– Սահհարը եկաւ, գետինը զելզել եղաւ, ալաֆ ելաւ:
Բակին մէջ աշակերտ մը ընկերներուն կը պատմէր դիտած շարժապատկերը, երբ ես առաջին անգամ Մեսրոպեան վարժարան կը մտնէի 1979-ի առաւօտ մը:
Երկրորդականի դասարաններուն համար հայ գրականութեան ուսուցիչի կարիք կար եւ Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան շրջանակի հեղինակաւոր պատասխանատուներէն տէր եւ տիկին Հապիպ եւ Մարի Չաքմաքեաններ` պատուական, ազնուական հայորդիներ, ինծի առաջարկած էին, որ դպրոցի տնօրէն Մեսրոպ վրդ. Ճուռեանին ներկայանամ: Մինչ այդ ես թէեւ տարի մը պաշտօնավարած էի Գահիրէի Գալուստեան վարժարանին մէջ, սակայն ընդհանրապէս անկէ առաջ եւ ետք, լիբանանեան դէպքերու ընթացքին, Տորայի մայր ճամբուն մէկ անկիւնը, մայթին վրայ գլխարկ կը ծախէի:
Դպրոցի բակին մէջ երբ լսեցի «հայերէն» նախադասութիւնը եւ տեսայ «սահհար»-ի ժապաւէններ դիտող աշակերտները, մտածեցի, որ զանոնք Մեծարենցով, Չարենցով, Համաստեղով խանդավառելը բնաւ իմ գործս չէ, եւ որոշեցի անմիջապէս հեռանալ: Ետ դարձայ, բայց պահակը ըսաւ, որ տնօրէնը զիս կը սպասէ: Ըսի` ելլեմ, պատրուակ մը փչեմ, հեռանամ:
Վարդապետը յայտնապէս արտաքինէս դժգոհ, պահ մը լուռ նայեցաւ անխնամ մազերուս, երկար մօրուքիս, մաշած ճինզիս, առանց գուլպայի էսպատրիններուս, ապա հարցուց.
– Կրնա՞ս այս տղաքը կառավարել:
– Այո՛,- անակնկալ դուրս թռաւ բերնէս, մինչ ես պատրաստուած էի «ոչ» ըսել:
Տնօրէնը զիս տարաւ 12-րդ դասարան, եւ երբ կ՛ուղղուէինք դէպի ուսուցիչին գրասեղանը, առջեւի շարքը նստած աշակերտ մը քովինին ըսաւ.
– Լա՛ն, ես ասոր գիտեմ, փողոցը գլխարկ կը ծախէ:
Ի՞նչ կ՛ըլլաք: Այդ չեղայ: Ձեւացուցի, թէ չլսեցի:
– Ասիկա ձեր հայերէնի ուսուցիչն է, իրեն ըսած եմ, որ դասերը շատ ծանր չընէ: Արտօնութիւն ունեցողները կրնան ներկայ չըլլալ այս պահերուն,- ըսաւ տնօրէնը եւ քալեց դէպի դուրս:
Չորս-հինգ աշակերտ հետեւեցան անոր:
Ո՜չ, շատ եղաւ, ա՛լ պէտք չէ մնալ:
Սկսայ քալել դէպի դուրս, բայց անգիտակից մղումով մը դուռը փակեցի եւ վերադարձայ տեղս: Քանի մը երկվայրկեան դիտեցի դէմս նստած շուրջ 30 աշակերտները, որոնք յայտնապէս սպասողական վիճակի մէջ էին բան մը ընելէ առաջ, երբ յանպատրաստից սկսայ խօսիլ:
Մօտաւորապէս քառասուն վայրկեան ի՞նչ բաներու մասին խօսեցայ, անկեղծ չեմ յիշեր, միայն զանգը երբ հնչեց, եւ պահը վերջացաւ, բոլորը շուրջս հաւաքուեցան: Սկսաւ տարաբնոյթ հարցումներու տարափ մը. ֆութպոլի միջազգային ո՞ր հաւաքականին կամ ակումբին համակիր էի, ո՞ր դերասանը կը սիրէի, «Սթար Ուորզ» ժապաւէնը հաւնա՞ծ էի, Մայքըլ Ճեքսընի երգերը մտիկ կ՛ընէի՞, հայկական հողերը կարելի՞ է ազատագրել, ո՞ր փողոցին մէջ գիշերը տղոց հետ պահակ կը կենայի եւ այլն: Հարցումները կը շարունակուէին, մինչ յաջորդ դասի ուսուցիչը դուրսը կը սպասէր…
Յաջորդ օրը այն տղաքը, որոնք արտօնութիւն ունէին հայերէնի դասապահերուն չմասնակցելու, եկան ըսելու, որ կ՛ուզեն ներկայ գտնուիլ դասերուն:
Եւ սկսաւ արկածախնդրական հեքիաթը…
Հայ գրականութեան դասագիրքէն աւելի` նախաձեռնուեցան գիրքերու ընթերցանութիւն, արտադասարանային եւ արտադպրոցական գործունէութիւններ:
Խմբակ մը դասերէն ետք դպրոց մնալով` շաբաթական հերթականութեամբ պատրաստեց աշակերտական պատի թերթը, այլ խմբակ մը մաս կազմեց սինէ քլապին, աւելի մեծ թիւով աշակերտներ` ֆութպոլի խումբին, կազմակերպուեցան ընդհանուր զարգացման եւ արտասանական մրցումներ:
Արտադպրոցական գործունէութեան ծիրին մէջ գրական հետաքրքրութիւններ ունեցող աշակերտներ անդամակցեցան Համազգայինի Պ. Համուտի մասնաճիւղի Գրասէրներու շրջանակին: Համազգայինի շրջանային վարչութեան գրատարած գործադիր յանձնախումբը կազմուեցաւ Մեսրոպեանի բարձրագոյն դասարաններէ 12 աշակերտներով, որոնց վստահուեցաւ «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցող ամէն ձեռնարկի գիրքի ցուցահանդէս-վաճառքը, որ մեծ ձեռնհասութեամբ իրականացուցին: Դերասանական հետաքրքրութիւններ ունեցող քանի մը աշակերտներ միացան Համազգայինի Պ. Համուտի մասնաճիւղի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին եւ դերեր ստանձնեցին ներկայացումներու մէջ: Պէյրութի շարժապատկերի սրահներուն մէջ դասարանով դիտեցին այդ օրերուն ցուցադրուող լաւագոյն ժապաւէնները, ներկայ գտնուեցան լիբանանեան եւ հայկական մշակութային ձեռնարկներու, որոնց մասին քննարկումներ եղան դասապահերուն: Քանի մը աշակերտուհիներ միացան «Վանայ Ձայն»-ի անձնակազմին, յայտագիրներ պատրաստեցին եւ հաղորդեցին:
Միաժամանակ կը սաստկանային լիբանանեան ներքին կռիւները, անակնկալ ռմբակոծումները, կ՛առեւանգուէին եւ կը սպաննուէին հայեր, հայ ղեկավարներ, Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ հայ ազատամարտիկներ կը հարուածէին թրքական թիրախներ, տեղի կ՛ունենար Գիւմրիի երկրաշարժը, Հայաստանը կ՛անկախանար, Շուշին կ՛ազատագրուէր: Այս դէպքերուն մասին ծրագրուած կը խօսուէր դասարանին մէջ, կարծիքներ կ՛արտայայտուէին:
Արտադասարանային եւ արտադպրոցական բեղուն գործունէութիւնները, լիբանանեան եւ հայկական ճակատագրական իրադարձութիւնները հարստացուցին, ամրապնդեցին այս համակրելի աղջիկներուն եւ տղոց զգայուն սրտերը, նուրբ հոգիները, հայկականութիւնը:
Եւ զարմանալի չէր, որ անոնցմէ շատեր ինքնաբուխ անդամակցեցան հայկական կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու, ուր մինչեւ այսօր կը գործեն որպէս անշահախնդիր ղեկավարներ, հեղինակաւոր պատասխանատուներ, նուիրեալ, գործունեայ անդամներ:
Բոլորը իրենց ասպարէզներուն մէջ եղան յաջող անձեր, յանձնառու հայեր:
Անոնք օժտուած էին ունակութիւններով, որոնք շնորհիւ Մեսրոպեան վարժարանին` ծաղկեցան եւ այսօր իրենց գեղեցիկ գոյներով կը զարդարեն մեր ազգային կեանքը:
Երբ ես սկսայ պաշտօնավարել, Մեսրոպեան վարժարանը 40-ամեայ տարեց մըն էր, քիչ մը դպրեվանք յիշեցնող (միայն տղաք էին): Այսօր 85-ամեայ երիտասարդ մըն է` շնորհիւ իր նախկին աշակերտներէն Կ. Գալուստին, որ ստանձնելով մեր իրականութեան մէջ տնօրէնի դժուարագոյն առաքելութիւնը` դպրոցը վերածեց ժամանակակից կրթական հաստատութեան մը, ուր համաշխարհային, լիբանանեան եւ հայկական արժէքները իրարու հաւասար սրբութիւններ են, ուր տնօրէնը կը քաջալերէ, կը մղէ ուսուցիչները` իրենց մասնագիտութեաց մէջ նոր դասընթացքներու հետեւելու, նոր վկայականներ ստանալու, ուր աշակերտներ նուաճումներ կ՛արձանագրեն:
Ուր «սահհարը» այլեւս վերածուած է կախարդի, զելզելը` երկրաշարժի, ալաֆը` կրակի:
Շուրջ 45 տարի առաջ սկսած այս արկածախնդրութեան համար շնորհակալ եմ Մեսրոպեան վարժարանի այդ հրաշք տղոց եւ աղջիկներուն, որոնք հարազատ ընկերոջ մը նման հաւատացին, վստահեցան ինծի եւ ընդունեցին իրենց ստեղծած հրաշալի հեքիաթին մէջ:



