Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
ՍՕ Խաչի Մեծ Ընտանիքը Մայրերու Օրուան Տօնակատարութեամբ Մեծարեց Հայ Մայրերը
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕ Խաչի Շրջանային վարչութեան, Մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 22 մարտ 2024-ի յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով, ապա ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին նահատակներուն յիշատակը:
Բացման հայերէն խօսքով Շրջանային վարչութեան անդամ Մարալ Մանուէլեան լուսարձակի տակ առաւ յոգնիլ ու ընկրկիլ չգիտցող արարածին` մօր դերը ընտանիքին ու ազգին մէջ, որպէս զոհողութեան ու նուիրումի խորհրդանիշ: Ապա շեշտեց, որ 105-ամեայ ՍՕ Խաչը` որպէս ՀՕՄ-ի միաւորներէն մէկը, իր տասը մասնաճիւղերով եւ շրջանային յանձնախումբերով զօրակոչի ենթարկած է իր անդամուհիները` այլազան պայմաններու մէջ երկրի բոլոր շրջանները հասցնելու միութեան օժանդակութիւնները` իր համեստ լուման բերելով մարդասիրական վեհ գործին:
Արաբերէն բացման խօսքով ՍՕ Խաչի պետական վարչութեան ատենապետ Լենա Էլէյճեան դիտել տուաւ, որ Մայրերու տօնը իր խորհուրդով այլազան տօներ կը մէկտեղէ, որովհետեւ կ՛ընդգրկէ` սէր, գուրգուրանք, ծառայութիւն, դաստիարակութիւն եւ սերունդներու շարունակականութեան պահպանում: Ապա այս առիթով ողջունեց Սուրիոյ Առաջին Տիկինն ու երկրի նախագահը, որոնք մեծ կարեւորութիւն կու տան մեր ընկերութեան մէջ մօր ու կնոջ դերին:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ հայ մօր տիպարին նուիրուած տեսերիզ մը` «Եւ եղեւ մայր» խորագրով, որ պատրաստուած է ձեռնարկի կազմակերպիչ մարմինին կողմէ:
Օրուան հանդիսավար Շողիկ Տէր Պօղոսեան մերթ ընդ մերթ մէջբերումներով լուսարձակի տակ առաւ մօր դերը` որպէս դաստիարակի եւ հոգատար էակի:
Գեղարուեստական յայտագիրով Կալին Պալապանեան մեներգեց «Մոկաց հարսեր» ժողովրդական երգը` պարի ընկերակցութեամբ Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբի անդամ Ալիսիա Լախոյեանի: Իսկ «Իրաւունքը զէնքս է, պիտի դիմադրեմ» արաբական հայրենասիրական երգով հանդէս եկաւ Կարօ Գուշաքճեան:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան խօսքը արտասանեց Սիրան Ամպարճեան, որ շեշտեց, թէ ներկայիս ՀՕՄ-ի առաջնային պարտականութիւնը Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն զօրավիգ կանգնիլն է, որպէսզի չընկրկին ու կառչած մնան իրենց իրաւունքներուն:
ՍՕ Խաչի Շրջ. վարչութեան խօսքը արտասանեց ատենապետ Զեփիւռ Գէորգեան, գնահատելով միութեան շարքերուն մէջ ծառայող բոլոր խաչուհիները` շնորհաւորեց բոլոր մայրերը, որոնք լծուած են մարդակերտումի գործին: Ապա յայտնեց, որ ՍՕ Խաչը իր գործունէութեամբ հայանպաստ բազմաթիւ ծրագրեր կեանքի կը կոչէ: Գէորգեան այնուհետեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄ-ի Կեդր. վարչութեան, որ ինչպէս Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն, այնպէս ալ աղէտալի երկրաշարժէն ետք մօր գուրգուրանքով զօրավիգ կանգնեցաւ սուրիահայութեան:
Օրուան պատգամաբերն էր Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, որ յայտնեց, թէ մարդկային կեանքի մէջ իգական սեռի, մօր ներկայութիւնը կենսական է, իսկ հայկական իրականութեան մէջ մայրը աստուածատուր իր կոչումով եւ առաքելութեամբ հանդէս կու գայ:
Ապա դիտել տուաւ, որ երբ փորձենք խօսիլ մօր մասին, մեր աչքին առջեւ կը պատկերուի Ս. Աստուածածինը, որ ազնուութեան, պարկեշտութեան, հաւատարմութեան, մարդկութեան ու անբծութեան մարմնացումն է, որուն նայողն ու անոր նմանողը ճակատաբաց կը կանգնի մարդոց ու Աստուծոյ դիմաց:
Մակար սրբազան քանի մը պատկեր ներկայացուց Սրբուհի Մարիամի կեանքէն` սկսելով անոր յղութենէն, մինչեւ Աստուծոյ Միածին որդիին ծնունդ տալն ու դաստիարակելը, ինչ որ մեծ պատասխանատուութեան տակ կը դնէր զինք: Այլ խօսքով, Մարիամ Սուրբ Կոյսը մայրական աստուածատուր կոչումը կը ստանար:
Սրբազան հայրը շեշտեց, որ մայր դառնալը սոսկ բնական կոչում մը չէ, որովհետեւ մայրութեան կոչումին արժանացողը զԱստուած կը մարմնաւորէ:
Այնուհետեւ այլ փակագիծ մը բանալով` պարզեց, որ Սուրբ Կոյս Մարիամ նախօրօք հոգեկան, ընկերային, ֆիզիքական եւ բարոյական պատրաստութեամբ հասաւ մայրութեան շնորհին: Ան երեք տարեկանէն իսկ տաճար ընծայուեցաւ ու ազդու եւ գործուն մայր ըլլալու համար իր մէջ զարգացուց կարողութիւններ, ինչպէս` համեստութիւն, ազնուութիւն, ծառայասիրութիւն, Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն ապրելու ընդունակութիւն եւ այլն: 11 տարի պատրաստուելէ ետք Աստուսծ զինք ընտրեց եւ դարձուց Աստուածամայր:
Ան յայտնեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ազդու եւ գործուն մայրեր ըլլալ հետեւեալ արժանիքներով. առաջին` ուրիշներու նկատմամբ հոգատար ըլլալով եւ տագնապելով անոնց փրկութեան եւ բարօրութեան համար, երկրորդ` ընտանիքի անդամները առաջնահերթ նկատելով եւ կեանքին մէջ իրենց առաջնահերթութիւնները կարգաւորելով, երրորդ` գործուն եւ ազդեցիկ մայրը միշտ իր սիրելիներու կեանքին մէջ դրական ներկայութիւն կ՛ըլլայ եւ իր հանգիստը չի գերադասեր, չորրորդ` երբ ուրիշներ ներքին ապահովութեան զգացումով կրնան մօրմէն կախեալ ըլլալ, հինգերորդ` երբ ատակ կը դառնան ընտանիք եւ ոչ թէ սոսկ տուն կազմելու, վեցերորդ` երբ մեծագոյն քաջալերողը կ՛ըլլան իրենց ընտանիքին եւ սիրեցեալներուն, ու վերջապէս, երբ հոգեւոր կեանք կ՛ապրին` առաջնահերթութիւն նկատելով հոգեւոր դաստիարակութիւնը:
Ապա սրբազան հայրը թուեց քրիստոնեայ մօր յատկանիշները` մէջբերելով աստուածաշնչական համարներ:
Եւ վերջապէս սրբազան հայրը, որպէս մայրերուն նուէր, թարգմանաբար ներկայացուց պատկեր մը, ուր կը պարզուի կնոջ ստեղծումը Աստուծոյ կողմէ, երբ վեցերորդ օրը Աստուած երկար ժամանակ տրամադրելով անոր ստեղծման` զայն կ՛օժտէ բազմապիսի յատկութիւններով:
Բանախօսութեան աւարտին ՍՕ Խաչի Շրջ. վարչութեան ամբողջ ընտանիքին անունով ատենապետուհի Զեփիւռ Գէորգեան շնորհաւորեց սրբազան հօր արքութեան տիտղոսի արժանանալը Արամ Ա. կաթողիկոսին կողմէ, ինչպէս նաեւ` նոյն օրուան զուգադիպող սրբազան հօր տարեդարձը, եւ այս առիթներով խորհրդանշական յուշանուէր մը յանձնեց Մակար սրբազանին:
Տօնակատարութիւնը աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ ՀՕՄ-ի, ՍՕԽ-ի եւ Արցախի քայլերգներով:
ՍԵՄ–ականներ Այցելեցին Նահատակներու Մայրերուն
Սուրիահայ երիտասարդական միութեան անդամներ, երկրորդ տարին ըլլալով, կրցան յաջողցնել եւ աւանդութիւն դարձնել հալէպահայ նահատակներու մայրերուն այցելելու իմաստալից ծրագիրը` յիշելով եւ յարգելով մեր սիրելի նահատակներուն առիւծածին մայրերը:
Այս առիթով հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի. «Բոլորս ալ մէկ բռունցք դառնալով, կազմակերպեցինք սոյն աշխատանքը եւ խմբակ-խմբակ այցելեցինք նահատակներուն տուները` մեզի հետ ունենալով յուշանուէր մը:
Այս տարուան յուշանուէրը «Aloe-Vera» բոյսն էր, որուն իմաստը հետեւեալն էր. թէեւ բոլոր նահատակներուն աճիւնները հող դարձած են, սակայն անոնց յիշատակը եւ հոգին միշտ լուսաւոր մնալով` չեն թառամիր:
«Մեզի հետ ունէինք նաեւ գրութիւն մը` մայր Հայաստանի պատկերով զարդարուած, որ կը խորհրդանշէր հայ մայրերու զօրութիւնն ու կանգուն մնալը:
«Յիշենք մեր մայրերը, որովհետեւ իրենց շնորհիւ է, որ մենք կրցած ենք պայքարիլ եւ յաջողիլ մեր կեանքին մէջ: Իսկապէս մօր սէրը ուժ կը ներշնչէ»:
Միացեալ Նահանգներ
Զարեհ Վրդ. Սարգիսեան Պարկըրի Կողմէ Հայ–Ամերիկեան Թանգարանի Գերաններու Ստորագրութեան Ներկայացուց Առաջնորդը
21 մարտին Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ արք. Տօնոյեանի ներկայացուցիչ Զարեհ վրդ. Սարգիսեան ներկայ եղաւ Կլենտէյլի մէջ կառուցուելիք Հայ-ամերիկեան թանգարանի հողատարածքին վրայ տեղի ունեցած ձեռնարկին, որուն ընթացքին Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըր հանդիսաւոր կերպով ստորագրեց թանգարանին գերանները:
ՀՄԸՄ–ի 2024 Տարեշրջանի «Տիպար ՀՄԸՄ–ական»-ը` Արամ Պեքարեան
ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ այս տարուան` 2024-ի, «Տիպար ՀՄԸՄ-ական»-ի տիտղոսին պիտի արժանանայ ՀՄԸՄ-ի Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղի անդամ, վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ական Արամ Պեքարեանը` նկատի ունենալով անոր երկար տարիներու բեղուն գործունէութիւնը եւ համեստ ու ազնիւ նկարագիրով միշտ ծառայելու պատրաստակամութիւնը` ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ:
Դոկտ. Մայք Եւ Էվելինա Սարեան Ամոլը` ՀՄԸՄ–ի Նաւասարդեան 47-րդ Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ
ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ, որ շրջանի ՀՄԸՄ-ի Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերը եւ փառատօնը այս տարի դարձեալ մեծ շուքով պիտի կազմակերպուին` շնորհիւ Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահներ` ազգային բարերարներ դոկտ. Մայք եւ Էվելինա Սարեան ամոլին եւ անոնց դստեր` Քրիսթընին, դարձեալ ոգեւորելու համայնքիս մարզիկները, սկաուտները, երիտասարդները եւ անդամները:
Սարեան ամոլը գոհունակ սիրտով յանձն առած են սոյն հովանաւորութիւնը: Արդարեւ, անոնք իրենց յաջողութիւններուն բաժնեկից դարձուցած են հայ ազգը:
Իտալիա
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Տօնի Նշում
16 մարտին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մուտն ի վիրապ յիշատակութեան օրը Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր Հայ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` ձեռամբ Խաժակ արք. Պարսամեանի, ներկայութեամբ` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ Ուքրանիոյ եւ Լեհաստանի թեմի առաջնորդ Մարկոս եպս. Յովհաննիսեանի, Լեհաստանի հայոց հովիւ Մինաս աբղ. Հախվերդեանի եւ արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակութեան տարբեր երկիրներու հոգեւոր սպասաւորներու:
Լեհաստանէն, Պելճիքայէն եւ Իտալիոյ տարբեր համայնքներէն հայ ուխտաւորներ ժամանած էին Նափոլի` պատմական եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած Լուսաւորիչի մասունքները երկրպագելու եւ արարողութեան մասնակցելու:
Պատուոյ հիւրն էր Նափոլիի հոգեւոր առաջնորդի փոխանորդ Քայեթանօ Քասթելլօ եպիսկոպոսը, որ իր ողջոյնի խօսքը եւ քարոզը յղեց ներկաներուն:
Ան նախ Խաժակ արք. Պարսամեանին փոխանցեց վանքի նշխարներու պահոցէն դուրս բերուած հայոց սուրբի բանտարկութեան երկաթեայ անուրը (շղթայի օղակը) եւ շղթաները, որոնք տեղադրուեցան եկեղեցւոյ խորանին եւ ապա ներկաներուն յղեց քաղաքի առաջնորդ արքեպիսկոպոս Տոմենիքօ Փաթալիայի սրտագին ողջոյնները: Ան յիշեցուց, որ հայոց լուսաւորիչին յիշատակը սերտ կերպով կապուած է ո՛չ միայն իր անունը կրող վանքի, եկեղեցւոյ եւ փողոցի, այլեւ` քաղաքի պատմութեան հետ, քանդակուած` անոր 9-րդ դարու մարմարէ տօնացոյցին մէջ: Ան կարեւոր նկատեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին կողմէ հայ ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին ձգած բանտարկութեան եւ սոսկալի չարչարանքներու վկայութեան յիշատակումը Մեծ պահքի շրջանին:
Ապա Նափոլիի եպիսկոպոսը անդրադառնալով սեպտեմբերեան դէպքերուն` նշեց, որ տասնեակ հազարաւոր հայեր դրացի երկիրներու ծաւալապաշտական նկրտումներու պատճառով անասելի տառապանքներու ներքոյ ստիպուած եղան լքել Լեռնային Ղարաբաղը, եւ աղօթեց յանուն աշխարհի խաղաղութեան, եւ ի մասնաւորի` անոնց համար, որոնք ներկայիս ստիպուած են գտնուիլ Հայաստանի մէջ, իրենց տուներէն հեռու, մեր աշխարհի խուլ լռութեան ներքոյ:
Խաժակ արք. Պարսամեան, իր կարգին, ողջունեց Քասթելլօ եպիկոպոսը, նաեւ` բոլոր ներկաները, ապա իր պատգամը յղեց ներկայ հայ հաւատացեալներուն:
Պատարագի աւարտին, վանքի բակին մէջ տեղի ունեցած սիրոյ սեղանի ընթացքին Խաժակ սրբազանը միանձնուհիներու մեծաւոր մայր Ճովաննային նուիրեց Մայր Աթոռի Աստուածածինի եւ Մանկան փայտէ սրբապատկերը, իսկ վերջինս սրբազանին նուիրեց փոքր մասնատուփ-մետալիոն` մէջը զետեղուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի մասունքի բեկորը:
Պոլիս
Համշէնի Քերականութեան Շնորհահանդէս
17 մարտին Գատըգիւղի համշէնցիներու «Հատիկ» միութեան մէջ տեղի ունեցաւ Հուրիյէ Շահինի համշէնի բարբառի քերականութեան եւ Մահիր Էօզքանի նոյն լեզուի ինքնուսման համար գրի առած գիրքերուն գինեձօնը:
Երկու հեղինակները ծանօթացուցին իրենց աշխատասիրութեան ընդհանուր յատկութիւնները եւ ապա կայացաւ հանդիսատեսներու հետ երկխօսութիւն մը: Բացայայտ է, որ մինչեւ մօտիկ անցեալին համշէնցիներու մօտ տիրող տարակարծութիւնները մեծ մասամբ հասած էին որոշ եզրակացութեան, եւ սոյն ձեռնարկի հետեւողներու մօտ այդքան ալ հարցական չէր իսլամացած համշէնցիներու երբեմնի հայ ինքնութիւնը: Անոնք կը գիտակցէին, որ համշէներէն կոչուած առօրեայ խօսակցական լեզուն առանձին լեզու մը չէր, այլ հայերէնի մոռցուած բարբառներէն մէկը, որ մեկուսացման պայմաններու մէջ յաջողած է մինչեւ օրս գոյութիւնը պահել` առանց գիր ու գրականութեան: Կարծիքներու փոխանակումներ եղան մինչեւ մեր օրերուն հասնող այդ լեզուին յարատեւութիւնը ապահովելու համար:
Յունաստան
Ոսկրածուծի Փոխպատուաստման Հայկական Ծրագիրին Նուիրուած Ելոյթ
Կազմակերպութեամբ Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ գթութեան խաչի Շրջանային վարչութեան, 10 մարտին Թեսաղոնիկէի «Տէր Զաքարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ելոյթ մը` նուիրուած ոսկրածուծի փոխպատուաստման ծրագիրին:
Միութեան անունով բացման խօսքը կատարեց Էմմա Շառոյեան, որ ներկայացուց երկու գիտնականներուն` ոսկրուղեղի փոխպատուաստման ծրագիրի նախագահ բժշկուհի Ֆրիտա Ճորտանի եւ գործադիր տնօրէն բժիշկ Սեւակ Աւագեանի կենսագրական տուեալները:
Բժշկուհի Ֆրիտա Ճորտան նշեց, որ հայերը, որոնք հազարամեակներ ապրած են մեկուսացած միազգեայ կեանքով, եւ անոնց DNA -ը առանձնային է, ուստի եւ շատ անգամ կը նոյնանայ ու կը համընկնի այլ հայերու ծննդական յատկանիշներուն, աւելցնելով, որ այս երեւոյթը շատ կարեւոր է ոսկրածուծի փոխպատուաստման արդիւնաւէտութեան եւ DNA-ի համընկնելիութեան համար հայերուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Միջերկրական այլ հին ազգերու միջեւ, եւ` ոչ միայն: Նշուեցաւ, որ ոսկրածուծի համընկնելիութիւնը, ապա նաեւ պահանջարկը հայկական ծրագիրէն կը պատահի մեծ տոկոսով Թուրքիոյ հիւանդներու պարագային, երեւոյթ մը, որ գիտական եւ կենսաբանական օրինաչափութիւն մը կու տայ Թուրքիոյ մէջ հայկական արեան գոյութեան մասին, որ հաւանաբար բռնի ամուսնութիւններու արդիւնքն էր հայ իգական սեռին պատկանող հայերու պարագային, Ցեղասպանութեան ժամանակ:
Բժիշկ Սեւակ Աւագեան, որ յայտնի եւ հանրածանօթ անձնաւորութիւն մըն է նաեւ ՀՕՄ-ի ընտանիքէն ներս, տրուած ըլլալով, որ ան երկար ժամանակէ ի վեր ՀՕՄ-ի Ախուրեանի Մօր եւ մանկան ծննդատան գործադիր տնօրէնն է, ներկայացուց յաջողութեան եւ համաշխարհային ճանաչելիութիւն վայելող փոխպատուաստման ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ արհեստագիտական մասը: Ան նշեց ծրագիրին կարեւորութիւնը` որպէս DNA-ի տուեալներու պաշար` նաեւ, Հայաստանի զինուած ուժերուն համար, քանի որ հայ զինուորն ու սպան պէտք է ծառայեն քաղաքացիին եւ իրենց կողքի զինուորին: Գեղեցիկ զուգադիպութիւն մը եղաւ սոյն ձեռնարկին 8 հայ յատուկ ջոկատայիններու անակնկալ մասնակցութիւնը, որոնք քանի մը ամիսով ժամանած են հիւսիսային Յունաստան` զինուորական վերապատրաստման համար: Երիտասարդ զինուորականները եւ այլ տեղացի հայրենակիցներ ելոյթէն անմիջապէս ետք լրացուցին իրենց տուեալները եւ արձանագրուեցան` որպէս ոսկրածուծի նուիրատու: