆ Հալաչօղլուն թիւ հրապարակեց՝ յղում տալով Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան, որ այդ գիշեր ձերբակալուած է ոչ թէ 600, այլ՝ 2345 հայ մտաւորական եւ ազգային գործիչ։ Ինչո՞ւ, ցոյց տալու համար, որ այդքան մարդ կը նախապատրաստէին հայերու ապստամբութիւն  Օսմանեան կայսրութեան դէմ, ատոր համար անոնք ճարահատեալ իբրեւ թէ դիմեցին ձերբակալութեան։ Ուրեմն՝ եթէ կարելի չէ եղած ճշդել մտաւորականներու թիւը յիշողութիւններով, թիւը կրնան ճշդել թրքական արխիւներու հիման վրա, ինչ որ, բնականաբար, մեզի մատչելի չէ։ Մարդիկ ինչպէ՞ս կը մտածեն 1,5 միլիոն մարդու անուն գտնել ու տեղաւորել ցուցակին մէջ՝ յականէ-անուանէ։ Կը կարծեմ՝ սա անկարելի բան է, գուցէ թելադրուած է նաեւ դուրսէն», շեշտեց Աշոտ Մելքոնեան։

Պատմաբանը չբացառեց, որ այս ճամբով կը փորձեն միս ու արիւն տալ պատմաբաններու այն յանձնախումբին, որ բազմիցս առաջարկուած է Թուրքիոյ կողմէ, ըստ որուն՝ պէտք է Հայոց ցեղասպանութեան հարցով զբաղի պատմաբաններու խումբը, ինչ որ Հայաստանը մշտապէս մերժած է։

Ինչ կը վերաբերի իշխանական պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանի այն յայտարարութեան, որ եթէ հրեաները կրցած են Ողջակիզումի զոհերու անունները ամբողջացնել, ապա ինչո՞ւ Հայաստանը չի կրնար, Աշոտ Մելքոնեան ըսաւ՝ թող մարդիկ լաւ իմանան, որ  հրեաները այդ գործընթացին սկսած են, սակայն այդպէս ալ չեն կրցած ընդհանուր յայտարարի գալ, քանի որ մարդիկ կան, որոնք անհետ կորսուած են, անոնց մասին տեղեկութիւններ չեն եղած։

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ հաւանակա՞ն է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւնը այս քայլով կը ցանկայ Հայոց պատմութեան էջերէն ի սպառ ջնջել Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ էջը, Աշոտ Մելքոնեան պատասխանեց.

«Եթէ մենք ազգ ենք եւ մեր ազգային ողբերգութիւնը պէտք է մոռացութեան տանք, ուրեմն՝ սա կը նշանակէ նոր ողբերգութիւն, որ, կը կարծեմ՝ հայ ժողովուրդը թոյլ պիտի չտայ։ Սա ամէնէն զգայուն խնդիրն է, թող մարդիկ չհամարձակին մեր ազգային ողբերգութեան վրայ եւս ձեռք բարձրացնել, սա անկարելի բան է։ Կայ սփիւռք, կայ հայ բնակչութիւն, որ յստակ գիտէ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է 1915 թուականին, առհասարակ Առաջին աշխարհամարտի տարիներուն եւ սկսած տակաւին 1890-ական թուականներէն, երբ 30 տարի ցեղասպան քաղաքականութեան պատճառով հայ ժողովուրդը զրկուած է  իր պատմական հայրենիքէն։ Այսինքն՝ ան ոչ միայն ֆիզիքապէս բնաջնջուած է, այլեւ զրկուած է սեփական հայրենիքէն, այս իմաստով մեր ողբերգութիւնը շատ աւելի խոր ու զգայուն է», եզրափակեց Աշոտ Մելքոնեան։

Նախորդը

Միջազգային Քրէական Դատարանը Կրնայ Հայերուն Դէմ Ցեղասպանութեան Համար Հետաքննութեան Ենթարկել Ալիեւը

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?